Արխիւ
«Չըփլաք այաքլար քումփանեասը»ի Թոփհանէի աշխատանոցին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շահեկան ձեռնարկ մը, որ խորագրուած էր «Հէր ան հէր շէյ օլապիլիր»։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օդանաւներ, գնացքներ, կառքեր… Ձմեռնային տասն օրուան ճանապարհ: Երեւանէն դուրս եկանք այն օրերուն, երբ Հայաստանի մէջ կրիփի առաջին տեսակի H1N1 ենթատեսակի բռնկում կար, դպրոցները գոց էին, հիւանդանոցները լեցուն՝ հիւանդներով, կը յայտարարուէր, որ կրիփի վիրիւսը Հայաստան հասած է դուրսի երկիրներէն, եւ օդանաւերու, գնացքներու, կայանատեղիներու, օդակայաններու եւ բոլոր մարդաշատ վայրերու մէջ, ուրկէ անցանք տասը օրը, ամէն մէկ փռշտացող, հազացող կամ պաղառութեան նշան ունեցող անձ մեզի համար «զինուած» վարակակիր էր, որմէ քիչ մը արդէն զաւեշտի հասնող զգուշութեամբ կը փորձէինք հեռու մնալ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ժողովուրդէն մէկը Յիսուսի ըսաւ.- Վարդապե՛տ, ըսէ՛ եղբօրս որ մեր հօր ձգած ժառանգութենէն իմ բաժինս տայ ինծի։
Երէկ, Բարեկենդանի առթիւ ոգեւոր օր մը ապրուեցաւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի ձեռամբ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ Կոմիտաս Դպրաց Դաս-երգչախումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը։
Վաքըֆլըգիւղցիներու Հայրենակցական միութիւնը շաբաթավերջին կազմակերպեց Բարեկենդանի խրախճանք մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Նարլըգաբուի եկեղեցւոյ յարակից Սեբաստացիներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն նախագահեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Երեկոյթին մասնակցեցան Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ եւ համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը պատնէշի վրայ կը մնայ իր փայլուն անցեալով եւ ապագայատեսիլ վերանորոգ գործունէութեամբ:
Անվտանգութեան ուժերը Տիարպաքըրի մէջ կը շարունակեն լայնածաւալ գործողութիւնները ու ծանր հարուածներ կը հասցնեն ահաբեկիչներուն։ Այդ գործողութիւնները մասնաւորապէս կեդրոնացած են Սուրի շրջանին վրայ։ Ծանօթ է, որ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին ալ կը գտնուի նոյն շրջանին մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Մարկոթ Վալշթրէօմ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ այսօր կ՚այցելէ Թուրքիա։ Անգարայի մէջ ան կը տեսակցի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ։ Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան գաղթականներու վերաբերեալ խնդիրները։
Տեմիրճիներու Էլմատաղի բնակարանին վրայ սահմռկեցուցիչ յարձակում եւ կողոպուտ:
87-ամեայ ոսկերիչ Յակոբ Տեմիրճի տմարդի ձեւով սպաննուեցաւ իր տան մէջ, նոյն դէպքին հետեւանքով վիրաւորուած կողակիցը՝ 79-ամեայ Սեդա Այտա Տեմիրճի դարմանման տակ:
Թուրք-հայ մշակութային համագործակցութեան հետամուտ ծրագրի մը շրջագծով կը նախատեսուի համերգներու շարք մը ներկայ տարուան համար:
Շաբաթավերջին Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսով մը ծանօթացուեցաւ նախագիծը: Նախաձեռնարկները այցելեցին նաեւ Պատրիարքարան, ուր բացատրութիւններ տուին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին:
Գահիրէի մէջ 31 Յունուար-8 Փետրուար թուականներուն տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ միջեկեղեցական աստուածաբանական յանձնախումբին հերթական ժողովը։
Հայ եկեղեցին այսօր թեւակոխած է Մեծ պահոց շրջանը։ Շրջան մը, որ կը կոչուի Քառասնորդական պահեցողութեան շրջան կամ ժողովրդային բացատրութեամբ աղ ու հացի շրջան։
Բուն Բարեկենդանի առթիւ շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան աւանդական խրախճանքներ։ Թէ՛ Երեւանի մէջ եւ թէ արուարձանային շրջաններէն ներս, նաեւ երկրի մարզերուն մէջ տօնակատարութիւնները ստեղծեցին մեծ ոգեւորութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կրօնական եւ բարոյական կեանքին հետ սերտ յարաբերութիւն մը կայ շրջանը այն շաբաթներուն՝ որ կը կոչուի «Մեծ Պահք»։ Եթէ ո՛չ ժամանակակից ընկերական եւ ընտանեկան, բայց անցեալի սովորութիւններու մէջ կարեւոր տեղ մը ունէր այս շրջանը։ Խանդավառութիւն, եռուզեռ, պատրաստութիւններ տուներու եւ ընտանիքներու մէջ՝ որոնք տպաւորուած կը մնան յիշատակներու մէջ միայն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիական պատերազմի արհաւիրքով պայմանաւորուած Միջին Արեւելքի կեդրոնական գաղութներէն՝ սուրիահայ գաղութը մեծ տեղաշարժերու ենթարկուեցաւ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու կը պատրաստուի այցելել Լիբանան։ Դէպի Պէյրութ իր ուղեւորութիւնը պիտի կայանայ Լիբանանի Վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաւէրին ընդառաջ։
Միջազգային բեմահարթակի հրատապ իրադարձութիւններուն բերումով Թուրքիոյ ուշադրութիւնը ներկայիս առաջնահերթօրէն կեդրոնացած է Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն վրայ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ կարեւոր ծրագիր մը:
Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան կանգ առաւ հովուական աշխատանքներուն առաւել եւս թափ տալու անհրաժեշտութեան վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ ժողովուրդին ընկերական, ընտանեկան եւ բարոյական կեանքը սերտօրէն կապուած է կրօնական հաւատալիքներու եւ աւանդութիւններու հետ։ Եւ ահաւասիկ ասոնցմէ է նաեւ «Բարեկենդան»ը՝ որ անցեալի մէջ, եւ այսօր ալ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ մանաւանդ ընտանեկան միջավայրերուն մէջ։
Ճաբոնական Հոկաիտօ կղզիին վրայ երէկ սկսած է ամենամեայ «Ձիւնի եւ սառոյցի փառատօնը», որու շրջանակներէն ներս տաղանդաւոր քանդակագործներ միլիոնաւոր մարդոց դատին կը յանձնեն սառոյցէ ու ձիւնէ պատրաստուած իրենց հսկայական աշխատանքները: