Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հայր մեր»ի «Հայր» անուանակոչումը Աստուծոյ համար ունի շատ հին պատմական ենթահող եւ քրիստոնէութեան առաձնայատկութիւններէն չէ՛։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նոր տարին իր հետ բերաւ վերջերս ստեղծուած, արդէն իսկ «հին» նկատուող ատելութիւն մը. Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը այս տարի եւս պետական որոշ անձերու քինախնդրութեան եւ ատելութեան շնորհիւ չի հեռարձակեր Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի նոր տարուան ուղերձը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարերէ ի վեր չինական աստղագիտութիւնը մարդոց տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Այսպէս առաջին տարուան անունը սկսած է մուկով, անոր յաջորդած է ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ընկերական մի՛ ըլլար, ժամանակը որ կ՚ապրինք, ատելութեան ժամանակն է:
Հաւատարիմ մի՛ ըլլար, դաւաճանութեան ժամանակն է:
ԱՐԹԻՒՐ ԻՓԷՔ
Ամըստամէ, կենաց ուղւոյ վրայէն սլացող թափօր մը կ՚առնէ նոր սկիզբ ամէն տարեգլուխին։ Քայլ առ քայլ, այս ուղիէն նոր ճիւղ մը կը ծլի եւ իմ խոկումներս խոյանքներ կը կատարեն դէպի այդ նոր ճիւղաւորումները՝ քիչ մը անցեալապաշտ, քիչ մը ապագայապաշտ նայուածքներով, բայց, ընդմիշտ նոր ի նորոյ արժէքներ փնտռելով։
ԱՐՄԷՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ
Թուրքիոյ հայերուն համար կրթութիւնը միայն անհատական զարգացում մը չէ, այլ՝ մշակութային տեւականութեան կարեւոր միջոց մըն է։ Դպրոցները մեր մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ փոխանցման հիմնասիւներն են։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՊԷԼԱՆ
Ձեզմէ շատեր տեղեակ չեն վստահաբար. ուրկէ՞ պիտի գիտնաք։ Անցեալները, իր նոր նախաձեռնութիւններէն մէկուն որպէս ռեքլամ՝ Էլըն Մասք վիճակահանութիւն մը կազմակերպեր էր տարբեր ցամաքամասերու Կաղանդ պապաներուս միջեւ ու բախտը ժպտեցաւ ինծի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Իւրաքանչիւր տարին կը սպասենք նոր սպասումներով, յոյսերով, երազներով։ Այնուամենայնիւ, յաճախ հիասթափութեան պատճառ կը դառնան մեր ակնկալիքները՝ այլ մարդոցմէ կամ ընդհանրապէս կեանքէն։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Խրղըզիստանը Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներէն մէկն է։ Ան լեռներով շրջապատուած գեղեցիկ երկիր մըն է, որ մաս կը կազմէր Սովետական Միութեան համակարգին։ 1991 թուականին Խրղըզիստան ստացաւ իր անկախութիւնը, երբ Սովետական Միութիւնը փուլ եկաւ։
Նոր տարին նոր յոյսերով կը լեցնէ մեր սրտերը: Բարի օրերու եւ յաջողութեան երազանքը կը տիրէ ամէնուրեք:
Նոր տարին դիմաւորելը պճնազարդ կաղանդի ծառերով, խրախճանքի սեղաններով եւ լուսաւորուած փողոցներով, սրահներով, զմայլելի արարողութիւններով ու գոյնզգոյն նուէրներով՝ արտայայտութիւնն է այս լաւատես ակնկալութեանց:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
2025 տարին արդէն կը թեւակոխենք շուտով եւ, բնականաբար, վերաքաղերը ամէն բնագաւառի մէջ անխուսափելի կը դառնան: Վերաքաղերը մարդկութեան այնքան ալ դասեր չեն տուած՝ ինչքան խտացումներու, հանգանակութիւններու, եզրակացութիւններու ձեւով լծուած են յագուրդ տալու մարդկային բաւարարուածութեան:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հազարամեակներու հոլովոյթին մէջ մարտահրաւէրները անպակաս եղած են հայութեան կեանքէն։ Թէեւ բոլոր ազգերու պարագային կարելի է նոյնն ըսել, սակայն, հայութեան հոգեբանութեան կամ գիտակցութեան մէջ պարագան այնպէս մը իւրացուած է, որ իրեն միշտ բաժին վիճակած է առաւելագոյնը, ծանրածանր բոլոր հետեւանքներով։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նոր տարուայ սեմին, ինքզինքս վերագտնելու եւ վերարժեւորելու միտումով, աւանդութիւն յարգողի ճշդապահութեամբ, սենեակէս ներս քաշուելով, սեղանիս դիմաց նստած, աչքերս անոր վրայ դիզուած թուղթերուս եւ յուշատետրիս կեդրոնացած, առանձնանալու կարիքը կը զգամ:
Օրացոյցն ու ժամացոյցը, ըստ էութեան, կարգապահութեան երկու հիմնական խորհրդանշան կը համարուին։ Նոր տարուայ իմաստին հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ չէ՞ ժամանակի սահմանումը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարդկային ընկերութենէն ներս սովորութիւն է, որ իւրաքանչիւր տարեվերջին կատարեն հաշուեյարդար մը՝ տեսնելու, թէ անցեալ տարուան ընթացքին ի՛նչ յաջողութիւններու հասած են, ո՛ւր թերացած են, ի՛նչ ձախողումներ ունեցած են, որպէսզի ըստ այդմ սկսին իրենց նոր տարին՝ նոր ծրագիրներով, նոր տեսլականով, միշտ հաւատարիմ եւ ամուր կանգնած մնալով իրենց ունեցած արմատներուն վրայ, այլ խօսքով՝ սկզբունքներուն եւ նպատակներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոր տարիի մը սեմին մարդ բնականաբար կը հարցնէ. տարիները երբ հետզհետէ կը փոխուին եւ կը նորոգուին, մարդն ալ կը փոխուի՞ եւ կը նորոգուի՞, թէ մարդը նո՛յն «մարդ»ը կը մնայ ժամանակի շարունակական այս փոփոխութեան մէջ։
ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ
Նոր տարին դիմաւորելու տօնական մթնոլորտի ատեն մեզմէ շատեր որոշ երեւոյթներու, արժէքներու եւ գաղափարներու մասին կը մտածեն։ Այլ խօսքով, բարեմաղթութիւններով չենք սահմանափակուիր, այլ կը փորձենք կեանքը լաւագոյն կերպով արժեւորելու ձգտումը ունենալ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ի՞նչ իմաստ ունի փոխել տարեթիւը, եթէ մարդկութիւնը պիտի շարունակէ ծանրաբեռնուած մնալ նո՛յն վիշտով, որ ունէր հինին ժամանակ։ Ի՞նչ «նոր», երբ ժողովուրդին վիշտն ու թախիծը պիտի մնայ նոյնը։
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Աւազի ժամացոյցի սահող հատիկներուն նման՝ ամիսներ իրար յաջորդեցին ու անգամ մը եւս նոր տարուան մը սեմին հասանք՝ Կաղանդ է։
ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆ
Իվանքա Կոզաչէնկոն, «Սոլոմիյա» պարբերաթերթի լրագրողը, հետս կը քալէր դէպի գետնուղիի կայարան։ Ուշ գիշեր էր եւ փողոցը՝ մութ։ Մայտան հասնելուս պէս՝ տարօրինակ տպաւորութիւն մը անակնկալ կերպով մրրիկի պէս զիս հարուածեց։