Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօրուան յօդուածը կարդալէ ետք շատ աւելիով իրաւունք պիտի տաք հայ ազգի մեծերէն Աւետիք Իսահակեանի ըսած «Շատ մի՛ տխրիր, շատ մի՛ խնդար, սիրելիս», որովհետեւ թէ՛ տխրութիւնը եւ թէ ուրախութիւնը ժամանակաւոր արժէքներ են, սակայն խնդալը տխրելէն շա՜տ շատ աւելի դառն է, մանաւանդ երբ մարդ ժամանակ մը ետք յայտնուի այն կացութեան մէջ՝ որ նախապէս ծաղրած ու խնդացած էր:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր ժամը 15.00-ին ընդունեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Գուրուչէշմէի «Մենտըրին Օրիէնթըլ» պանդոկին մէջ, ուր այս առաւօտ տեղի ունեցաւ «3+3» հարթակի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն երրորդ հաւաքը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր ժամը 18.00-ին Իսթանպուլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ «3+3» հարթակի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ծիրէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչայիններէն Սրբուհի Հաֆիտուն, Շնորհիկ Զօրվարեանը եւ Մատլէն Թորամանը։ Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը այս տարի եւս ձեռնարկած է՝ կրթական մշակներու աւանդական հաւաքի նախապատրաստական աշխատանքներուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովը անկիւնադարձային էր։ Արդարեւ, ընդհանուր ժողովի մասնակիցները նոյնաժամանակ հաղորդ դարձան երկու նախագահի պատգամին։
Մինչ Պաղեստինի արիւնալի պատերազմը կը շարունակուի, Իսրայէլ երէկ Կազզէի մէջ սպաննեց «Համաս»ի առաջնորդ Եահիա Սինուարը։ Մօտաւոր անցեալին Թեհրանի մէջ սպաննուած էր «Համաս»ի նախկին առաջնորդը, որուն այդ պաշտօնին մէջ յաջորդած էր Եահիա Սինուար։
Լուսանկարչութեան անմոռանալի հանճարներէն, մեծանուն վարպետ երջանկայիշատակ Արա Կիւլէր երէկ ոգեկոչուեցաւ իր մահուան վեցերորդ տարելիցին առթիւ։ Արա Կիւլէրի գործերը ժամանակի մէջ որքան որ կ՚արժեւորուին՝ իրեն նկատմամբ կարօտն ալ այնքան բազմապատիկ կը մեծնայ եւ յետ պահու իրեն նկատմամբ յարգանքն ալ այնքան կ՚աւելնայ։
Այս առաւօտ տեղի ունեցաւ «3+3» հարթակի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը:
Ֆիտանի տանտիրութեամբ «Մենտըրին Օրիէնթըլ» պանդոկին մէջ կազմակերպուած հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Միրզոյեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ ժամանեց քաղաքս։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Իսթանպուլ եկած է՝ մասնակցելու համար Թուրքիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով խորհրդատուական հարթակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ «3+3» ձեւաչափով նախարարաց ժողովը տեղի պիտի ունենայ վաղը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովի լոյսին տակ դուռ կը բացուի բազմակողմանի դիտարկումներու։ Ըստ էութեան, Նիւ Եորքի մեծ հաւաքի ընթացքին արժեւորուեցան հաստատութեան բազմակողմանի գործունէութեան բոլոր ուղղութիւնները։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց արարողութեանց եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունան եւ գործակից ընկերները։
Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ, Ս. Թարգմանչաց տօնի շրջանին այս տարի կեանքի կոչուեցաւ հետաքրքրական ծրագիր մը, որ համախմբեց համայնքային հինգ լիսէներու սաները։ Այսպէս, անմոռանալի գրող Զաւէն Պիպէռեանի յիշատակին ձօնուած պատմուածք գրելու փառատօն մը կազմակերպուեցաւ, ինչ որ առիթ դարձաւ աշակերտներու ստեղծագործական ձիրքերու դրսեւորման։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ոմանք մեր ներկայ ժամանակաշրջանը սկսած են կոչել արհեստական բանականութեան ժամանակաշրջան: Թէ ի՞նչ է արհեստական բանականութիւնը, ի՞նչ դրական եւ ժխտական կողմեր ունի այն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տարուան այս եղանակը Հայաստանի պատմական խորհրդանիշներէն մէկուն՝ որդան կարմիր միջատի հարսնեակ դառնալու շրջանն է:
Ամէն տարի սեպտեմբերի 20-էն յետոյ Հայաստանի մէջ հողի տակէն դուրս կու գան պզտիկ այդ միջատները, որոնց պահպանութեամբ կը զբաղուի խումբ մը՝ կազմուած բնութեան պահակ-մասնագէտներէ:
ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Եթէ մարդ մը առանջին կանգնի եւ Տէրունական աղօթքը աղօթէ. արդեօք պէ՞տք է ըսէ. «Հայր իմ, որ երկինքն ես (փոխանակ Հայր մեր ըսելու)…»: Եւ այսպէս միւս խնդրանքներն ալ եզակի՞ պէտք է ըսէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը յիշենք երջանկայիշատակ Գարեգին Ս. Պատրիարք Խաչատուրեանի (Գարեգին Ա. Տրապիզոնցի Խաչատուրեան. 1951-1961) անմոռանալի խօսքը, թէ՝ ժպիտը մաքուր սրտի եւ հանդարտ խղճի մը արտայայտութիւնն է։ Արդարեւ, մասնագէտներ կ՚ըսեն, թէ՝ ժպիտը, այսինքն՝ թեթեւ խնդուկը այտի, դէմքի մկանները կը զօրացնէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 194 տարիներ առաջ՝ 17 հոկտեմբեր 1830 թուականին, ի բախտաւորութիւն հայ ազգին, լոյս աշխարհ եկած է հրապարակախօս, գրող, թարգմանիչ, բանասէր ու մանկավարժ Մատթէոս Մամուրեան. անոր գործերը լաւապէս սերտած անձեր պիտի հաստատեն, որ դժուար է գրականութեան մէջ գտնել իր ազգով մտահոգ հայ մը՝ ինչքան Մամուրեանը, որուն երազն էր տեսնել քաղաքակիրթ հայ ժողովուրդ մը՝ մարդկային բոլոր սրբազան արժեչափերուն համապատասխան:
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ իր երկրի յարաբերութիւնները աշխարհի վրայ կարեւորագոյններու շարքին են եւ անոնցմէ կախուած է թէ՛ երկու ժողովուրդներու բարեկեցութիւնը եւ թէ ամբողջ մարդկութեան ապագան։