Արխիւ
Մեւլիւտ Չավուշօղլու ելոյթ մը ունեցաւ Անգարայի մէջ կազմակերպուած դեսպաններու հաւաքին ժամանակ։
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ Թուրքիա մինչեւ վերջ պիտի շարունակէ զօրկացիլ եղբայրական Ատրպէյճանին»։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Արցախի մէջ։ Ան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքի մը ժամանակ ունեցաւ այդ ելոյթը։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ այս օրերուն Անգարայի մէջ կ՚ընթանան բանակցութիւններ, որոնց նպատակն է համաձայնութեան հասնիլ Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտի մը ստեղծելու հարցին շուրջ։ Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր միջազգային բեմահարթակի վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Եփրատի արեւելքը ահաբեկիչներէն մաքրագործելու հարցին շուրջ։
Յառաջիկայ 22 օգոստոսին Գումգաբուի մէջ պիտի մէկտեղուին Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներն ու թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչները՝ կարծիքի փոխանակումներ ունենալու համար Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրական գործընթացէն ներս միասնական ջանքերով կատարուելիք վիթխարի աշխատանքին շուրջ:
Ընտրացուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման մարտահրաւէրը կը պայմանաւորէ արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան տեսակէտէ երաշխաւորեալ մթնոլորտի մը ստեղծուիլը:
Շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամրան աւանդական ընթրիքը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Կղզիի Ջրային մարզակումբի համալիրէն ներս, «By Güven» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ թռուցիկներու փառատօն մը։ Թէ՛ կայանի սաներուն եւ թէ կղզեբնակ մանուկներուն ու պատանիներուն տեսակէտէ շատ խանդավառ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան իրերայաջորդ սարսափելի յարձակումներ։ Այսպէս, Թեքսաս նահանգէն ներս, առեւտուրի կեդրոնի մը մէջ սպաննուեցաւ քսան հոգի եւ այս դէպքէն քանի մը ժամ անց Օհայոյի մէջ պառ մը ենթարկուեցաւ զինեալ յարձակման։
Իսթանպուլ ծնած, Մխիթարեանի սան ցեղասպանագէտը մահացաւ 93 տարեկանին:
Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ ցաւակցականներ՝ Վահագն Տատրեանի կորուստին առթիւ:
Հանրապետական շրջանին առաջին անգամ եկեղեցի մը կը կառուցուի Թուրքիոյ մէջ. դարակազմիկ զարգացում։
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կարճ զրոյց մը ունեցան հիմնարկէքի ժամանակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Նեղութիւնը համբերութեան մա՛յրն է», կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի։ Արդարեւ «համբերութիւն»ը կ՚ենթադրէ նեղութիւններու տոկալ, դիմանալ, հանդուրժել եւ զանոնք կրելու քաջութի՛ւն։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամառ է: Շատերու նման՝ ես ալ արձակուրդի եմ: Սենեակիս ամէնօրեայ աշխատանքի համակարգիչէս եւ գրասեղանէս բաւական հեռու:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բնականաբար նորութիւն մը չէ այս միտքը, սակայն այս խօսքը համեստ եւ ինքնաբուխ գիւղացիէ մը լսելը, նուազագոյնը յուզիչ է: Հիւսիսային Հայաստանի Բերքաբեր գիւղը վերջերս իր վրայ հրաւիրած է ուշադրութիւնը օտար յօդուածագիր Ճոշուա Քուչերայի (Եուրաժիա) եւ հայ պլոկըր Լիլիթ Խաչատուրեանի (Սփութնիք), որոնք, իրարմէ անկախ, այցելած են գիւղը եւ ներկայացուցած՝ իրենց տպաւորութիւնները, որոնցմէ կը հրապարակենք հատուածներ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ծնողներ, որ կը ցանկաք ձեր զաւակներուն փայլուն ապագայ, նիւթական բարօր վիճակ եւ անոնց հետ եկող բոլոր բարիքները ապահովել։ Ձեր պատանի ու երիտասարդ զաւակները հիմա դիւրին հարստանալու միջոց մը ունին. համակարգչային խաղերը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բանակցութիւններու կարեւոր փուլ՝ Աստանայի մէջ…
Յառաջիկայ շաբաթներուն Սուրիոյ տագնապին առընթեր կարեւոր զարգացումներու կը սպասուին։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ Գլխադիր եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Վոսփորի Եւրոպական ափի այս գողտրիկ եկեղեցւոյ 163-րդ հիմնադրութեան տարեդարձը երէկ նշուեցաւ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքի մէջ «միակողմանի աճում»ը բարիք չէ, այլ մանաւանդ չարի՛ք է։ Ոմանք մտքով կը զարգանան բայց իմաստութեամբ, որ է ողջամիտ ըլլալ, եւ թէ՛ «Աստուծոյ վախ»ը ունենալ իր մէջ, չեն զարգանար եւ «մանուկ» կը մնան այդ տեսակէտէն։
Յուլիս ամիսը յատկանշուեցաւ սուրիահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու շրջանաւարտ հունձքերուն ամավերջի հանդէսներով:
Ուրախալի էր բեմերուն վրայ տեսնել ուսումնատենչ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք կեանքի նոր փուլ մը պիտի թեւակոխեն՝ իրենց նախասիրած ճիւղերուն մէջ մասնագիտանալով, իրենց տեսիլքին իրականացման առաջին քայլերը նետելով:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Սան Միլան տէ լա Քոկոլլա փոքր գիւղին մօտակայ բլուրին վրայ կը գտնուի Սուսօ վանքը: Ճգնաւոր Սուրբ Միլան վանականին կողմէ վեցերորդ դարուն հիմնադրուած վանքը կարծես թէ կը զգայ, որ այլ ժամանակի եւ այլ վայրի կը պատկանի:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ինծի համար փոքրիկ չէր պատահարը, բայց աշխարհահռչակ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան համար՝ թերեւս:
Ժամանակէ մը ի վեր կը պայքարիմ այս հսկայ, տիտան ընկերութեան դէմ, որովհետեւ կ՚ուզէր իր Microsoft Office-ը ինծի վաճառել, որ 2-6 գրաւոր աշխատանքային «գրասենեակներ» կը պարունակէ, ներառեալ՝ Word, Excel, Power point եւ ուրիշներ, որոնց մեծամասնութեան կարիքը չունիմ: