Արխիւ
Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ, երէկ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ մատոյց Ս. Պատարագը եւ խօսեցաւ օրուան քարոզը։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Վարդանանց տօնակատարութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Վարդանանց տօնակատարութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի Ֆէրիգիւղի մէջ բացառիկ խանդավառութեամբ կը նշուի Վարդանանց տօնը՝ քանի կը զուգադիպի թաղի եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ս. Գայիանէ վանքէն ներս տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները, որոնց նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ երէկ շնորհաւորեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ 5-րդ անգամ վերընտրուեցաւ։ Այս հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ Շարլ Միշէլ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ամփոփ գրառումով մը։
Կեանքը յաճախ ճանապարհորդութեան մը կը նմանցուի։ Սա ունի, անշուշտ, իր տրամաբանութիւնը՝ քանի բազում համեմատութիւններ կրնան հաստատել կեանքի եւ ճանապարհորդութեան զուգահեռականները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նեթանիյահուի կառավարութեան սենեակներուն մէջ ուրուական. «Կազզէն ճահիճ դարձաւ Իսրայէլի համար»:
Մինչ լրատուամիջոցները կ՚անդրադառնան լուծման հաւանական ծրագրերու, կողմերու միջեւ ատելութիւնը խորացած է մեծապէս:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ամէն առաւօտ արթննալով, ոտքի կանգնիլ փորձելով, կեղծ յոյզերով կը թուէր, թէ օրէ օր, քայլ առ քայլ կը մօտենամ մոռացումի մատնուելու, կորսուելու։ Այնքան սովոր դարձած էր ինծի, թէ կեանքի պայմանները կը թելադրեն ապրելակերպս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լերան քարոզը (ՄԱՏԹ. Ե 3-12, ՂՈՒԿ. Զ 20-23), Յիսուս Քրիստոսի խորհրդաւոր պատգամախօսութիւնը՝ Անոր քարոզչութեան սկիզբին, անապատի փորձութենէն յետոյ, այն խօսքն է, որ Ան խօսեցաւ Իր աշակերտներուն, լերան վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամէ՛ն ժամանակաշրջան ունեցած է իր երիտասարդութիւնը եւ նոյն միջոցին երիտասարդութեան գործունէութիւնն ու ընթացքը քննադատող աւելի մեծ սերունդ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ բացուեցաւ անուանի լուսանկարիչ Վահան Քոչարի 75-ամեակին առթիւ անոր գեղանկարներուն ցուցահանդէսը՝ «Ոսպնեակէն անդին» խորագրով: Շատեր գիտէին, որ լուսանկարիչը նաեւ կը գծէ, բայց քիչեր տեսած էին անոր գեղանկարչական գործերը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վարդանանց պատերազմը հայ ժողովուրդի պայքարն էր յանուն հայ մնալու եւ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու։ Աւարայրի ճակատամարտը՝ 451 մայիս 26-ին հայ ժողովուրդին եւ պարսկական բանակին միջեւ տեղի ունեցած պայքարին գագաթնակէտն էր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր փետրուարի 8-ն է... եւ կամա՛յ թէ ակամա՛յ ծննդեանս օրն է. օր՝ որ աւելիով կը սկսիս մտածել, որ տարիքի վրայ թիւի մը յաւելումով քեզի տրուած կեանքէն կը պակսի տարի մը:
Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը համերգով մը հանդէս եկաւ Տիգրան Մանսուրեանի 85-ամեակին առթիւ:
Ռոպերթ Մլքէեանի մականին ներքեւ, Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ հնչեցին «Զուգահեռ երգեր»ը, «Քաւարան»ը եւ «Տարուայ եղանակներ»ը:
Ատրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութեան առաջին փուլին վերընտրուեցաւ Իլհամ Ալիեւ։ 7 թեկնածուներու ընտրապայքարի պայմաններով Իլհամ Ալիեւ ստացաւ ձայներու 90 տոկոսէն աւելին։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ աշխարհի վրայ որեւէ բան այլեւս երկրի այժմու Սահմանադրութեան ընդունուած պայմաններուն նման չէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահանգ Խաչատուրեան աւարտեց դէպի Պուտափեշտ պաշտօնական այցելութիւնը, որու եզրափակիչ փուլին հանդիպումներ ունեցաւ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի, Ազգային ժողովի նախագահ Լասլօ Քէօվերի հետ։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր Պաղտատի մէջ Իրաքի ղեկավարութեան հետ ունեցած շփումներէն վերջ անցաւ Էրպիլ, ուր եւս բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցաւ։
Գալֆաեան տան մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որով ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Հանդէսի ընթացքին տղաքը նախ հաղորդ դարձան Վարդանանց տօնի իմաստին, իսկ աւելի վերջ տօնախմբեցին Բարեկենդանը։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ հիւրընկալուեցաւ «Հապա եթէ»ի աշխատակազմէն Գայիանէ Կաւրիլօֆ, որ շուրջ տարիէ մը ի վեր աշխատանք կը տանի դպրոցի սաներուն հետ։ «Հապա եթէ»ն առցանց հարթակ մըն է, ուր հայերէնի ուղղեալ գործունէութիւն կը ծաւալուի։