Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020

Վաղը՝ 6 յունիսին տարեդարձը կը տօնենք Արամ Խաչատուրեանի։ Ան հայ ժողովուրդն ու հայկական մշակոյթը համաշխարհային հռչակի արժանացնող եւ միջազգային արուեստասէր հասարակութեան սիրելի դարձնող մեծանուն հայն է։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020

Ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ ուշ երեկոյեան հրապարակեց շրջաբերական մը, որով այս շաբաթավերջին դարձեալ փողոց դուրս գալու սահմանափակում պիտի հաստատուէր Թուրքիոյ մեծ քաղաքներէն ներս՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ծիրին մէջ։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ մեկնաբանելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ վերջին շրջաններուն կատարուած ռազմատենչ յայտարարութիւնները։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020

Հարապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Լիպիոյ վարչապետ Ֆաիզ Էս-Սարրաճը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան երկար ընդհատումէ մը վերջ ընդունեց օտարերկրեայ ղեկավար մը։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Նորին Ամենապատուութիւնը 18 մայիս 2020 թուականին հեռախօսային կապ հաստատելով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ տիար Սիմոն Չեքէմի եւ զոյգ տնօրէններ՝ տիկին Սաթենիկ Նշանի ու օրիորդ Առլին Եշիլթեփէի հետ Պատրիարքարան հրաւիրած էր զիրենք հանդիպման համար։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020

Պատրիարքական Աթոռոյս նախորդ գահակալ՝ երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի Շիշլիի Ազգային գերեզմանատան հողակոյտի վրայ տեղադրուած է դամբարանը, ծրագրաւորումով ճարտարապետ Վազգէն Պարընի։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, նախապէս հրապարակուած էր, թէ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոշած էր յառաջիկայ ամիսներուն վերջ տալ Էսաեան վարժարանի զոյգ տնօրէններ՝ տիկին Սաթենիկ Նշանի ու օրիորդ Առլին Եշիլթեփէի պաշտօններուն։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020

Անպաշտօն աղբիւրներէ կը տեղեկանանք, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ համայնքային խորհրդակցութիւն մը։ Ըստ մեր ունեցած լսումներուն, հիւանդանոցի մէջ ժողով մը կը գումարեն ատենապետները մեր այն համայնքային հաստատութիւններուն, որոնց հովանաւորութեան տակ կը գործէ վարժարան մը։ Դպրոցներու մատակարարութեան հարցը այս շրջանին լուրջ մարտահրաւէր մը դարձած է մեր համայնքին տեսակէտէ։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Պատրիարքական Աթոռը իր հիմնադրութենէն ի վեր եղած է համայնքիս կեդրոնն ու վերին իշխանութիւնը՝ բոլոր հոգեւոր եւ այլ ոլորտներէ ներս։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բժիշկներու օրհնութեան կարգ։ Սուրբ Գայիանէի վանքի երդիքին տակ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ օրհնուեցան բժիշկներ եւ բուժաշխատողներ։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ 

-Զաւէնիկ, անունդ ի՞նչ է։
-Մէմի։
-Ըսէ Զաւէն։
-Մէմի։
-Զաւէն ըսէ՛,- կը շարունակեմ պնդել ես։
-Մէմի, մէմի…
Օրեր առաջ սորվեցանք, որ Զաւէնիկը ոչ միայն իր ընկերները, այլ նաեւ ինքզինքը կը կոչէ՝ մէմի։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Զանազան հանգամանքներու բերումով ամբողջ աշխարհի տարածքին սփռուած հայերը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն (1939-1945), աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու հետ մարտնչած եւ մեծ ներդրում ունեցած են ֆաշականութեան դէմ պայքարին մէջ: Այս առումով առանձնայատուկ ձեւով կը յիշուի ամերիկահայերուն մասնակցութիւնը պատերազմին:

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջերս աւարտեցի հայազգի մեծ գրող, բանաստեղծ եւ հրապարակագիր Վահան Թէքէեանի «Երկու Դրախտներ - ցիրուցան էջեր» գիրքը, որ լոյս տեսած է 2017 թուականին Իսթանպուլի մէջ, որպէս «ԺԱՄԱՆԱԿ 100 տարի» մատենաշարի հինգերորդ հրատարակութիւնը: Գիրքը կազմած, խմբագրած է ու ծանօթագրած է Սեւան Տէյիրմենճեանը, իսկ յառաջաբանը գրած է՝ Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանը:

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընդհանրապէս «պատիւ»ը ըմբռնուած է նիւթական արժէքի մը պէս՝ պատիւը շատերու համար նիւթական բանի մը պէս կը տեսնուի, ճիշդ ինչպէս դրամը, գործը, տունը նիւթական արժէքներ են։ Սակայն պէտք է գիտցուի, թէ «պատիւ»ը այդ նիւթական արժէքներու պէս չէ։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020

Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները հրաժարեցան մասնակցելէ Պատրիարքարանի՝ այս առաւօտեան խորհրդակցութեան:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախաձեռնած երկխօսութեան առիթը դժբախտաբար մսխուեցաւ: Գումգաբուի մէջ զօրակցութեան ցոյց՝ ի նպաստ տնօրէնուհիներուն:

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020

Ամերիկահայ բազմաթիւ ձեռներէցներ լրջօրէն կը տուժեն վերջին օրերուն հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ:
Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան յաջորդած զանգուածային անկարգութիւնները մեծ վնասներ կը պատճառեն գործարարներու համար:

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020

Աշխարհահռչակ թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան առցանց հարթակի վրայ համայն երեխաներուն նուիրեց Չայքովսքիի երկերէն մին։ Աշխարհի բոլոր մանուկներուն ձօնուած էր իր կողմէ մեկնաբանուած Չայքովսքիի ստեղծագործութիւնը եւ այդ մէկը հրապարակուեցաւ Հախնազարեանի Դիմագիրքի պաշտօնական էջին վրայ։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկի հիման վրայ Ծովինար Համբարձումեանը նշանակեց Հռոմի մօտ Հայաստանի դեսպան։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին գործողութեան եւրոպական ծառայութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ, քաղաքական տնօրէն Էնրիքէ Մորա Պենավենթէի հետ։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ այս շաբաթավերջին փողոց դուրս գալու սահմանափակում չէ նախատեսուած Թուրքիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, 65 տարեկանէ վեր եւ 18 տարեկանէ վար քաղաքացիներու պարագային սահմանափակումները նոյնութեամբ պիտի շարունակուին։

Էջեր