Արխիւ
Լիբանանահայ երիտասարդներ երէկ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Պէյրութի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանը եւ «Արեւելք» կայքէջը մանրամասնութիւններ հաղորդած են Պէյրութի մէջ, Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած ցոյցին կապակցութեամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ կարճ գրառումով մը հանդէս եկաւ՝ շատ ամփոփ խորհրդածութիւն մը ընելով երկրի առկայ քաղաքական իրադրութեան շուրջ։
Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ Հայաստան յարգէ՝ պայմանագրով ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ճանապարհը կ՚անցնի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջութենէն:
ԱՄՆ կը պատրաստուի Հարաւային Կովկասէ ներս տեղակայել՝ աղէտներու արձագանգման խումբ մը:
Ըստ վերջին տուեալներուն, Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան տարհանուածներուն թիւը հասաւ 84 հազար 770-ի:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ՝ նախընթաց օր կազմակերպուած հաշուետուութեան հաւաքոյթը կարեւոր դիտարկումներու եւ խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու իրադրութեան շուրջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ինչո՞ւ երբեմն կը զգանք, թէ բաց կը թողենք կեանքը, կը սահի մեր ձեռքերէն ակամայ:
Երբեմն կը զգանք, որ անցեալին չենք կրցած կեանքն ու մեր երիտասարդութիւնը լիարժէք ապրիլ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութեան անյեղլի, անշարժելի օրէնքն է՝ կերպարանափոխութիւնը (metamorphosis)։ Երբ կերպարանքը փոխուի նոյնիսկ, էականը չի՛ փոխուիր. գեղեցիկը՝ նորէ՛ն գեղեցիկ է, ի՜նչ կերպարանք որ ալ ստանայ այն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայկական գաղութները, աշխարհի տարածքին կամաւոր ձեւով չէ՛ որ հիմնուեցան. մեր ճակատագիրն ու պատմութիւնը իր վերիվայրումներով պատճառ եղաւ, որպէսզի ստեղծուին գաղութներ եւ կազմեն հայկական սփիւռք մը:
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Արարողութեան ընթացքին ոգեկոչուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ միաբաններէն Տ. Շահան Արք. Սվաճեան՝ վախճանման 10-րդ տարելիցին առթիւ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Աւստրալիոյ նահանգային խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Քիմ Ճէյմսի եւ Հակ Մըքտերմոթի։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը հրատարակած է պատանի ընթերցողներու ուղղեալ նոր գիրք մը, որ կը կոչուի՝ «Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը»։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ աւագ հիւպատոս Ռամի Հաթանը։
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ երեկոյեան համայնքային շրջանակները հիւրընկալեց՝ ներկայացնելու համար շուրջ տասնմէկ ամսուան գործունէութեան արդիւնքները, որոնք ողջունելի պատկեր մը կը պարզեն եւ յոյս կը ներշնչեն մօտաւոր ապագային նոր ձեռքբերումներ ապահովելու առումով:
Ատենապետ Սարգիս Չեթինքայա երախտագիտութիւն յայտնեց Պետրոս Շիրինօղլուին, Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուին, որոնց ջանքերով իր գլխաւորած կազմը կարողացաւ գործի գլուխ գալ՝ ներառական ընտրութեան մը հիման վրայ:
Կարպիս Էվեափան եւ Սայաթ Տելիճէ մանրամասն բացատրութիւններ տուին՝ ներկայացնելով հաշուեկշիռ մը, որու երեսակները կը համընկնին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման առաջնահերթութիւններուն:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը գնահատանքի խօսքին մէջ ընդգծեց՝ բաժնելու ոգին ամրապնդելու հրամայականը: Հարցումներու եւ առաջարկներու ժամանակ ուշագրաւ ելոյթներ ունեցան նաեւ Ֆէրիգիւղի, Պէյօղլուի եւ Սամաթիոյ եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները՝ Մանուկ Էօղէր, Աքսել Թոփալեան եւ Նուրհան Տավուլճեան:
Երէկ երեկոյեան, Մեճիտիյէգիւղի «Թրամփ» առեւտուրի կեդրոնի գեղարուեստասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Cem Olmak» երեկոյթը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ համախմբած այս ձեռնարկը երաժշտութիւնով եւ պարով տրամա մըն էր:
Արցախի ժողովուրդը փութով կը լքէ իր պապենական տարածքները։ Ներկայիս արդէն Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած 65 հազար 36 հոգի մուտք գործած է Հայաստան։
Արցախի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունենալէ պիտի դադրի 1 յունուար 2024 թուականէն սկսեալ։ Լեռնային Ղարաբարի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագրին մէջ նշուած է, որ սեպտեմբերի 19-էն վերջ ստեղծուած է ռազմաքաղաքական ծանր իրավիճակ։
Արցախի կազմալուծման մթնոլորտին մէջ, երէկ հաղորդուեցաւ, թէ ձերբակալուած է Ռուբէն Վարդանեան, որ մօտաւոր անցեալին, յետպատերազմեան փուլին կարճ ժամանակ մը վարած էր Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարարի պաշտօնը:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Հայկական կողմը շատ սահմանափակ տեղեկութիւններ հաղորդեց զրոյցի բովանդակութեան շուրջ, իսկ թրքական պաշտօնական աղբիւրները որեւէ հաղորդում չըրին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեսրոպեան հնագոյն դպրոցներէն եղած է Ամարասը, ուր Ե. դարուն Մեսրոպ Մաշտոց բացած է Արցախի առաջին դպրոցը: Վանքը Արցախի ամենահին ու հաւատացեալներու կողմէ ամենասիրուած քրիստոնէական կոթողներէն մէկն է…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•Ներկայ խռովայոյզ ու տագնապահար աշխարհին մէջ առանձնապէս, երբ Արեւելքն ու Արեւմուտքը, Հիւսիսն ու Հարաւը կ՚եռեւեփին հրաբխային քուրայի մը մէջ, երբ քաղաքական ու յեղափոխական աշխարհասասան խմորումներ ու վերիվայրումներ կը սպառնան հիմնովին վերափոխել ափրիկեան, ասիական, յատկապէս մերձարեւելեան ու փոքրասիական գօտիներու աշխարհագրական քարտէսը՝ քաղաքական ու ազգագրական բոլորովին նոր աշխարհի մը ձեւաւորումով, մեր բացակայութիւնը կրկին, պատմութեան բախտորոշ այս հանգրուանին, կազմակերպական տնտեսաարհեստագիտական, դիւանագիտական, քաղաքական կամ յեղափոխական եռեակ մակարդակներու վրայ, կրնայ ճակատագրական անդարմանելի հետեւանքներ ունենալ մեր ժողովուրդի ապագային համար: