Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր գրութիւններուն մէջ յաճախ կ՚ըսենք, որ պէտք է կարդալ հիները, ո՛չ թէ որովհետեւ «նոր»երը տալիք կամ «ըսելիք» չունին, այլ պարզ այն պատճառով, որ հակառակ ժամանակներու փոփոխութեան շատ անգամ անցեալը հայելին կը դառնայ ներկային, որովհետեւ ինչպէս գիտենք, պատմութիւնը ինքզինք կրնկելու ոչ դրական սովորութիւն մը ունի:
ՍԳԱԿԻՐՆԵՐ՝ ՀՐԱՆԴ, ԿԱՄՔ ԵՒ ԵՐԱԶ
ԵՒ ԹՈՌՆԵՐ՝ ՄԱՏԹԷՈՍ ԵՒ ՍԱՐԻՆ
Մարդ արարածը կեանքի ճամբորդ է։ Կը ծնի, ֆիզիքապէս կ՛աճի: Կեանքի փորձառութիւններ կ՚ամբարէ։ Գիտակցական համոզումներով ընտրութիւններ կ՚ընէ, ապա, եւ միայն ապա՝ մտայնապէս եւ հոգեպէս կը կազմուի։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւազանի անունով Վարդգէս: Ծնած է Պուրճ Համուտի Նոր Արագած թաղամասին մէջ, Լիբանան, 1941-ին:
Նախնական ուսումը ստացած է Սիսի, այդ օրերուն՝ Լուսինեան, ապա՝ Աքսոր Գասարճեան Ազգային վարժարանէն ներս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ՝ Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»էն։
Երազները ունին զանազան պատճառներ։ Կայ պարագայ՝ որ երբ մարդ բերնով բան մը կը խօսի, նոյն բանով միտքը կը զբաղի նաեւ, երբ մարմինը կը հանգստանայ եւ կը քնանայ. կայ պարագայ ալ, որ բանի մը վրայ չի մտածեր, եւ սակայն կը տեսնէ երազին մէջ։ Եւ ասոր պատճառները երկու են։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն մօտաւորապէս երկու տարի առաջ՝ երկուշաբթի, 11 ապրիլ 2022 թուականին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսաւ «Ծիծիկներ» խորագրեալ յօդուածս, որուն յաջորդող օրը հրատարակուեցաւ «Ջայլամախտ» խորագրեալ յօդուածը, որուն մէջ մանրամասն բացատրեցինք, թէ ինչու համար մէկ օր առաջուան յօդուածը լոյս տեսած էր «Ծիծիկներ» խորագրով:
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ Ռազմավարական դրութեան եօթներորդ ժողովը:
Բանակցութիւնները գլխաւորեցին արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն:
Թուրքիա միշտ պատրաստ՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա խաղաղութեան գագաթաժողով մը հիւրընկալելու:
Անգարա յամառօրէն հետամուտ՝ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի գործարքի վերականգնման եւ սնունդի անվտանգութեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Երեւանի համար առաջնահերթութիւն կը համարուի հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն ու զարգացումը։
Երէկ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Արման Սրկ. Մարաշլեան:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Վաղարշապատ քաղաքի աւագանիի «Էջմիածին» խմբակցութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ Սեւակ Խաչատրեանի։
Արաբերէնէ թրգմ.՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի քսանեօթներորդ օրն է:
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ հայրապետներէն՝ Շնուտա Գ.-ի մէկ գրութիւնը, ուր հայրապետը տասը կէտերու մէջ ճիշդ պահեցողութեան քայլեր կ՚առաջարկէ պահք պահողներուն համար:
Երէկ, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները 8 մարտի Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ հանդէս մը ներկայացուցին, ինչ որ առիթ դարձաւ խանդավառութեան։ Թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին տղաքը իրենց ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։
ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Կէօքհան Եիւքսէլ այցելեց Շիշլի մարզակումբ։ Վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Կէօքհան Եիւքսէլը, որ անմիջական զրոյցի ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ իր ծրագիրներուն շուրջ։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
-Օհօ՜՜՜… ուրիշ օր չգտաւ մեռնելու…
-Վաղը գացէք…
Հազիւ տասներկու-տասներեք տարեկան գանգատեցանք Ալինը եւ ես մեր մայրերուն, որովհետեւ արդէն ճամբայ պիտի ելլէինք Նոր Քաղաք երթալու։ Շուտով Զատիկ էր եւ մենք գնումներ ունէինք։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջազգային իրադարձութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր փուլ մըն է։ Խօսքը չի վերաբերիր միային Մեծն Մերձաւոր Արեւելքի գործընթացներուն, այլեւ շատ աւելի լայն պարունակի մը մէջ է՝ համընդհանուր պրիսմակի եւ միջազգային քաղաքական բեմահարթակին վրայ ակնկալւած իրադարձութիւններով հանդերձ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մարտի 8-ի՝ Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ հրապարակեց շնորհաւորական պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի քսանվեցերորդ օրն է:
«Սուրբ պահեցողութեան ճամբորդութեան ընթացքին, մեր Փրկիչը քայլ առ քայլ կ՚ընկերակցի մեզի, որպէսզի խորհինք մեզմէ իւրաքանչիւրին նկատմամբ իր ունեցած անսահման սիրոյ մասին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կասկածէ վեր է, որ Ուքրայնայի բանակը՝ մասնաւորապէս կարգ մը սահմանամերձ հատուածներուն մէջ, մեծ նահանջներու դէմ յանդիման է։
Ուքրայնայի տարածքին մէջ ռուսական զօրքը ո՛չ միայն յաջողութիւններու կը հասնի, այլեւ իր տիրապետութեան տակ կ՚առնէ ռազմավարական նշանակութեամբ շրջաններ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կանանց միջազգային օրը, որ հնարաւորութիւն մըն է յիշելու, թէ կիներու իրաւունքները ինչպէ՛ս հասած են մինչ օրս, ամէն տարի կը նշուի զանազան միջոցառումներով, ցոյցերով եւ կազմակերպութիւններով։ Իսկ Կանանց միջազգային օրը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եւ իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց Մեզի». (ԵՓԵՍ. Դ 32)։
Ներել, ներողամիտ ըլլալ… այնքան աստուածահաճոյ արարք մըն է, բայց նոյնքան ալ դժուար եւ հակառակ՝ մարդկային բնութեան, մանաւանդ եսամոլ եւ ինքնակեդրոն նկարագիր ունեցողներու համար։