Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը վերջերս լոյս ընծայեց զեկուցումներու ժողովածու մը, որ կը կոչուի «Սուրբ Էջմիածինը՝ գրքի հանգրուան»։
Ամբողջ մարզական աշխարհի ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան աւարտականին վրայ։ Այսպէս, «Եւրօ-2024»ի ախոյեանը դարձաւ Սպանիոյ ազգային հաւաքականը, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անգլիան։
Հայկական մարզաշխարհը վերջին օրերուն ուշադրութեամբ հետեւեցաւ Եւրոպայի պասքեթպոլի առաջնութեան։ ՖԻՊԱ-ի կողմէ կազմակերպուած՝ մինչեւ 16 տարեկաններու «Եւրոպասքեթ-2024»ի C խմբաւորման մէջ Հայաստան նուաճեց երրորդ հորիզոնականը։
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 21-րդ շարժանկարի միջազգային փառատօնը շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փառատօնի եզրափակիչ փուլը բնորոշեց մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի Շարժանկարի տան համալիրէն ներս։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, յառաջիկայ աշնան նախատեսուած նախագահական ընտրութեան ընդառաջ զգայացունց իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, շաբաթավերջին ձախող մահափորձ մը տեղի ունեցաւ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ, որ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ վերստին թեկնածու առաջադրուած է։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զէյա շաբաթավերջին այցելեց Երեւան։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը դէպի Հարաւային Կովկաս ձեռնարկած է ուղեւորութեան մը, որու առաջին փուլին շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ, ուրկէ անցաւ Երեւան։
Պաքուի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթը, որ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Գերմանիա, ուր հրաւիրուած էր ՈՒԷՖԱ-ի կողմէ՝ Պերլինի մէջ հետեւելու համար «Եւրօ-2024»ի աւարտականին։
Թուրքիա այս շրջանին Մերձաւոր Արեւելքի ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն մէջ Կազզէի պատերազմին համազօր առաջնահերթութիւն կ՚ընծայէ նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։ Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ, ըստ երեւոյթին, հասունցած է բնականոնացման գործընթաց մը։
Իրանի նորընտիր նախագահին ստորագրած յօդուածը լայն արձագանգ գտաւ միջազգային գետնի վրայ:
Թեհրան մեղմ ազդանշաններ կու տայ համաշխարհային յառաջատար դերակատարներուն եւ տարածաշրջանի ուժերուն:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Քիչ մը տարօրինակ է խօսիլ բարեկամութեան մը մասին, որ կրնայ վնաս պատճառել: Եթէ վնասակար է, ուրեմն բարեկամութիւն չէ: Մարդիկ արդէն իսկ սկսած են վարժուիլ նոր տեսակի եւ որակի բարեկամութիւններու:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մերուժան Պարսամեան, բանաստեղ, խմբագիր եւ հրապարակախօս: Ծնած է 8 հոկտեմբեր 1883-ին, Ակնի մէջ: Հայ ականաւոր բանաստեղծներէն է, որ իր ուրոյն ազդեցութիւնը ձգած է հայ բանաստեղծութեան վրայ: Եղբայրն է գրող՝ Մկրտիչ Պարսամեանի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ եւ օտարազգի վկայաբանութիւններ Հայոց երկրորդ քարոզիչ կը համարեն Բարթուղիմէոս առաքեալը՝ որ Աւետարանի մէջ յիշատակուած Նաթանայէլի հետ նոյն անձը կը համարուի։ (ՅՈՎՀ. Ա 43-51)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երկու մեծահասակներ, խորապէս արմատացած իրենց համոզումներուն մէջ, Երեւանի աննշմար մէկ անկիւնը իրենց հակասական կարծիքներով կը փորձէին ազգը «փրկել». մին կը մեղադրէր ռուսը, իսկ միւսը՝ ամերիկացին. առաջինը կը հաւատար, թէ ռուսը պարտի «փրկել» հայ ժողովուրդը, իսկ երկրորդը յոյսը ամբողջութեամբ դրած էր Ամերիկայի վրայ. գուցէ նման վէճեր Հայաստանի մէջ ամէ՛ն օր աւելի քան մի քանի տասնեակ հազար անգամ կը կրկնուի՝ առանց դրական արդիւնք մը փոխանցելու:
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց երիտասարդ ուխտաւորներ:
Նորին Սրբութիւնը զրոյցի ընթացքին յորդորեց կեանքի ուղեցոյց դարձնել եկեղեցւոյ գանձարանի անանց արժէքները:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Այսօր ընդունուած է ծաղրել, նսեմացնել, որպէս դատարկ խօսք ներկայացնել հայրենասիրութիւնը: Այդ ոչնչապաշտութիւնը (նիհիլիզմ) բնորոշ է՝ յատկապէս Հայաստանի իշխանական կամ իշխանամերձ շրջանակներուն:
Մոսկուա միշտ կը քննադատէ Երեւանի կողմէ առնուած քայլերը՝ յարձակելով նաեւ Արեւմուտքի վրայ
Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարները արժեւորեցին տարածաշրջանի ընդհանուր իրավիճակը:
Լոյտ Օսթին եւ Անտրէյ Պելոուսով կապուեցան ՆԱԹՕ-ի Ուաշինկթընի գագաթաժողովէն անմիջապէս վերջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ նոր հեռախօսազրոյց:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ՆԱԹՕ-ի Ուաշինկթընի գագաթաժողովէն վերադարձի ճանապարհին հերթական անգամ խօսեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին։ Օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ ան պատասխանեց հետեւեալ հարցման. «Իրանի մէջ նախագահ փոխուեցաւ։ Հայաստանի մէջ Փաշինեան խաղաղութեան կողմնակից նախադասութիւններ կը գործածէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ֆրանսա այս տարի իր Ազգային տօնը կը նշէ ներքին քաղաքական մեծ անորոշութեան մը մէջ։ 14 յուլիսի վաղուան տօնակատարութիւններէն վերջ, Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն պիտի ընդունի վարչապետ Կապրիէլ Աթալի հրաժարականը։