Արխիւ

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի շատ սիրուած դէմքերէն Էմմա Քիւլեկէչ կնքած է իր մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով իր սիրելիները։ Սա անժամանակ մահ մըն է, որ վրայ հասած է անողոք հիւանդութեան հետեւանքով։ Էմմա Քիւլեկէչ մեր համայնքային կեանքէն ներս շատ լայն շրջանակներու համակրանքին առարկայ դարձած անձնաւորութիւն մըն էր։

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018

Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարարութիւնը պիտի նախաձեռնէ Հայաստանի մէջ միանգամեայ օգտագործման կերպընկալի արգիլման գործընթաց: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց բնապահպանութեան նախարար Էրիկ Գրիգորեանը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018

Տաւուշի մարզի Դովեղ գիւղը «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի աջակցութեամբ օժտուեցաւ ոռոգման ջուրի համակարգով:
Բնակավայրի տնամերձ հողատարածքներու ոռոգման ցանցի կառուցման համար ներդրուած է 19.5 միլիոն դրամ: 

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018

2018-ի յունուարէն մայիս ամիսներուն, Արցախ այցելած են 8654 օտար զբօսաշրջիկներ: Զբօսաշրջիկներուն թիւը 2017-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատած՝ 102 տոկոս աճած է, կամ՝ 4362-ով: Զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է նաեւ առանձին ամիսներու համեմատութեամբ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018

CNN Türk հեռուստակայանը շաբաթավերջին հաղորդեց, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը շատ կարեւոր որոշում մը ընդունած է՝ փոքրամասնութիւններու սրբատեղիներու պարագային։ Այսպէս, Ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր կողմէ տնօրինուած եկեղեցիներու եւ սինակոկներու պարագային պիտի ձեռնարկէ կարեւոր կարգադրութեան մը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018

Սփիւռքահայ կրթօճախներու ցանցի ընդհանուր տկարացման առումով ահազանգ:
«Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» Ամմանի միակ հայկական վարժարանի փակուելու համար որոշում:

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018

ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական հանդիսաւոր բանակումը եզրափակուեցաւ:
Երեւանի հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ելոյթ մը ունեցաւ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018

Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հանդիպում մը ունեցան Էլիզէի պալատի երդիքին տակ:
Մաքրոն եւ Ալիեւ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018

Գրեց՝ ԽԱՉԻԿ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ

Յունիս 22-էն 24 Երեւանի մէջ գումարուեցաւ «Հայաստան 2018 - Իրողութիւն եւ հեռանկարներ» գիտաժողովը, որուն կիզակէտն էր Հայաստանի իսկական ներկայի վերլուծումը՝ զեկոյցներու եւ վիճարկումներու ընդմէջէն։ Գիտաժողովը կազմակերպեցին եւ վարեցին Աշոտ Ոսկանեան (փիլիսոփայութեան տոքթոր) եւ Սիրանոյշ Դվոյեան (գրականութեան տոքթոր)։

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Երբ մրցոյթ ըսենք, մենք կը հասկնանք արտասանական, շարադրութեան, ընդհանուր զարգացման եւ մարզախաղերու յատուկ մրցումներ, որոնք յաճախ տեղի կ՚ունենան դպրոցներու եւ միութիւններու մէջ։
Ամերիկայի մէջ, սակայն, բազմաթիւ այլ մրցումներ կը կազմակերպուին, որոնք մտամարզանքի կամ մարմնամարզանքի ծիրէն դուրս կը մնան եւ կարելի չէ բնորոշել երբեք անոնց հետապնդած նպատակը։

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տա­նըլտ Թրամփի եւ Ռուսաստանի նա­խագահ Վլատիմիր Փութիլի Հելսինքիի մէջ հանդիպումէն վերջ Ամերիկայի մէջ կայ հա­մընդ­հա­նուր դժգո­հու­թիւն։ 
Այսպէս, վեր­ջին օ­րե­րուն ա­մե­րի­կեան Foreign Policy պար­բե­րա­կա­նը կար­դա­ցող­նե­րուն հա­մար ա­ւե­լի քան պարզ կը դառ­նար, որ ինչ մա­կար­դա­կի դժգո­հու­թիւն մը տի­րէ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ներ­քա­ղա­քա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ Հայաստանի վերջին փոփոխութիւններուն շուրջ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ծրագիրներուն մասնակից երիտասարդներուն հետ հանդիպում:

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018

Աշխատասիրեց՝
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

42. Գլուխ
Այս գլու­խը մար­գա­րէու­թիւնն է խոս­տա­ցուած Մե­սիա­յին, որ պի­տի գայ։ Ե­սա­յի զայն կ՚ա­նուա­նէ Տի­րոջ Ծա­ռան։ Այս­տեղ եւս պատ­գամ է, որ Աս­տուծ­մէ ժո­ղո­վուր­դին կը փո­խան­ցուի, մխի­թա­րա­կան խօս­քեր, խոս­տում­ներ, ինչ­պէս նաեւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ։

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Դի­մա­տետ­րը յայ­տա­րա­րեց, որ կը սկսի լու­սան­կար­նե­րը եւ տե­սա­նիւ­թե­րը ստու­գել, ո­րով­հե­տեւ ա­տի­կա կ՚ըն­դար­ձա­կէ ա­ւե­լի մեծ թի­ւով եր­կիր­նե­րու հա­մար ա­պա­տե­ղե­կա­տուու­թեան վե­րաց­ման ջան­քե­րը:
«Ա­պա­տե­ղե­կա­տուու­թեան դէմ պայ­քա­րին մէջ խնդիր­նե­րէն մէ­կը այն է, որ ա­տի­կա տար­բեր ձե­ւով կ՚ար­տա­յայ­տուի եր­կիր­նե­րու եւ բո­վան­դա­կու­թեան տե­սակ­նե­րու ա­ռու­մով», կ՚ը­սէ Դի­մա­տետ­րի տնօ­րէն Թես Լիոնս:

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Նախորդ գրութեան մէջ խօսեցանք առանց կեղծաւորութեան աղօթելու մասին: Այս գրութեամբ պիտի անդրադառնանք մեր Տիրոջ յայտնած երկրորդ միտքին, որն է ծածուկ կերպով պէտք է աղօթել:

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի հակասութիւններուն նուազագոյնը չէ անշուշտ այն ձգտումը՝ որ տղաները կը մղէ հասուն տարիքի լրջութիւնը կեղծելու, եւ հասուններու մեծագոյն ցաւն ալ է կորուստը մանկութեան կամ երիտասարդութեան խօլ պատրանքներուն՝ որոնց մօտենալու տենչը կը գալարէ զիրենք։

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018

Կիւմ­րիի մէջ, այ­սու­հե­տեւ ա­մէն ուր­բաթ օր բո­լոր փա­փա­քող­նե­րը կրնան սոր­վիլ հայ ա­ւան­դա­կան ու ազ­գագ­րա­կան պա­րեր: 
«Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, այս մա­սին կիւմ­րե­ցի­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց «Կա­րին» հա­մոյ­թի ղե­կա­վար, ազ­գա­յին պա­րե­րու բա­նա­հա­ւաք եւ Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ՝ Գա­գիկ Գի­նո­սեան:

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին տեղակայման վայր սահմանելու համար որոշման նախագիծ:
Նիկոլ Փաշինեան արդէն գործնականօրէն կ՚աշխատի միայն Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի շէնքին մէջ:

Ուրբաթ, Յուլիս 20, 2018

«Հայփոստ» ընկերութիւնը նամականիշ թողարկեց «Արշակ Բ.»ի 150-ամեակին առթիւ:
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ կնքման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ուրբաթ, Յուլիս 20, 2018

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու կը պատրաստուի այցելել Ատրպէյճան։ Կը հաղորդուի, որ Չավուշօղլու Պաքուի մէջ շփումներ պիտի ունենայ 24 յուլիսին։

Էջեր