Արխիւ
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի՛ կրնար տեսնել...» (Յհ 3.3):
Մեկնութիւն. Նախ՝ որովհետեւ միայն Աստուած կրնայ զԱստուած տեսնել բնութեամբ, իսկ մարդիկը զԻնք կը տեսնեն մկրտութեան եւ հաւատքի շնորհքով, ինչպէս կը գրէ Պետրոսը իր Ընդհանրական թուղթին մէջ, թէ մկրտութեամբ «մեծամեծ եւ պատուական աւետիսը պարգեւուած է ձեզի, որպէսզի ատով հաղորդակից ըլլանք աստուածեղէն բնութեան» (Հմմտ. Բ.Պտ 1.3-4):
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամէն տարի հոկտեմբեր ամսուն սկիզբը Սթոքհոլմի մէջ Շուէտի Թագաւորական ակադեմիան կը յայտարարէ աշխարհի ամենանշանաւոր մրցանակը ստացողներուն՝ Նոպէլեան մրցանակակիրներուն անունները: Արդէն յայտնի են բոլոր բնագաւառներէն ներս տրուած մրցանակներուն տէրերը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցաւ բարերար Ճոն Քիւրքճեան։ Հարկ է նշել, որ անգլիահայ Քիւրքճեան ընտանիքը վաղուց զանազան բարերարութիւններով զօրակցութիւն կը բերէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ գումարեց իր հերթական ժողովը։ Այս առաւօտ, Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեան մեզի ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած նիստին ժամանակ ծաւալուած քննարկումներուն կապակցութեամբ։
ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
-Հեռուէէ՜ հեռու, խելքէդ միտքէդ չանցած տեղէ մը լուր մը պիտի ստանաս: Մօրաքս, հեռաւորութեան չափը լաւ շեշտելու համար, բառերը կ՚երկնցնէր, եւ ձախ թեւը բարձրացնելով, օդին մէջ կը շարժէր քանի մը անգամ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արմատներով պոլսահայ նկարչուհի Վարդենի Մոստիչեան Երեւանի մէջ պատասխանեց մեր հարցումներուն։
-Ինչպէ՞ս սկսաք նկարչութեան:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կարօտը այնպիսի զգացում մըն է, որ բոլորիս կողմէ տարբեր ձեւերով կ՚արտայայտուի։
Երբեմն վիշտ ու տխուր հայեացք կը յառաջացնէ կարօտը, որ մարդիկ կը զգան ոեւէ անձի կամ որեւէ բանի մը բացակայութեան պատճառով։
Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ, շաբաթ օր, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ներկայ էին նաեւ վեղարաւոր հայրեր եւ մեր քահանայից դասէն ներկայացուցիչներ։
Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ, շաբաթ օր, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Նոյն օրը նորին սրբազնութիւնը այցելեց նաեւ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրիմը։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Զանազան թաղերէ փութացած հոծ թիւով հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր ունկնդրեցին նորին սրբազնութեան պատգամին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան սիրոյ սեղանը համախմբեց համայնքային շրջանակները: Դպրոցի սաներուն ելոյթները արժանացան ծափահարութիւններու:
Զուիցերահայութիւնը մասնակցեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի մատուցած Ս. Պատարագին:
Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 50-ամեակին առթիւ երէկ ստեղծուեցաւ իսկական տօնական մթնոլորտ:
Համայնքային շրջանակները վերյիշեցին Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետը:
Աբիկ Հայրապետեանի մահուան քառասնից լրման առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն Շիշլիի գերեզմանատան մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը մէկտեղուեցաւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն հետ:
Էրտողան դրուատիքով արտայայտուեցաւ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ կատարուած յայտարարութեան մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, սկսեալ Ադամէն, Աստուծոյ հասնիլ կը ջանան իրենց գիտութեամբ, արուեստով եւ ստեղծագործութեամբ, եւ մինչեւ այսօր անոնց «յաջողութիւն»ը կը նմանի ճամբորդի մը՝ որուն առջեւ կ՚երկարի մէկ միլիոն մղոն ճամբայ մը եւ որուն վրայէն միայն տասը քայլ յառաջացած է ան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եւրոպացի հայագէտներ եւ հմուտ հայ բանասէրներ ընդարձակ եւ խղճամիտ ուսումնասիրութիւններէ ետք հասած են այն եզրակացութեան թէ՝ հայ ժողովուրդը քրիստոնէութենէն առաջ առանձին գիրեր ունեցած է։ Այս ուսումնասիրութեան համաձայն այդ գիրերը հետեւեալները յայտնուած են. ա, բ, գ, դ, ե, զ, թ, լ, խ, կ, մ, յ, ն, շ, ո, պ, ս, վ, տ, ր, ց, ք. որ քսաներկու են։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Զուիցերիա։ Հայրապետական այցելութեան օրերը Նորին Սրբութիւնը կ՚անցընէ Ժընեւի մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հայ դպրութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան մասին խօսիլ կը նշանակէ անպայմանօրէն անդրադառնալ հայ դպրոց-հայ լեզու-հայ ուսուցիչ երրորդութեան մասին։ Սփիւռքը այս երեքին միշտ կարիքը ունեցած է եւ ունի։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի 4-րդ եւ 5-րդ դասարանի սաները երէկ այցելեցին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առթիւ կազմակերպուած էր այդ ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին աշակերտները վերահսկեցին ուսուցչական կազմէն Մուրատ Մարաշ, Պիանքա Պոյաճըօղլու եւ Այլին Թոփուզ։

Գարակէօզեան Տան խումբ մը սաներ նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան։ Վարժարանի 5-7-րդ դասարանի սաներէն բաղկացեալ այս խումբը վերահսկեցին տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ եւ ուսուցիչներ։