Արխիւ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ (ապրիլի 10-ին), կառավարութեան ծրագրի 2023-ի արդիւնքներու զեկոյցի քննարկման ընթացքին, մէկդի դնելով վիճակագրութիւն ու զանազան՝ ընկերային, տնտեսական ծրագրերու գնահատականը, վարչապետ Փաշինեան կեդրոնացաւ «պատմական Հայաստան» եւ «իրական Հայաստան» ըմբռնումներուն, տեսլականներու բախումին, հակադրութեան քննարկման վրայ։
Մինչ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ժամադրուած են Աստանայի մէջ՝ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւն ալ յայտարարեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասէ ներս ամուր եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան շուտափոյթ հաստատման։
ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը պատերազմի սկիզբէն ի վեր արդէն եօթներորդ անգամ այցելեց Իսրայէլ:
Էնթընի Պլինքըն կեդրոնացաւ հրադադարի շուտով հաստատման եւ պատանդներու ազատ արձակման հարցերու վրայ:
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեան այս շրջանին հայկական հանրային կարծիքի դատին յանձնած է իր նոր գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս»։ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ աւելի առաջ «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքը հրատարակած էր, ներկայիս արդէն նոր անակնկալ մը մատուցած է ընթերցասէրներուն։
Փաշինեան. «Մենք հիմա ո՛չ թէ Կիրանցի, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը կը գծենք»:
Ըստ վարչապետին, յառաջիկայ տարիները վճռորոշ պիտի ըլլան պետութեան անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան համար:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մարդիկ կարծելով, թէ ժամանակի պահանջներուն հետ քայլ կը պահեն, խուժած են քաղաքներ՝ հեռանալով իրենց բնօրրաններէն եւ մանաւանդ՝ ներկայիս համարկուելով արդի արհեստագիտութեան: Այս ձեւով մենք կարծէք, թէ կորսնցուցած ենք մայր բնութեան հետ մեր կապերը, որոնք այնքա՜ն անհրաժեշտ են որպէս գունագեղ անհատներ գոյատեւելու համար:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Մեր տան դարձդարձիկ աստիճաններէն երբ իջնենք՝ առաջինը Սաթոյին եւ Մարիամին սենեակն էր, յետոյ հօրաքրոջս տունը եւ անոր կողքին պզտիկ խոհանոցով սենեակի մը մէջ տիկին Զարուհին կ՚ապրէր իր աղջկան՝ Արշալոյսին հետ։
Հեղինակ՝ ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն անգամ, երբ հայերէն լեզուով գիրք մը կը հրատարակուի (անշուշտ եթէ տեղեակ ըլլամ կամ հատորը՝ ստացած), իմ կողմէ համեստօրէն եւ անկեղծ մօտեցումով, ջերմ գնահատանքի տողերով կը փորձեմ անոր անդրադառնալ:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տարածաշրջանէն ներս ներկայ լարուածութիւնը, կամ դժուար հանգամանքները որոնց մէջով կ՚անցնի, կամ սիոնիստական, գաղութային կամ կայսերական սպառանլիքը (ինչպէս կ՚ուզես կոչէ զայն), որ կը վտանգէ արաբական գոյութիւնը իր բոլոր տարածքներէն ներս, ամենէն մեծ գլուխէն մինչեւ ամենէն փոքր գլուխը:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
2004 թուականի ապրիլի 12-ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ, «կարմիր պերեթաւորները»՝ կատարելով այն ժամանակուայ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հրամանը, վայրագ ձեւով յարձակեցան ցուցարարներու վրայ: Քաղաքացիները կը պահանջէին վստահութեան հանրաքուէ կատարել:
Միջազգային ճազի օրը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ Մայրաքաղաքի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ օրուան տեւողութեան տեղի ունեցան իրերայաջորդ համերգներ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մէջ այս շրջանին կը բաժնէ՝ Ֆրանսայի կողմէ նուիրաբերուած ժեներաթէօրները։ Թիւով չորս՝ 100 քիլօվաթ հզօրութեամբ այս տիզել ժեներաթէօրները ապահովուած են Ֆրանսայի շարք մը քաղաքապետարաններու եւ տեփարթըմաններու գանձատրումով, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի ջանքերով։
ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Ահմէտ Եըլտըզ յայտարարեց, որ Հայաստան կ՚ընթանայ ճիշդ ճանապարհով։
Երեւան եւ Պաքու աւելի դրական խօսոյթով մը արտայայտուիլ սկսած են հաշտութեան գործընթացին շուրջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ միշտ լաւատես Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու ապագային համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եօթը նկանակը եւ ձուկերը առաւ, գոհացաւ եւ կտրեց ու տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ ժողովուրդին տուին… Անոնք որ կերան՝ չորս հազար այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաքներէն զատ». (ՄԱՏԹ. ԺԵ 36 եւ 38)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խրիմեան Հայրիկի գրած «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան 11-րդ գլուխը կը կրէ «Մայր եւ դայեակ» խորագիրը. Հայրիկի համար մայրութիւնը առանձնայատուկ տեղ ու նշանակութիւն ունի. մայրական այդ գորովը ո՛չ ուսուցիչի պէտք ունի եւ ոչ ալ դասի, որովհետեւ բնութիւնը կ՚ուսուցանէ այդ բոլորը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք կանգ առին Հայաստանի առկայ խնդիրներուն եւ տագնապալից իրադրութեան վրայ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց բեմադրիչներ Էլա Եալչընն ու Ալէն Փերտեճին, որոնք «Մերհապա» անունով շարժանկարի ժապաւէնի մը արտադրութեան պատրաստութիւններուն ձեռնարկած են։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը այս տարի եւս միջվարժարանային մարզական խրախճանքով մը ոգեկոչեց՝ դպրոցի անմոռանալի ու երախտաշատ տնօրէններէն հոգելոյս Հայկ Նշանը։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութիւնը բծախնդիր աշխատանքով մը կազմակերպած էր այս մրցաշարքը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։
Երէկ երեկոյեան, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով։ Հերթական համագումարին առթիւ միութեան հաւաքատեղին փութացած էին Կեդրոնականի զանազան սերունդներէ սաներ, որոնք քուէարկեցին նոր վարչութեան ձեւաւորման համար։