Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ճիշդ է, որ անձի նկարագիրը եւ մտային կարողութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի իր ապագային վրայ, սակայն անուրանալի է նաեւ կրթութեան դերը. կրթական ծրագիրի անկատարութիւնը երկար ժամանակ մեծ վէրք մը եղած է մեր ազգի համար, որովհետեւ դժուարութիւնը ունեցած ենք հասկնալու, որ կրթական ծրագիրը քարացած իրողութիւն մը չէ, այլ մի՛շտ ենթակայ է փոփոխութեանց ու կատարելագործումի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 145 տարիներ առաջ՝ 1878 թուականին գրած իր մէկ յօդուածին մէջ Գրիգոր Զօհրապ կը գրէր.- «Պէտք չէ անպայման մեծ հարստութեան մը տէր ըլլալ բարեգործութեան մը ձեռնարկելու համար, այլ մեծ սիրտ» եւ անկասկած այդ «սիրտ»ը ունեցողներէն մէկն էր Պօղոս Նուպար փաշա, որ իր ունեցած մեծամեծ հարստութեամբ հանգստաւէտ կեանք մը վայելելու փոխարէն կեանք մը ամբողջ նուիրեց բարեգործութեան:
Թուրքիա-Ռուսաստան-Սուրիա-Իրան առանցքին վրայ երէկ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցան՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։ Քառակողմանի բանակցութիւններու հիման վրայ որոշուեցաւ այս չորս երկիրներու ղեկավարներուն ներկայացնել Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ ճանապարհային քարտէս մը, որ պիտի պատրաստուի յառաջիկային։
Այս կիրակի, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նախատեսուած են բանակցութիւններ, որոնց ընդառաջ երկու երկիրներու սահմանին վրայ արձանագրուեցաւ նոր մագլցում եւ լարուածութիւնը վերստին թափ հաւաքեց։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդէսին ներկայ գտնուեցան Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Սամաթիոյ ընտանիքէն վարչայիններ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին Թուրքիոյ տեսակէտէ բախտորոշ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ -4:
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման նոր գործընթացը կ՚արժեւորուի՝ քուէարկութեան հաւանական արդիւնքներու վերաբերեալ հաշուարկներու լոյսին տակ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ամէն անգամ Տէրը իմ հաւատքի զօրութիւնը կը չափէ փորձութիւնով մը: Ամէն անգամ ես կը կտրուիմ իմ այդ քննութենէն: Փառքդ շատ Տէր Աստուած:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանցի Ռոզալիա Աբգարեան յունիսի 17-ին կը դառնայ 100 տարեկան: Ան երեւի թէ Հայաստանի մէջ միակ ողջ մնացած կինն է, որ մասնակցած է Երկրորդ աշխարհամարտի մաս կազմող պատերազմներէն մէկուն՝ Հայրենական մեծ պատերազմին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարտ ամսուան վերջերուն Երեւանի մէջ տիար Յակոբ Չոլաքեանի 75-ամեակին առիթով կազմակերպուած մեծարանքի երեկոյթի ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի տնօրէն, Պատմական գիտութիւններու թեկնածու՝ Արսէն Բոբոխեանը իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Յակոբ Չոլաքեանի կերպարին, երեք յատկանիշներ առանձնացուց, որոնք միաւորուած են պրն. Չոլաքեանի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ մէկը ամէն տեսակի մեղքեր կը գործէ եւ միւսը կը չարախօսէ, երկուքն ալ հաւասար կերպով կը դատուին եւ կը պատժուին։ Արդարեւ, գողութիւնը եւ շնութիւնը Պօղոս առաքեալի կողմէ չարախօսութենէն եւ բամբասանքէն աւելի մեծ անօրէնութիւններ նկատուած չեն, սակայն անոնք եւս «չարիք» են։
Երէկ երեկոյեան, Մարդու իրաւանց միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Պէյօղլու, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւն մը։ Այս առթիւ յանձնուեցան՝ ի յիշատակ հանգուցեալ մտաւորական Այշէնուր Զարաքօլուի հաստատուած տարեկան մրցանակները։
Մինչ շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորումով պայմանաւորուած դիւանագիտական երթեւեկը վերստին թափ կը հաւաքէ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Խաղաղութեան աղօթք՝ Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան ու խաղաղութեան համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին Թուրքիոյ տեսակէտէ բախտորոշ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ -3:
Տարեմուտի ցնցիչ երկրաշարժներուն հետեւանքները յաչս ժողովուրդին մերկացուցին քաղաքաշինութեան թերութիւններու յաղթահարման համար համակարգային լուծումներու անհրաժեշտութիւնը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Իմ սիրելի տօներէն մին: Համայն հայոց, արցախցիներու սիրելի տօնը:
Ամէն տարի այդ օրը իմ սիրտը կը փառաւորուէր: Արցախը, իր քաղաքամայր Ստեփանակերտով կը պճնուէր:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ե՞րբ պէտք է երեխան ծիծէն կտրել: Ինչպէ՞ս կերակրել երեխան ծիծէն ետք: Փոխեր, մսաջուրը, մսեղէն, բանջարեղէն, շաքարեղէն, միրգ: Ոգելից խմելիք: 2-3 տարեկան երեխային օրական սնունդը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իմաստուն կին մը ճամբու եզերքը ինկած քար մը կը գտնէ։
Յաջորդ օրը ան ճամբորդի մը կը հանդիպի՝ որ շատ անօթի է, եւ կինը իր քովի հացը կը կիսէ անոր հետ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ կեանքի դժուարութիւնները թուարկող անձ մըն էք, խնդրեմ անոր վրայ աւելցնէք նաեւ մահը, որովհետեւ ինչպէս Մուշեղ Իշխան կ՚ըսէր «Մեռնիլը որքան դժուար է». ծնիլը դժուար, ապրիլը դժուար, սակայն մեռնիլը դիւրին կը կարծէինք, սակայն վերջապէս հասայ այն եզրակացութեան, որ ապրելու նման դժուար է նաեւ մեռնիլը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու անդամներէն Յարութիւն Տավուլճեանը։ Ներկայ էին նաեւ «Մարալ» երգի-պարի համոյթի վարիչներէն Կարպիս Չափքանն ու Արի Չոլաքը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Սայաթ Նովայի ձօնուած երաժշտական խրախճանք մը, որ կազմակերպուած էր երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Քիւչիւքօղլուի ջանքերով։