Արխիւ
Այս տարուան ամառնամուտին Երեւանի մէջ նախատեսուած է բժշկական կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, աշխարհի յառաջատար հիւանդանոցներէն ուռուցքաբաններ յառաջիկային Երեւան պիտի ժամանեն՝ մասնակցելու համար տարուան բժշկագիտական կարեւորագոյն իրադարձութեան։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ գիտական հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ «Գիտութեան օր» կոչուած էր այս ծրագիրը, որու ընթացքին աշակերտները մանրակերտ կամուրջներ արտադրեցին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն խումբ մը խորհրդարանականներ։ Այսպէս, Պունտեսթակի Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս բարեկամութեան խումբի պատուիրակութիւնը, որ շփումներ ունեցած էր Երեւանի մէջ, այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ ուղեկցութեամբ Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններէն Լիլիթ Կիրակոսեանի։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 31-րդ օրն է:
Այսօր մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Ղպտի լուսահոգի հայրապետներէն Կիւրեղ Զ.-ի պահքի մասին քարոզէն հատուած մը:
ԳՀԽ յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ Բերձորի միջանցքի փակման 100-րդ օրուան կապակցութեամբ:
«Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին հետեւողականօրէն պիտի պաշտպանէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը»:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Արցախի ցաւը իւրաքանչիւր գիտակից հայունն է:
Ես արցախցի մըն եմ: Իմ արմատները՝ անխախտ, կու գան Արցախէն: Այս փաստը մշտապէս փառաւորած է իմ հոգին:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս տողերով կ՚ուզեմ ըսել անհրաժեշտն ու ճշմարիտը։ Չեմ փորձեր աշխարհը համոզել։ Ընթերցելը երկնքի եւ լոյսի պատուհանները բացող ջերմութիւն է՝ ինչպէս ըսած են իմաստունները։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սննդատուութեան խնդիրին կարեւորութիւնը: Մանուկներուն մահանալը: Մանկիկին մարսողական գործարաններուն առաջնայատկութիւները: Անոր թուքը, ստամոքսը, աղիքները, կղկղանքը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աւանդութիւն» կը նշանակէ՝ նախնիներէ ժառանգուած կամ ընդօրինակուած վարժութիւններ, սովորութիւններ։ Հայրերէ աւանդուած սովորութիւններ կան, որոնք այսօր եւ գալիք դարերուն համար ալ պահպանուելիք վսեմ ժառանգութիւններ են։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Անդրադառնամ մեր Հայաստան այցելութեան եւս, որ զուգադիպեցաւ մեր մանուկ հասակին սովետական վերջին հանգրուաններուն: Հայաստան իբրեւ էոյթ, ինքնութիւն, պատկանելիութիւն, չափանիշ եւ շատ շատ բաներ, մեր մտքին մէջ նոյն արեւմտեան իտէալականացումի ոճով բայց ուրիշ դրսեւորմամբ ու չափով կար ու կը գործէր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչն է տարբերութիւնը իմաստուն եւ յիմար կիներուն միջեւ:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն, բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ» (Առ 14.1):
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2024 թուականին Ֆրանսայի եւ Հայաստանի մէջ մեծ շուքով պիտի նշուի Հայաստանի ազգային հերոս, երգիչ, երգահան, դերասան, հասարակական գործիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակը: Երկու երկիրները պատշաճ կերպով կը պատրաստուին նշանաւոր արուեստագէտի մէկդարեայ յոբելեանի արարողութիւններուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուծոյ հանդէպ կարեւոր պարտականութիւն մըն է աղօթքը։ Յիշելով զԱստուած, յաճախ Իր մասին խորհելով, զԻնք տպաւորած՝ Իր պատկերը նորոգած կ՚ըլլանք մեր հոգիին մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վստահաբար ինչպէս ամէն ընտանիքի մէջ, ձեր մէջ եւս յաճախ վիճաբանութիւններ կը կատարուի եւ վստահ եմ, որ դուք եւս համոզուած էք, թէ անոնց պատճառները շատ անգամ անիմաստ ու փուճ են եւ հետեւանքը ոչնչութիւն, սակայն որպէս մարդ այդ մէկը կամայ թէ ակամայ տեղ կը գտնէ մեր առօրեայ կեանքէն ներս:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը։ Պետական այցելութիւն մըն է այս մէկը, որու ծրագիրը կեանքի կը կոչուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ գործադրուած արարողակարգով։
Նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Նիքոս Տենտիաս երէկ հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ:
Թուրքիա եւ Յունաստան որոշած են միջազգային բեմահարթակի վրայ զարգացնել իրենց համագործակցութիւնը:
Փաշինեան հեռաձայնով զրուցեց Պլինքընի հետ, Միրզոյեան Մոսկուայի մէջ ընդունուեցաւ Լաւրովի կողմէ:
Մինչ Արցախի պաշարումը արդէն 100-րդ օրը լրացուցած է՝ Հարաւային Կովկասէ ներս հարցականները կը շարունակեն կուտակուիլ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանի մէջ, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) յարկին տակ եւ կազմակերպութեամբ Քեսապէն ու Մուսա լեռնէն հայրենաբնակ երիտասարդներու, տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյթ մը, մեզմէ ի պատիւ Յակոբ Չոլաքեանի, որ մեզմէ շատերուս համար յայտնի անուն մըն է։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գիշերային մթութեան մէջ կամաց կամաց կը տիրապետէ անձայնութիւնը եւ բնութեան մէջ թաքնուած մատուռ մը կը պատրաստուի հսկման արարողութեան։ Ս. Յակոբ մատուռն է սա, Ս. Ներսէս ճեմարանի, ուր ամէն օր գրեթէ կը հնչէ աղօթքը հոգեւորականաց, աշակերտաց եւ հաւատացելոց։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 30-րդ օրն է:
Տէր Աստուած երբ Մովսէսին ընտրեց, որպէսզի Իր խօսնակն ու դեսպանը ըլլայ հրեայ ժողովուրդին մօտ, եւ զանոնք ստրկութեան երկրէն՝ Եգիպտոսէն հանելով առաջնորդէ դէպի խոստացուած երկիր՝ Քանան, Մովսէս սկիզբը կը վախնայ, չ՚ուզեր ընդունիլ. յետոյ Տէրը անոր նշաններ գործելու կարողութիւն կու տայ, ձեռքին գաւազանը օձի վերածելու, ձեռքը ծոցին մէջ դնելով բորոտանալու, ինչպէս նաեւ գետին ջուրը արիւնի վերածելու: