Արխիւ
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ:
Կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց պետական մարմիններուն՝ որպէսզի օրէնքի շրջանակներու մէջ կանխուին՝ իրենց բնոյթով աղանդաւորական եւ կասկածելի ծագումնաբանութեամբ խմբակներու սադրիչ գործողութիւնները:
ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ կա՞յ հայ մարդ, որ չի գիտեր՝ ի՛նչ կը նշանակէ Ս. Էջմիածին: Սրբագործուած այն վայրը, ուր իջաւ Աստուծոյ Միածին Որդին: Անգիտութի՞ւն է, թէ անտարբերութիւն, այն ինչ որ կը կատարուի մեր ժողովուրդի կրօնական հաւատքի բնօրրան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հանդէպ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ(*)
Միջազգային քաղաքականութեան ընդհանուր տեսարանի ֆոնին կարեւորագոյն տեղ կը գրաւէ Միջին Արեւելքը։ Անցնող տարիներուն տարբեր մակարդակի ընդհարումներու, շահերու բախման եւ ռազմավարական իմաստի «քաշողականութիւն» ունեցող այս տարածքը տարբեր ձեւաչափերով եւ յաճախ հակասական մօտեցումներու բերումով դարձած է համաշխարհային հասարակարգին մէջ իրենց «խօսք»ն ու դիրքը ունեցող գերտէրութեանց «քաշողականութեան առանցք»ը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հարուած մը քարին՝ անշունչին, բայց այնպիսին, որ կարծես շնչաւորի մը ուղղուած ըլլայ: Աչքերէն կրակ կը հոսի, ներսի հուրը այրած է կարծես դէմքին մաշկն իսկ, որ կարմրած, ճառագայթներուն հուրէն այրածի մը կը նմանի. խանձում մըն է ինքնին, ներքին այրում մըն է, որ կը թափի դուրս հարուածներով հաւասար, անհաւասար ու մոլորուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, առողջ կամ վատառողջ, խոհեմ կամ անխոհեմ, տրամադիր է յաճախ ինքզինք մտիկ ընելու եւ հակակշռելու իր զգացումները։ Արդարեւ, ինքզինք ճանչնալ՝ առաջին քայլն է շրջապատը ճանչնալու եւ լաւ յարաբերութիւն մշակելու իր շուրջիններուն հետ։
«Հայփոստ» ընկերութիւնը նամականիշ թողարկեց «Արշակ Բ.»ի 150-ամեակին առթիւ:
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ կնքման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Այս օրուան մուտքին, գիշերը ժամը 01.00-ին դրութեամբ վերջացաւ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի առաջնորդը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ:
Տ. Յովակիմ Եպսիսկոպոս Մանուկեան. «Պէտք է հասկնալ՝ չշփոթել ազատութիւնը ամենաթողութեան հետ»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ ընդդիմութեան մօտիկ համարուող «Ալ Մարսատ ալ սուրի» կայքէջը օրեր առաջ տեղեկութիւն կը փոխանցէր այն մասին, որ մասնաւորապէս Ալ Հարա գիւղաքաղաքին մէջ Սուրիոյ բանակին պատկանող ուղղաթիռներ թռուցիկներ կը նետէին, պահանջելով այդ շրջանին մէջ գտնուող զինեալներէն արագօրէն վար դնել իրենց զէնքերը եւ յանձնուիլ այդ շրջան հասնող բանակի ստորաբաժանումներուն։
Ռուսաստան կ՚ողջունէ ամէն տեսակ շինիչ շփում՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գծով:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յառաջիկայ շրջանին պիտի հիւրընկալուի Քրեմլինի պալատին մէջ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Միացեալ Նահանգներու մէջ բժիշկները արգիլած էին Տքթ. Ճոն (Յովհաննէս) Օյունճեանին՝ օդանաւ բարձրանալ: Տարիքը այլեւս յառաջացած էր, ծերունական հիւանդութիւնները՝ սրած:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Այսօր 7.6 միլիառ բնակիչ հաշուող երկրագունդը կը դիմագրաւէ մարդոց քաղաքներու մէջ բնակեցման ծանրագոյն մարտահրաւէրը։
Յուլիս 11-ին քաղաքակիրթ մարդկութիւնը կը նշէ «Աշխարհի բնակչութեան օր»ը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Բազմաթիւ խորհողներու կողմէ աղօթքը սահմանուած է, որպէս խօսակցութիւն, երկխօսութիւն Աստուծոյ հետ, ուր մարդը ազատ կերպով յարաբերութեան մէջ կը մտնէ Աստուծոյ հետ, կը խօսի Անոր, իր մտահոգութիւնները, խնդրանքները եւ երախտագիտական խօսքերը կը յայտնէ Անոր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հետաքրքրական չէ՞. մարդ, որ միշտ հպա՜րտ է իր բանականութեամբ, եւ ինքզինք գերադաս կը համարէ բոլոր միւս ապրող էակներէն, երբեմն այնպիսի դասեր կ՚առնէ որեւէ ապրող էակէ մը, որ երբեք չի համապատասխաներ իր բանականութեամբ օժտուած ըլլալու իրականութեան։ Արդարեւ, բնութիւնը ամբողջ դասերով, ազդարարութիւններով լեցուն է, եւ այն, որ կ՚անդրադառնայ եւ զիջողութիւն կ՚ընէ, տեղի կու տայ իր գերադաս վիճակէն, ա՛ն, ահաւասիկ կը յառաջդիմէ եւ կը կատարելագործուի։
Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադրութեան 100-ամեաեայ յոբելեանը Հայաստանի մէջ կը նշուի հանդիսաւորապէս։ Վաղը, Բիւրականի մէջ պիտի սկսի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական բանակումը։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կառավարութեան առանձնատան մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հանդիպումը։ «Առաջին նախագահը իր տեսակէտները յայտնեց Հայաստանի առջեւ ծառացած շարք մը մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիներուն վերաբերեալ։
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Վայոց ձորի բաժանմունքը շարժման անցած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի շաբաթավերջին ենթարկուած դէպքին շուրջ:
Մասնակիցներու ինքնութիւնը կը պարզուի, կ՚ուսումնասիրուին տեսանիւթերը:
Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան երէկ պաշտօնապէս կարգալոյծ հռչակուեցաւ՝ եկեղեցականի անյարիր վարքագծի եւ վերջին շրջանի հակականոնական ընթացքի հետեւանքով:
Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս, «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստից աշխատանոցի երդիքին տակ, վերջին շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցան ամրան դասընթացքներ։ Վերջին տարիներուն արդէն աւանդական դարձած է այս ծրագիրը, որ կ՚արժանանայ հետաքրքիրներու ուշադրութեան եւ առիթ կը հանդիսանայ խանդավառութեան։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Կը սիրեմ իմ երկիրս, ժողովուրդը, եկեղեցին եւ մեր երաժշտութիւնը»: Խոէլ Օրթեկան երիտասարդ հոգեւորական-կղերական մըն է եւ Քուպայի Եկեղեցիներու խորհուրդի քարտուղարն է:
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Եսայի մարգարէին գիրքը կը սկսի Աստուծոյ յանդիմանութիւններով ուղղուած Իսրայէլի ժողովուրդին, սկիզբը Տիրոջ բարկութիւնը, ահեղութիւնը անհաւատ քաղաքներուն հանդէպ, բարոյական ազդարարութիւնները կը նկարագրուի (Հմմտ. Ես.1-12), որոնց համար Աստուած Եսայի մարգարէն կը ղրկէ։