Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան հանդիսապետեց Շիշլիի գերեզմանատան հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Անմոռանալի աշխարհահռչակ վարպետ Արա Կիւլէրի շիրիմը ուխտավայր մը դարձած է իր սիրելիներուն համար:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019

Տ. Գարեգին Արքեպսկ. Պեքճեան նամակով մը տեղեկացուց, որ պիտի չառաջադրէ իր թեկնածութիւնը:
Պատրիարք ընտրուելու անխուսափելի թեկնածուները դարձան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան:

Կիրակի, Հոկտեմբեր 20, 2019

Պատրիարքական թեկնածուներէն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նամակով մը տեղեկացուցած է, որ պիտի չառաջադրէ իր թեկնածութիւնը յառաջիկայ ընտրութեան համար՝ ի զօրակցութիւն այն սրբազաններուն, որոնք դուրս մնացած են գործընթացէն կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն պատճառով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Անյագ մարդը անգո՛ւթ է նաեւ, քանի որ չի կրնար զսպել եւ չափաւորել իր կիրքերը։ Ան իր նպատակին հասնելու համար ամէն միջոց արդարացի կը նկատէ, բայց իր անյագութեան պատճառով երբեք չի կրնար հասնիլ իր նպատակին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ազգի մը գոյութիւնը եւ ինքնութիւնը պայմանաւորուած է հողով, հայրենիքով, պետականութեամբ եւ իր սեփական լեզուով ու մշակոյթով։ Ամէն ազգ իրաւունքը ունի իր իւրայատուկ ինքնութիւնը պահելու:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հանրայայտ գործարար Նուպար Աֆէյեան Երեւանի մէջ բացառիկ հարցազրոյց մը շնորհեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։
-Պարոն Աֆէյեան, նախ թոյլ տուէք Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագրի, խմբագրական կազմի ու մեր թերթի բարեկմներու մեծ շրջանակի անունով շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի, որ հակառակ ձեր այս օրերու բազմազբաղութեան՝ առիթը տուիք մեզի այս հարցազրոյցը իրականացնելու համար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Դարերէ ի վեր, բայց յատկապէս՝ ներկայ ժամանակներուն, մարդիկ կը ձգտին երջանկութեան եւ զանազան ձեւերով կը փորձեն հասնիլ անոր: Կը հասնի՞ն, կարելի՞ է հասնիլ, հասնողներ եղա՞ծ են, ինչպէ՞ս:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

Հայաստանի մէջ, Տաւուշի թեմէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Դիլիջան քաղաքին մէջ կառուցուելիք նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հովանիին ներքեւ գործող հոգեւոր հովիւները վերջերս ժողով մը գումարեցին Հռոմի մէջ։ Այսպէս, նորին սրբազնութեան նախագահութեամբ համախմբուեցան այն հովիւները, որոնք ծառայութիւն կը մատուցեն Իտալիոյ, Պելժիոյ, Հոլանտայի, Սպանիոյ եւ Փորթուգալի մէջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

Աշխարհահռչակ լուսանկարիչը այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչուի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ:
Հոգելոյս Արա Կիւլէրի Շիշլիի գերեզմանատան շիրմին վրայ վաղը պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պէյրութէն հասած դրուագները մտահոգիչ պատկեր մը կը պարզեն Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր ֆոնին վրայ:
Վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական ճակատագիրը կը վճռուի՝ Լիբանանի դրամական նոր հոսքերու որոնումին մէջ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Արսէն Քովանն ու Արման Պըչաքճըն, որոնք իրեն ներկայացան յանուն Մխիթարեան եւ Սահակեան սանուց միութիւններուն։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց ջանքերով կազմակերպուած՝ մօտալուտ «Ծիրան» խորագրեալ համերգին շուրջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու իր գործակից ընկերուհիները։ Այս առթիւ անոնք նորին սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու եկեղեցւոյ տօնախմբութեան, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ 23 նոյեմբերին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ խանդավառ ձեռնարկներով նշուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։ Հայ մշակոյթի շաբթուան ծիրին մէջ դպրոցէն ներս գործադրուեցաւ բազմակողմանի յայտագիր մը, որուն ներգրաւուած էին վարժարանի բոլոր դասարաններէն աշակերտներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019

Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու համար կը սարքուի սիրոյ սեղան:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը զօրակոչի ձեռնարկած է թաղի դպրոցի կայուն երթը, որակն ու մակարդակը երաշխաւորելու համար:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Վիպականութիւնը՝ «romantisme» ծաղկեցաւ տասնիններորդ դարուն Ֆրանսայի մէջ՝ որպէս հետեւանք Ֆրանսական յեղափոխութեան յառաջ բերած մեծ յեղաշրջումներուն։
Քնարերգութեան խոր ազդեցութիւնը եւ զգացումը կը տիրապետէին, եւ այս պատճառաւ գրագէտները եղած էին ճշմարտութենէ աւելի՝ սիրոյ, յոյսի, ատելութեան եւ բաղձանքի գերիները։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2019

ԵՐԱՄ

Հոգւոյ խորունկ հրճուանքով, ներքին անբացատրելի խլրտումներով ամէն անգամ կը դիտէր նախապատրաստութիւնը երաժիշտներուն, որոնք գործիքները լարելով ներդաշնակ աղմուկ մը կը ստեղծէին։
Յետոյ լռութիւն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2019

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Կեդրոնի թաղերու մայթերէն մէկուն վրայ հայրենադարձ մը կը քալէր, ու՝
-Յիսուն դրամով օգնէք, էլի՛...
Մտազբաղ հայրենադարձին դէմը կանգնելով աղերսեց ծերունի մը:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2019

Ara KOÇUNYAN

JAMANAK’ın dünkü manşeti çok geniş yankı buldu. Patrik seçimi sürecinde toplumda yeni dengeler şekillenmekte ve mevcut değişkenlik ortamında bunları okurlarımıza yansıtma çabasındayız. Tüm bunları nesnel bir şekilde yapmaya özen gösteriyoruz.

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ճաբոնի վարչապետի յատուկ հարցերով խորհրդական Էյիչի Հասեկաւան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին գնահատեց Հասեկաւան եւ իրեն ընկերակից Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Ճուն Եամատան, որոնք հայ-ճաբոնական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղեալ ջանքեր կը գործադրեն։

Էջեր