Արխիւ

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ վերջերս շրջայց մը կատարեցին դէպի Վոսփորի արեւելեան ափը։ Այսպէս, դպրոցի Ե. եւ Զ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Գանտիլլիի աստղադիտարանը, որ կը գործէ Պողազիչի համալսարանի հովանաւորութեան ներքեւ։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024

«Արաս» հրատարակչութեան աղբիւրները երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուցին, որ ստեղծուած է «Եսայեան» մշակոյթի եւ գրականութեան միութիւնը։ Նորաստեղծ միութիւնը հիմնուած է «Արաս»ի հովանոցին ներքեւ եւ պիտի գործէ հրատարակչութեան համալիրէն ներս։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի քսաներրորդ օրն է:
Ղպտի Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Հայր Մաթթա ալ-Մըսքին, պահքի մասին հետեւեալը կը գրէ. «Պահքը պատրաստութիւն է ընդունելու համար Աստուծոյ կենդանի Խօսքը՝ որպէս Նոր Օրէնք:

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024

Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Պաքուի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ վարչապետ Ալի Ասատովի կողմէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024

Երեւանի մէջ, սեպտեմբերի 17-20-ին տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթաժողովը, որու առաջինը տեղի ունեցած էր 2022 թուականին։ Սա կը կազմակերպուի Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի գրասենեակին կողմէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Գահիրէ, ուր կը հիւրընկալուի Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ-Սիսիի կողմէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024

Երէկ երեկոյեան ժամերուն Չանաքքալէի մէջ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը։ Էփիկեդրոնը կը գտնուէր քաղաքի Ենիճէ գաւառակին մէջ։ Ժամը 21.38-ին պատահեցաւ շարժը, որու սաստկութիւնը կազմեց՝ ռիխթերեան չափանիշով 4.9։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ ընդունեց Անգլիոյ բանուորական կուսակցութիւններէն Տէյվիտ Լեմին։ Այս վերջինը կը համարուի Անգլիոյ կառավարութեան «ստուերային արտաքին գործոց նախարարը»։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ սահմաններուն վրայ այս ամառ ահաբեկչութիւնը պիտի վերջանայ։
Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան հերթական նիստը։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024

Արարատ Միրզոյեան Անթալիայի երրորդ Դիւանագիտական ֆորումին ներկայացուց «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը:
Ըստ Լաւրովի՝ Երեւանի յայտարարութիւնները կը ստիպեն, որ Մոսկուա հետեւութիւններ ընէ սեփական քայլերը ծրագրաւորելու ժամանակ:

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայկական հասարակութեան մեծ տոկոսին համար «Համաս»ը ծայրայեղականներու շարժում մըն է։ Հայկական հանրային կարծիքը ցայսօր կը շարունակէ շփոթով նայիլ Մերձաւոր Արեւելքի մեծ քարտէսին։ Վստահաբար, ան չի զանազաներ Դամասկոսն ու Պէյրութը կամ 1948 թուականի արաբներն ու Երուսաղէմի սրտին մէջ ծուարած «Ժընին»ը։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ոչ միայն անասուններուն մէջ կան բնազդներ, այլ նաեւ մարդուն մէջ՝ որ խօսուն են եւ իմաստուն։ Այսպէս, ուրեմն, երբ աչքը «կը խաղայ»՝ բնազդով նոր մէկը տեսնելու նշան է, կ՚ըսեն. եւ անոր կարեւորութիւն կու տան յաճախ:

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բանտերու բարձր պատերու ստուերին եւ աղօտ լուսաւորուած միջացքներուն մէջ ամէ՛ն օր կը լսուի արձագանգը այն պայքարին, որ տեղի կ՚ունենայ իւրաքանչիւր բանտարկեալի հոգիին եւ միտքին մէջ. անոնց «մեղաւոր»ի կարգավիճակը յաճախ պատճառ կը դառնայ, որ անտեսուի անոնց ապրումները. ընկերային կեանքի մէջ մեծ ուշադրութիւն կը պահանջէ բանտարկեալներու հոգեբանութիւնը, որովհետեւ անոնք կրնան լուրջ հետեւանքներ ունենալ:

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը այս օրերուն հաղորդագրութիւն տարածելով տեղեկացուց, որ 23 փետրուար 2024-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, աւարտեցան Աստուծոյ Ծառայ Կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի աճիւններուն կանոնական հետախուզութիւնն ու կնիքներուն զետեղումը փայտէ դագաղին վրայ, որ կը պարունակէ բիւրեղեայ մասնատուփ մը:

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Փիլիսոփայութիւնը կը կողմնորոշէ մարդու աշխարհահայեացքը եւ իւրաքանչիւր տնտեսական ու ընկերային համակարգ, իրականութեան մէջ, հիմնուած է անոր վրայ։ Փիլիսոփայութիւնը մարդկային ամենավառ գաղափարներու արտադրանքներէն մին է։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024

Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան շաբաթավերջին հովուական այցելութիւն մը տուաւ Էլազըղի հայ համայնքին։ Ս. Նշան մատրան մէջ կատարուեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որու աւարտին տէր հայրը քարոզեց նիւթ ունենալով Մեծ պահքն ու անոր կիրակիները, պահքի իմաստը, ապաշխարութեան կարեւորութիւնը եւ ներումը:

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024

Պէյօղլուի ընտանիքը այս շաբաթավերջին նշեց Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 95-ամեակը։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Նարեկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ լուսաւորիչներ» խորագրով համերգ մը, որ յատկանշական էր յոբելենական ծրագրի շրջանակէն ներս։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Տնտեսի կիրակիի արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի քսաներկրորդ օրն է:
Սուրբ Աթանաս Հայրապետը կը գրէ. «Եթէ պահք պահեցիր՝ սակայն լեզուիդ չհսկեցիր, ապա պահեցողութիւնդ օգուտ չի՛ տար եւ ի զուր կ՚երթայ»:

Շաբաթ, Մարտ 2, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Իսթանպուլի մօտ Ճաբոնի աւագ հիւպատոսութեան կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։

Էջեր