Արխիւ
ԱՐԹԻՒՐ ԻՓԷՔ
Ամըստամէ, կենաց ուղւոյ վրայէն սլացող թափօր մը կ՚առնէ նոր սկիզբ ամէն տարեգլուխին։ Քայլ առ քայլ, այս ուղիէն նոր ճիւղ մը կը ծլի եւ իմ խոկումներս խոյանքներ կը կատարեն դէպի այդ նոր ճիւղաւորումները՝ քիչ մը անցեալապաշտ, քիչ մը ապագայապաշտ նայուածքներով, բայց, ընդմիշտ նոր ի նորոյ արժէքներ փնտռելով։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Իւրաքանչիւր տարին կը սպասենք նոր սպասումներով, յոյսերով, երազներով։ Այնուամենայնիւ, յաճախ հիասթափութեան պատճառ կը դառնան մեր ակնկալիքները՝ այլ մարդոցմէ կամ ընդհանրապէս կեանքէն։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՊԷԼԱՆ
Ձեզմէ շատեր տեղեակ չեն վստահաբար. ուրկէ՞ պիտի գիտնաք։ Անցեալները, իր նոր նախաձեռնութիւններէն մէկուն որպէս ռեքլամ՝ Էլըն Մասք վիճակահանութիւն մը կազմակերպեր էր տարբեր ցամաքամասերու Կաղանդ պապաներուս միջեւ ու բախտը ժպտեցաւ ինծի։
Նոր տարին նոր յոյսերով կը լեցնէ մեր սրտերը: Բարի օրերու եւ յաջողութեան երազանքը կը տիրէ ամէնուրեք:
Նոր տարին դիմաւորելը պճնազարդ կաղանդի ծառերով, խրախճանքի սեղաններով եւ լուսաւորուած փողոցներով, սրահներով, զմայլելի արարողութիւններով ու գոյնզգոյն նուէրներով՝ արտայայտութիւնն է այս լաւատես ակնկալութեանց:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Խրղըզիստանը Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներէն մէկն է։ Ան լեռներով շրջապատուած գեղեցիկ երկիր մըն է, որ մաս կը կազմէր Սովետական Միութեան համակարգին։ 1991 թուականին Խրղըզիստան ստացաւ իր անկախութիւնը, երբ Սովետական Միութիւնը փուլ եկաւ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հազարամեակներու հոլովոյթին մէջ մարտահրաւէրները անպակաս եղած են հայութեան կեանքէն։ Թէեւ բոլոր ազգերու պարագային կարելի է նոյնն ըսել, սակայն, հայութեան հոգեբանութեան կամ գիտակցութեան մէջ պարագան այնպէս մը իւրացուած է, որ իրեն միշտ բաժին վիճակած է առաւելագոյնը, ծանրածանր բոլոր հետեւանքներով։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
2025 տարին արդէն կը թեւակոխենք շուտով եւ, բնականաբար, վերաքաղերը ամէն բնագաւառի մէջ անխուսափելի կը դառնան: Վերաքաղերը մարդկութեան այնքան ալ դասեր չեն տուած՝ ինչքան խտացումներու, հանգանակութիւններու, եզրակացութիւններու ձեւով լծուած են յագուրդ տալու մարդկային բաւարարուածութեան:
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը աւանդական խանդավառ հաւաքոյթով մը ողջունեց Ամանորը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեան ներքեւ, դպրոցի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքցիներու աւանդական Կաղանդի հանդիսութիւնը, որու ընթացքին բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ։
Գատըգիւղի ընտանիքը Նոր տարին կը դիմաւորէ աւանդական ոգեւորութեամբ ու բարձր տրամադրութեամբ։ Թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի Կաղանդի հանդէսը այս ամբողջին մէջ առանձնացաւ՝ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց՝ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Ս. Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան՝ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։
Հայաստանի մէջ Կիւմրի քաղաքէն ներս շաբաթավերջին ծագեցաւ հրդեհ մը, որ խլեց նաեւ զոհ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Շիրակի մարզի պատկան իշխանութիւնները տեղեկացուցին, որ հրդեհը ծագած է երէկ առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն։
Պոլիսէն, Հայաստանէն եւ սփիւռքի այլ օճախներէն յայտնի հեղինակներու աշխատակցութեամբ ճոխ բովանդակութիւն։ Այսօրուընէ մի՛ մոռնաք վերապահել ձեր թերթը՝ պատուիրելով մեր ցրուիչներուն կամ կրպակներուն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այժմու ճամբաբաժանին Սուրիոյ մէջ ալ հայութիւնը կը հետեւի Եգիպտոսի կամ Լիբանանի օրինակներուն՝ մինչ լռութիւնը պէտք է համարել զգուշաւորութիւն:
Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները դատարկուեցան ու դեռ ալ պիտի դատարկուին, իսկ անոնց փոխարէն հարստացան ու աւելիով պիտի հարստանան Հիւսիսային Ամերիակայի համայնքները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կաղանդի օրեր են: Նոր տարին շուտով իր իրաւունքներու մէջ կը մտնէ եւ յոյսով կը լեցնէ բոլոր սպասող սիրտերն ու հոգիները: Աւանդական Կաղանդը միշտ սիրելի է. կառչելով մեր նախնեանց աւանդութիւններուն եւ մեծերու խորհուրդներուն՝ աւելի գօտեպնդուած կը զգանք նոր օրերուն ընդառաջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ներկայ դարաշրջանին ընկերային ցանցերը հաղորդակցման միջոց մը ըլլալէ անդին, եղած են նաեւ ցուցադրական հարթակներ, ուր մարդիկ կը կառուցեն, կը վերասահմանեն եւ կը ներկայացնեն իրենց ինքնութիւնը արտաքին աշխարհին։ Այդտեղ կացուցուած անձնաւորութիւնները դիմակներ են, որոնք մարդիկ կը դնեն հասարակութեան կողմէ ընդունուելու եւ հաւանութեան արժանանալու համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ՚ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ եւ իմ ետեւէս գայ». (ՄԱՏԹ. ԺԶ 24)։ Ուրեմն, այն՝ որ չի վերցներ իր խաչը եւ Յիսուսի ետեւէն չի գար՝ Անոր արժանի չէ՛։ Եւ ան՝ որ խաչը կը վերցնէ եւ Յիսուսին կը հետեւի, առաքեալ եւ դեսպան կ՚ըլլայ Անոր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պէտք է յայտնել, որ սեռական դաստիարակութիւն ըսուածը նոր բան մը չէ. աւելի քան երկու հարիւր տարի եւ աւելի տարիներ առաջ մարդիկ մտածած են այն բանին մասին, որ աւելի լաւ է ճիշդ ձեւով սեռական դաստիարակութիւն փոխնցել՝ քան մանուկը ապատեղեկատուութեամբ լեցնէ իր ուղեղը եւ եթէ երկու հարիւր տարի առաջ մարդ արարած այս մտածումը ունեցած է, ապա այսօր շատ աւելիով պէտք է անոր մասին մտածենք, որովհետեւ մեր օրերուն որոշ տեղեկութիւններ (ճիշդ թէ սխալ) ձեռք բերելը շատ աւելի դիւրահաս է՝ քան անցեալին:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը Նոր տարին կը դիմաւորէ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մարալցիները շաբաթավերջին Ամանորի աւանդական խրախճանքին համար համախմբուեցան Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ։
Շաբաթ երեկոյեան, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմի համերգը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ տղաքը փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեցին՝ արժանանալով բոլոր ունկնդիրներու ծափահարութիւններուն։