Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունուար 24, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ կրնայ «բարի «մարդ» անուանուիլ, կրնայ նաեւ «յաջող մարդ» ըլլալ, չարութիւններէ հեռու ապրիլ, խուսափիլ վատ գործերէ, կրնայ ո՛չ ոքի չարութիւն ընել, բայց եթէ գործնականապէս բարիք չընէր, անիկա «չէզոք անձ» մը կը նկատուի, որ կը նշանակէ՝ «ամուլ, անշահ եւ անօգուտ մարդ» ըլլալ։ Ամուլ մարդը անշարժ եւ անաշխատ մարդ է, որ եթէ վնաս չի պատճառեր ուղղակի, բայց օգուտ եւ բարիք ալ չ՚ունենար իր շուրջիններուն եւ անուղղակի կերպով վնասակար մէկը կ՚ըլլայ իր միջավայրին մէջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 24, 2019

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այս ահռելի դէպքը պատահած է Ուիսքանսըն նահանգի Պեռըն քաղաքին մէջ, անցեալ տարուան հոկտեմբեր ամսուան մէջ։ Արդարեւ, 21 տարեկան Ճէյք Փեթըրսըն (տես նկարը) տեսած է 13 տարեկան Ճէյմի Քլոսը (տես նկարը), որ դպրոցական օթօպիւսէն իջնելով տուն կ՚երթար։

Հինգշաբթի, Յունուար 24, 2019

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Պրն. Քալսահակեան, նախ եւ առաջ կը փափաքիմ, որ հակիրճ կերպով դուք ձեզ ներկայացնէք եւ խօսիք ձեր կատարած ուսումնական եւ կազմակերպչական աշխատանքներու մասին: Այս առումով, կրնա՞ք մեզի խօսիլ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հայերէն լեզուի վիճակին, մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին, միաժամանակ ի՞նչ աշխատանքներ կը տանիք դիմագրաւելու համար բոլոր այդ դժուարութիւնները:

Հինգշաբթի, Յունուար 24, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Թիֆլիզի մէջ Ալեքսանդր Մանթաշեանցի (Մանթաշով) տունը ծախու հանուած է: Բոլոր ժամանակներու հայ ամենամեծ բարերարին տունը՝ Թիֆլիզի կեդրոնը, պատմական արժէք կը նկատուի, անոր հետ կ՚առընչուին հայ նշանաւոր գործարարի կեանքին կարեւոր մանրամասնութիւնները. ուստի Մանթաշեանցի տան վաճառքը, ներկայ սեփականատէրերուն կողմէ, հայութեան մէջ մեծ աղմուկ հանած է, քանի որ հնարաւոր գնորդները արդէն յայտարարած են, որ կը պատրաստուին առեւտրային նպատակներով վերափոխել հրաշագեղ այդ կառոյցը:

Հինգշաբթի, Յունուար 24, 2019

ՍԷՎ հիմնարկի նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շահեկան ասուլիս մը, որ մաս կը կազմէր «Երիտասարդներու հետ ձեռք ձեռքի» ծրագրին։ Այս ծրագրին համար մասնաւոր յանձնախումբ մը կը գործէ ՍԷՎ-էն ներս եւ այս ասուլիսը այդ մէկուն կողմէ կազմակերպուած երկրորդ ձեռնարկն է։

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մէկու մը, որ կարելի է տալ, ամենէն թանկագին նուէրը, քու ժամանակդ է, քանի որ ան քու կեանքէդ մաս մըն է, որ երբեք պիտի չվերադառնայ»։
Այսպէս կ՚ըսէ պրազիլացի համբաւաւոր վիպագիր Paulo Coelho (Ծնեալ 24 օգոստոս 1947), մատնանշելով մանաւանդ, թէ ժամանակը մարդուս ամենէն թանկարժէք շնորհն է, եւ որ եթէ այն տրամադրուի ուրիշի մը՝ «իրմէ տալ բան մը» կը նշանակէ, եւ այդ պատճառով ալ թանկարժէք նուէր մըն է, որ կրնայ մարդ տալ ուրիշներուն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կը սիրեմ հայ գիրն ու մշակոյթը կապող հարցերու մասին խօսիլ, արտայայտուիլ: Սրտիս մօտիկ կը զգամ, որովհետեւ իսկապէս մտահոգ եմ, եւ այդ մտահոգութիւնն է, որ այսօր դարձեալ կը խօսի ինծի հետ այնքան համարձակ եւ նոյնքան ալ՝ անաչառ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ոչ, Պոլսոյ նշանաւոր Շիշլիի ու Սկիւտարի գերեզմանատուներուն մասին չէ գրելիքս, այլ շատ աւելի աննշաններու։ Պոլիսը պիտի թողենք այս շաբաթուայ սիւնակով ու երթանք արեւելք, պատմական հայկական բնակավայրեր՝ Տերսիմ ու Մալաթիա։

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ծնւում ենք ա­կա­մայ,
Ապ­րում ենք զար­մա­ցած, 
Մեռ­նում ենք կա­րօ­տով…

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւոր հոգաբարձու Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի բացատրութիւններ տուին դպրոցի այժմու վիճակին շուրջ՝ շաբաթավերջին նախատեսուած սիրոյ սեղանին ընդառաջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա դատապարտուած չեն թշնամիներ ըլլալու։
Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական ֆորումի մասնակիցներուն առջեւ տեսակապով ունեցած ելոյթին ժամանակ Մայք Փոմփէօ անդրադարձաւ ԱՄՆ-Ռուսաստան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019

«Հայփոստ» ընկերութիւնը կ՚արժեւորէ մեծ բանաստեղծուհիի ծննդեան 100-ամեակի յոբելեանը:
Սիլվա Կապուտիկեանի յիշատակին թողարկուած նամականիշին համար կնքման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ երէկ հանդիսաւորապէս ստորագրեցին պատմականօրէն կարեւոր նշանակութեամբ փաստաթուղթ մը։ 1963 թուականին երկու երկիրներու այդ շրջանի ղեկավարներուն՝ Շարլ տը Կոլի եւ Քոնրատ Ատենաուըրի կողմէ ստորագրուած Էլիզէի համաձայնութենէն 56 տարի անց երկու երկիրները վերահաստատեցին ու թարմացուցին իրենց յանձնառութիւնները։

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ան կ՚ունենայ կարեւոր հանդիպում մը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները երէկ մէկուկէս ժամուան տեսակցութիւն մը ունեցան Տաւոսի մէջ՝ անպաշտօն ձեւաչափով:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացին շուրջ:

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւոր հոգաբարձու Արթօ-Դալար Հորոզօղլու ամոլը, նաեւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը։ Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ դպրոցին ի նպաստ պիտի սարքուի սիրոյ սեղան, որու ընդառաջ պատասխանատուները ներկայացան Պատրիարքարան, ուր նորին սրբազնութեան փոխանցեցին զանազան տեղեկութիւններ։

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ահաւասիկ երկու նկարագիրներ՝ որոնց կարելի է հանդիպիլ ամէն շրջանի մէջ, ամէն տեղ։ Արդարեւ «փարիսեցի»ն կը խորհրդանշէ յաւակնոտ, մեծամիտ, ինքնահաւան եւ ինքզինք միշտ ուրիշներէն գերադաս նկատող անձը, իսկ «մաքսաւոր»ը՝ ինքնաճանաչութեան շնորհով օժտուած, խոնարհ, համեստ եւ ամօթխած, պարկեշտ մարդը։ Եւ այս իմաստով, այս երկու տիպարները միշտ գտնուած են մարդկային ընկերութեան մէջ, եւ տեսնուած՝ ամէն հասարակութեան միջավայրէն ներս։

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Պետրոս Արքեպիսկոպոս Սարաճեանի փոխանորդութեան չորս տարիները եղան մեծապէս արդիւնալից, քանի որ իր օրով տեղի ունեցան հանգանակութիւններ եւ կառուցուեցան Անթիլիասի հիմնական շէնքերը՝ Մայր տաճարը, Նահատակաց մատուռը, վեհարանը եւ դպրեվանքը։

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019

Աշխատասիրեց՝ 
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ, 
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ զգաստութիւնը չ՚արգիլեր պատուաւոր ճանապարհով փնտռել այն արտօնութիւնը կամ պաշտօնը, որուն պարտաւոր ենք: Քրիստոնէական զգաստութիւնը միայն կ՚արգիլէ մեծ նշանակութիւն տալ աշխարհային պատիւին եւ փառաւորութեան, ու զայն փնտռել բուռն կիրքով եւ անվայել միջոցներով:

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքին մէջ ունեցած է տպաւորիչ ելոյթ մը, որուն անդրադարձած է հայ եւ օտար մամուլը: Ան իր ելոյթը ունեցած է «Ապագայի գագաթաժողով» (Future Summit) խորագրով համաժողովին ընթացքին, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եղած է գլխաւոր բանախօս։

Էջեր