Արխիւ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2018

Գրա­բա­րէ աշ­խար­հա­բա­րի վե­րա­ծեց՝ 
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

Արդեօք ճշմարի՞տ է այն ինչ որ մեզի պատահեցաւ, իսկապէս կատարուա՞ծ է սա, խաբկանքի մէջ չե՞նք, գիշեր չէ՞, եւ պատահածները երազ չե՞ն, ցերեկ է, եւ բոլորս արթո՞ւն ենք։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կը ժամանէ Միլանօ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, հովուապետական այցելութիինը տեղի կ՚ունենայ՝ Միլանոյի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ օծման 60-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու եզրագծին նոր եւ բաւական կարեւոր զարգացումի մը կը սպասուի։ Խօսքը ոչ միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան համար նոր դեսպանի մը նշանակման մասին է, այլեւ՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի Երեւան տալիք այցի մասին է։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Խաչվերացի յաջորդող 6-րդ կիրակի օր Սուրբ Պատարագի ընթացքին որպէս Ճաշու Աւետարան կը կարդացուի Ղուկասի 4-րդ գլխուն 14-23 համարները։ Խաչվերացի յաջորդող 6-րդ կիրակին այս տարի կը հանդիպի 21 հոկտեմբերի։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2018

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ յուզումով արձագանգեց աշխարհա-հըռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մահուան։ Հայաստանի պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերը հրապարակեցին ցաւակցականներ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2018

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ վերջերս ոգեւոր հանդէս մը տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Ձեռնարկի ընթացքին ոգեկոչուեցան հայ գիրերու գիւտարարները՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը, Ս. Սահակ Պարթեւը եւ Վռամշապուհ թագաւորը, ինչպէս նաեւ առաջին թարգմանիչները։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Տիրը դպրութեան, պերճախօսութեան, գիտութիւններու եւ արուեստներու աստուածն է հին հայկական դիցաբանութեան մէջ։
Տիր եղած է Հայկ Աղեղնաւորի ուստրը, այսինքն մանչ զաւակը, եւ համարուած է Արամազդ աստուածահօր ատենադպիրը եւ սուրհանդակը, համայն մարդկութեան ճակատագրի գուշակը եւ նաեւ՝ երազներու մեկնիչ, անոնց բոլոր չար եւ բարի գործերուն գրանցողը՝ գրողը եւ արձանագրո՛ղը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Քանի մը տարի առաջ Պատրիարքարանի մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր քեզի համար։ Հերթական պարգեւներէդ մին պիտի ստանայիր։ Տրամադրութիւնդ բարձր էր։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2018

Ալիաղայի մէջ, Իզմիր, այսօր տեղի կ՚ունենայ «Սթար» զտարանի պաշտօնական բացումը։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ կը մասնակցին արարողութեան։ Այս զտարանը կառուցուած է Թուրքիոյ կողմէ եւ Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան՝ ՍՕՔԱՐ-ի մասնակցութեամբ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2018

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ յուզումով արձագանգեց աշխարհա-հըռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մահուան։ Հայաստանի պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերը հրապարակեցին ցաւակցականներ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արա Կիւլէրը առաջին անգամ տեսայ 2011 թուականին Իսթանպուլի մէջ: Այցելութեան նպատակը պէյրութահայ բեմադրիչ Նիկոլ Պէզճեանի «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի» ժապաւէնին մասնակցութիւնն էր: Անակնկալներով «պատրաստուած» հանդիպումներ էին ժապաւէնին դրուագները, որոնց մէջ էր «Արա քաֆէ» այցելութիւնը եւ տաղանդաւոր լուսանկարիչին՝ Արա Կիւլէրի հետ հանդիպումը:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2018

Աշխարհահռչակ լուսանկարչի վաղուան յուղարկաւորութեան ընդառաջ՝ համատարած զօրակոչ պատշաճ շուքով հրաժեշտ մը կազմակերպելու նպատակով:
Մեծանուն արուեստագէտի վաստակին ու ժառանգութեան առջեւ բիւր յարգանքով խոնարհում - Զանգուածային լրատուութեան միջոցները կ՚ընեն յատուկ թողարկումներ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Աշուն է:
Կը սիրեմ աշունը: Առտուան թեթեւ խոնաւութիւնը ցօղի պէս կը հանգչի ամէնուր ու անզուգական մաքրութիւն մը կը փռէ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ունեցան հադիպում մը՝ քննարկելով երկրի ներքին քաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան կ՚երթայ դէպի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք նախատեսուած են յառաջիկայ դեկտեմբերին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018

Էրտողան երէկ «Էսէնպողա» օդակայանին մէջ տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարին հետ: «Եթէ Ուաշինկթըն ունի դժուարութիւններ, ապա Թուրքիա Մենպիչը կրնայ առանձին մաքրագործել ահաբեկիչներէն»:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018

«Իսթանպուլի աչք»ը փակուեցաւ 90 տարեկան հասակին. ոչ եւս է «Դարու լուսանկարիչը» կոչման արժանացած, պարգեւներու եւ մրցանակներու դափնեկիր​ աշխարհահռչակ վարպետը, որ կը դասուէր կենդանի առասպել: Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիէն: Արա Կիւլէր եղած էր իր ապրած ժամանակի վաւերագրողը, մարդկութեան երթի սուր եւ եզակի դիտարկողը: Ծանր եւ անփոխարինելի կորուստ զանգուածային լրատուութեան աշխարհի եւ գեղարուեստական կեանքի տեսակէտէ:​ Նախագահ Էրտողան երէկ երեկոյեան ցաւակցեցաւ ընտանիքին: Պոլսահայութիւնը կը սգայ՝ անհաւատալի ու վառ դրուագներու որսորդ իր այս մեծանուն ու մեծատաղանդ զաւկի հրաժեշտը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի մէջ վերջերս իր մահկանացուն կնքեց Սթալինի բռնաճնշման եւ աքսորին ենթարկուած գրեթէ վերջին հայաստանաբնակ գրողը՝ արձակագիր Անթոնինա Մահարին՝ անմահանուն Գուրգէն Մահարիի կողակիցը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Ներէ՛ մեր յանցանքներուն, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են»:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Մեծ հոգի»ներ, վեհանձն նկարագրի տէր մարդիկ, ֆիզիքական ցաւերէ կը սոսկան ընդհանրապէս, քանի որ իրենց մեծութիւնը չեն կրնար կիրարկել հոն։ Մեծ հոգիները, պզտիկ ցաւերու ատեն ուրախ տեսնել շատ հազուադէպ է։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018

Ծանր օր մըն է դարձեալ, բօթը հասաւ երէկ գիշեր, կը սգանք, խորապէս կը սգանք Արա Կիւլէրի մահը։ Կաղնի մը տապալեցաւ՝ բառին բուն իմաստով։ Իր կորուստով քիչ մը եւս կը գունատի պոլսահայ կեանքը։ Մեր իրականութեան իմաստը բնորոշող մեծութիւն մը կը մեկնի այս աշխարհէն։

Էջեր