Արխիւ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Տարին Կոմիտասեան է. մեծ երաժիշտին, արուեստագէտին ծննդեան 150-ամեակին առթիւ Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ «Կոմիտասի գրիչի խաղերը» խորագրով բացառիկ ցուցահանդէս մը բացուած է:
Այս ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Կոմիտասը իբրեւ գծանկարիչ, որուն գծած պատկերները, շարժերը բացայայտումներ կ՚ընեն Կոմիտասի բնաւորութեան մասին:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ եւ Հրաշափառ Յարութեան յաջորդող յիսուն օրերը, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը սահմանած ու կոչած են Յինանց կամ Յինունք անունով: Այս շրջանին, Եկեղեցին ամէն օր կը տօնախմբէ իր Հիմնադիրին՝ Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ «3x3» ֆութսալի մրցաշարքը, որ ձօնուած էր Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի յիշատակին։ «Րէիս» ծածկանունով Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեան եղած էր ակումբի անմոռանալիներէն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019

Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան, Տ. Յուսիկ Քահանայ Հերկելեան, Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան եւ Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019

Իսթանպուլի Մարզական տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբթուան մէջ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցաշարքէն փայլուն յաջողութեամբ դուրս եկաւ Էսաեան վարժարանի խումբը։ Լարա Սալպանօղլու, Մարէն Նալճը եւ Մելիս Պուլկուր այս մրցաշարքին մէջ ներկայացուցին Էսաեանը եւ նուաճեցին առաջնութիւն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Հոգիին շնորհքը կարողութիւն ունի մարդս արդարացնելու, այսինքն զայն մաքրելու իր մեղքերէն եւ իրեն հաղորդելու «Յիսուս Քրիստոսի հաւատքովը՝ Աստուծոյ արդարութիւնը» (ՀՌՈՄ. Գ 22) եւ Մկրտութեամբ. (ՀՌՈՄ. Զ 3-4)։ Զօրութեամբ Սուրբ Հոգիին, մարդիկ իրենց բաժինը կը բերեն Քրիստոսի չարչարանքին, մեռնելով մեղքին համար, իրենց բաժինը կը բերեն նաեւ Անոր Յարութեան՝ ծնելով «Նոր կեանք»ի մը համար։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ցատկելով մեքենաշարժ նաւուն վրայ, պիտի բարձրանայի վերի յարկ, եթէ օրը արեւոտ էր։ Ուղղութիւնս դէպի Պոլսոյ Ասիական ափը պիտի ըլլար։ Սպիտակ պոչ մը թողելով իր ետին, նաւը պիտի հատէր կապոյտը Վոսփորին։ Տասնհինգ-քսան վայրկեան ետք պիտի իջնէի Սկիւտարի ափը, անմիջապէս զգալով, որ եկած եմ Արեւելք։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2019

Տեսակցեցաւ՝ 
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Գարնանային տաք ու անձրեւոտ օր մըն էր, երբ տարիներ առաջ ոտքերս զիս ակամայ եկեղեցի տարին, ուր ես աստիճանաբար սկսայ ճանչնալ Բարձրեալը։ Այդ խորհրդաւոր օրուընէ ի վեր կարծես հոգւոյս վրայ հոգեպարար անդորր մը իջաւ, անսահման երջանիկ էի, որ կրցայ մօտենալ ու զգալ Աստուծոյ ներկայութիւնը, տարբերակել ճիշդը սխալէն, լաւը վատէն, յետագային՝ պարզ ու յստակ գծել իմ կեանքի ուղին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2019

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ Աթոռին տրուած շնորհաւորական այցելութիւնները։ Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտ նորին սրբազնութիւնը հիւրընկալեց Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, որ փութացած էր մեր համայնքին Ս. Զատիկը շնորհաւորելու։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Դիտարկումներ՝ Սուրբ Զատկի տաղաւարին առթիւ Գումգաբուի Պէզճեան սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած տօնական աւանդական ընդունելութենէն:
Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը այս շրջանին կը ջանայ առերեսուիլ համայնքէն ներս կուտակուած հակազդեցութիւններուն: Յարութիւն Շանլը եւ Պերրին Տայան թեր ու դէմ կարծիքներ
յայտնեցին արդիւնաւէտութեան խնդիրներուն շուրջ: Արէտ Երկանեան առաջարկեց մասնաւոր յանձնախումբ մը կազմել՝ բոլոր հարցականներուն գոհացուցիչ պատասխանը գտնելու նպատակով:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ինչքան մեծ բեռ է գրել 24 ապրիլի մասին։ Մեծ բեռ է գրել այն քաղաքին համար, որ արեւմտահայոց չքնաղ ոստանն էր մեծ փոթորիկէն առաջ։
Բեռ է ու դժուար, ոչ անոր համար, որ գրած ատենդ պիտի զեղչես ատելավառ բոլոր ձայներն ու խօսքերը, այլ անոր համար, որ ուսերուդ կայ մեծ բեռ մը, որ պէտք է տեղ հասնի ու խօսքդ, հեռացած որդիի խօսքին պէս լսուի...

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2019

Համայն հայութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն այսօր կը վերյիշէ Մեծ եղեռնը եւ համախմբուած անոր 104-րդ տարելիցին օրը, սրբադասեալ նահատակներուն բարեխօսութիւնը կը խնդրէ՝ երկիւղած աղօթքով, խոկումով, բիւր յարգանքով, ապագայի նկատմամբ յոյսով ու խաղաղութեան անփոփոխ մաղթանքով:
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին իրենց խոնարհումը բերին ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առջեւ: Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Դիտարկումներ՝ Սուրբ Զատկի առթիւ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած տօնական ընդունելութենէն։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան դրական պատգամներ փոխանցեցին համայնքային շրջանակներուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2019

23 Ապրիլը խանդավառութեամբ կը տօնուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ՝ միասնականութեան գիտակցութեամբ։
Ազգային գերիշխանութեան տօնին զուգահեռ կը նշուի խորհրդարանի հիմնադրութեան 99-րդ տարեդարձը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Իտէալով մը՝ հեռանկարով մը ապրողներ երբեք չե՛ն մեռնիր, քանի որ իտէալը վախճան չունի եւ կը գոյատեւէ այնքան՝ ո՛րքան մարդկութիւնը՝ բանաւոր մարդը կա՛յ եւ կ՚ապրի այս աշխարհի վրայ։ Արդարեւ իտէալով մը ապրող վե՛հ անձնաւորութիւններ սերունդէ սերունդ կը փոխանցեն իրենց իտէալը, եւ կ՚ապրին շարուանակել իրենց անվախճան իտէալին մէջ՝ իրենց արժանաւոր յաջորդներուն հետ միասին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2019

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ընդհանրապէս ոգելից ըմպելիքներու, ոսկերչատուներու եւ թանկագին իրերու խանութները, ինչպէս նաեւ դրամատուները թիրախը կը հանդիսանան նշանաւոր գողերուն՝ որովհետեւ անոնց գողօնը պարարտ է։
Վերոյիշեալ ընդհանրացումին մէջ սակայն միշտ ալ կան բացառութիւններ եւ այսօրուան մեր նիւթը կը կեդրոնանայ այդ բացառութիւններէն՝ անսովոր թիրախի մը շուրջ, որ խորապէս ազդած է շրջանի բնակչութեան վրայ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2019

Արաբերէնէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում.- Գիրքի մը մէջ հետեւեալ հարցումին հանդիպած եմ. յստակեցում կ՚ուզեմ:
«Ի՞նչ էր Յիսուսի աւարտը յարութենէն ետք»:

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

-Զը՛նկ, զը՛նկ, զը՛նկ... տը՛նկ, տը՛նկ, տը՛նկ…
Խեղճ կուզիկին անվախճան յանկերգն է աս, փողոցները դանդաղ-դանդաղ ժուռ եկած ատեն, գինովի ինքնամփոփ, ինքնամոռաց գնացքովը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Փարիզի Դպրոցասէր միութեան վարժարանի եւ Մարսէյլի Համազգայինի դպրոցի աշակերտները։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց ֆրանսահայ աշակերտներուն, որոնց թիւը կը հասնէր շուրջ քառասունի։ Աշակերտներուն ուղեկցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ֆրանսահայ բարերարներէն Սարգիս Պետոյեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2019

Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը այս առաւօտ Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Գումգաբու։ Յունաց Պատրիարքը Ս. Զատկի կապակցութեամբ ջերմ շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ յղեց մեր համայնքին՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի անձին մէջ։ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին կ՚ընկերանար միաբան հայր սուրբ մը։

Էջեր