Արխիւ
ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Սարկաւագը այս ընթացքին ի՞նչ կը քարոզէ:
Պատասխան. Աղօթական ձեւով փառք կու տայ Աստուծոյ՝ ժողովուրդին կողմէ ու կ՚ըսէ.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ահաւասիկ, հետաքրքրական միջադէպ մը՝ երաժշտական աշխարհի մեծագոյն թենորին՝ Էնրիքօ Քարուսոյի կեանքէն, ուր կը յայտնուի հանճարին սղագին արժէքը։
Երգապնակներ պատրաստող երկու ճարտարագէտներ ապշահար եղած են իրենց առջեւ կանգնող մարդուն յանդգնութենէն։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ տեսաքոնֆերանս մը իրականացուցին Եւրոմիութեան հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվեր Վարհէիի հետ։ Այս վերջինը նոր նշանակուած է իր պաշտօնին։
Հայաստանի Շրջակայ միջավայրի նախարար Էրիք Գրիգորեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրեց համապատասխան հրամանագիրը, որով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիմումին ընդառաջ Էրիք Գրիգորեան ազատուեցաւ նախարարի պաշտօնէն։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ ծաւալուն ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս:
«Ես կ՚ուզեմ արձանագրել, որ Հանրապետութեան մէջ հաստատուած է ժողովրդավարական կայունութիւն»:
Նախագահ Էրտողան. «Եթէ կանոններուն խստագոյնս չհնազանդինք, ապա փոխարժէքը բոլորով կը վճարենք»:
Համաճարակի դէմ պայքարի սահմանափակումներու մեղմացման ճանապարհին միշտ նախազգուշական միջոցներ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ո՛չ պատերազմ տեսած եմ, ոչ ալ ապրած։
Իմ յուշերու մատեանին մէջ ան շատ աղոտ է։ Երբեմն կցկտուր, շարժուն պատկերներ ու դրուագներ կը կենդանանան իմ աչքի առջեւ. հեռուէն՝ մշուշի մէջէն ձայներ կը հասնին իմ ականջներուն։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը դժբախտաբար իր մահկանացուն կնքեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Ան վարակուած էր քորոնաժահրով ու երկար ժամանակէ ի վեր կը մնար դարմանման տակ։
ԵՐԱՄ
Արդէն մտեր էին Թեհրան։
Ֆարզատ քեռիի փրչոտ թեւերուն տակ դարձեր-դարձեր էր խոշոր ղեկը բեռնակառքին, անցեր էին ոլորաններով, իջեր վար բարձրունքներէն, եւ ի վերջոյ մտեր քաղաք։
Աշխարհահռչակ ֆութպոլի աստղ, Թուրինի «Եուվենթուս» խումբի փորթուգալցի յարձակող Քրիստիանօ Ռոնալտօ վերադարձած է Իտալիա: Այս մասին կը գրէ Football Italia-ն: Ռոնալտոյի սեփական ինքնաթիռը ժամանած է Թուրին, մայիսի 4-ին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վա՜յ աշխարհին, քանի գայթակղութիւնները անպակաս են հոն։ Գայթակղութիւններ անպայման պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 7)։
Չինաստան բացած է երկաթուղային բեռնափոխադրումներու նոր ուղի մը դէպի Եւրոպա։ Այսպէս, Չինաստան-Եւրոպա երկաթուղային բեռնափոխադրումներու նոր ուղին, որ կը կապէ չինական Եու քաղաքը Լիթվայի մայրաքաղաքին՝ Վիլնիուսի հետ, բացուած է մայիսի 4-ին:
Ֆրանսայի մէջ շուներուն կը սորվեցնեն գտնել քորոնաժահրով վարակուած հիւանդները։ Այսպէս, Ֆրանսայի ծինաբանները կը փորձարկեն քորոնաժահրով վարակուածները գտնելու նոր մեթոտը՝ շուներուն սորվեցնելով զանազանել վարակուածներու հոտը:
Նոր Զելանտան դեռ երկար ժամանակ չի բանար սահմանները օտարերկրացիներու համար։ Այսպէս, Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճասինտա Արտերն յայտարարած է, որ, քորոնաժահրով պայմանաւորուած, դեռ երկար ժամանակ չի պատրաստուիր բանալ սահմանները օտարերկրացիներու համար:
Երեւանի մէջ կը տեղադրուի Մահաթմա Կանտիի յուշարձանը։ Այսպէս, Երեւանի Հալաբեան եւ Մարգարեան փողոցներու միջանկեալ զբօսայգիի տարածքին կը տեղադրուի Մահաթմա Կանտիի յուշարձանը։
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը 2020 թուականին հաւանաբար տեղի կ՚ունենայ նոյեմբերի 1-8 թուականներուն միջեւ։ Այսպէս, այս մասին հաղորդագրութիւն մը զետեղուած է փառատօնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին մէջ։
Հայ երգիչներն ու դերասանները երգով շնորհակալութիւն կը յայտնեն Հայաստանի բուժաշխատողներուն։ Այսպէս, խումբ մը երգիչ-երգչուհիներ, դերասան-դերասանուհիներ երգով շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր բուժաշխատողներուն, որոնք համավարակի այս ծանր օրերուն անձնուիրաբար կ՚աջակցին մարդոց ու կ՚օգնեն անոնց, որպէսզի անոնք վերագըտ-նեն իրենց առողջութիւնը։
Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Հայաստանէ ներս հաստատուած սահմանափակումներու աստիճանական մեղմացման գործընթացը սկսած է։ Երկրէ ներս բոլոր հարթակներու վրայ կը հնչէ այն պատգամը, թէ առօրեայի բնականոնացման ճանապարհին համաճարակի դէմ պայքարի մէջ պատասխանատուութեան բաժին կը վիճակի իւրաքանչիւր քաղաքացիի։
Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը՝ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու ժողովրդավարութեան բարելաւման վերաբերեալ իր զեկոյցին մէջ բարձր գնահատանքի արժանացուցած է Հայաստանի ձեռքբերումները, որոնք արձանագրուած են վերջին երկու տարուան ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստան արձանագրած է Freedom House-ի զեկոյցի պատմութեան մէջ ժողովրդավարացման ամենաբարձր ցուցանիշը։
Կովկասի մահմետականներու առաջնորդ եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ նամակ մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան այս առթիւ կոչ ուղղեց, որպէսզի Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները չեղարկուին։