Արխիւ
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ Ֆրանսահայ աղբիւրները կը հաղորդեն, որ այցելութիւնը նախատեսուած է սեպտեմբերի 10-ի շուրջ, այսինքն այս շաբաթավերջին կամ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին։
Անգարա եւ Աթէնք համամիտ՝ առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ նոր մօտեցումներ որդեգրելու համար:
«Ապօրինի գաղթի հարցը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ մրցակցութեան, այլ համագործակցութեան ոլորտ՝ նոր մահերը կանխելու նպատակով»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պատիժի վա՞խն է միակ արգելքը յանցագործութեան։ Պատիժի, նախատինքի եւ անպատուութեան վախը բարերար «թումբ» մը՝ արգելք մըն է ընկերային օրինազանցութեան եւ զեղծումի դէմ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Արցախի մարդասիրական աղէտը օրէ օր կը սաստկանայ։ Չի բաւեր Բերձորի միջանցքի խափանումը, Ատրպէյճան աւելի ու աւելի կը լկտիանայ՝ անարգելով նաեւ միջազգային իրաւական ու բարոյական օրէնքները։
Պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք յայտարարեց, որ գնաճի դէմ պայքարը թէեւ որոշ ժամանակի կը կարօտի, սակայն ի վերջոյ համբերութիւնը պիտի արդարանայ։ «Անցումային շրջանի մը մէջ ենք։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազգային երախտաշատ բարերար Նազար Նազարեան։ Օգոստոսի 28-ին, ան 98 տարեկան հասակին հրաժեշտ առած է երկրաւոր կեանքէն, ինչ որ մեծ ցաւ յառաջացուցած է թէ՛ սփիւռքեան շրջանակներէն ներս եւ թէ համահայկական հարթութեան վրայ։
Երեւանէն երկար ժամանակէ ի վեր հետեւողական քննադատութիւններ կը հասցէագրուին Մոսկուային։ Վերջին օրերուն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ իտալական մամուլին տրուած հարցազրոյցը եղաւ այս երեւոյթին նոր դրսեւորումը։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Պաքու տակաւին չէ արձագանգած՝ խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրին վերաբերեալ Երեւանի նոր առաջարկներուն։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս տեղեկացուցած էր, որ հայկական կողմը նոր առաջարկներ ներկայացուցած է։
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականները դարձեալ պիտի հանդիպին այս ուրբաթ:
Անցեալ մարտէն վերջ երկու ընտրանիներուն պատասխան մրցումը տեղի պիտի ունենայ Էսկիշեհիրի նոր մարզադաշտին վրայ:
Թուրքիա-Յունաստան առանցքին վրայ ներկայ աշունը կ՚ենթադրէ զգալի աշխուժութիւն մը։ Անգարայի եւ Աթէնքի ղեկավարութիւններու միջեւ դիւանագիտական խտացեալ շփումներ կը նախատեսուին այս շրջանին։
Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի փոխադրութեան գործարքի վերակենդանացման ուղղութեամբ յոյսեր:
Էրտողան եւ Փութին Սոչիի երէկուան բանակցութիւններէն վերջ ներկայացուցին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի դիրքորոշումները:
Հոկտեմբերի 1-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը արդէն հետզհետէ կը բնորոշէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օրակարգը։
Շիշլի մարզակումբին նախաձեռնութեամբ Գնալը կղզիին մէջ կազմակերպուած ամրան դասընթացքները եզրափակուեցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ակումբը այս ամառ 6 մարզաձեւերու պարագային դասընթացքներ կազմակերպեց՝ արձակուրդի շրջանին համախմբելով պատանիներն ու երիտասարդները։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Փոքր Ասիոյ Սեբաստիա կամ Սվազ նահանգին մէջ գտնուող Յաղթ (Աղտք) հայաբնակ գիւղը 1895 թուականէն առաջ եւ յետոյ, նկարագրուած է յաղթեցի գրագէտ Տրդատ Տրդատեանի «Յաղթը եւ յաղթեցիները» գիրքին մէջ, լոյս տեսած 1959 թուականին, Պոսթըն՝ Առաջին աշխարհամարտէն ետք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթած յաղթեցիներու ուժերով:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սուրիահայութիւնը ներկայիս կը դիմագրաւէ բազում դժուարութիւններ։ Սուրիահայ եկեղեցական ու քաղաքական կառոյցներու պաշտօնական դիրքորոշումը պատմականօրէն եւ Սուրիոյ տարածքին խլրտումներուն, քաղաքական ալեկոծումներուն եւ ամենածանր քաղաքաքացիական պատերազմներու հաւանականութիւններուն կամ նոյնիսկ բռնկման դէպքերու ընթացքին անփոփոխ եղած է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Անօրէն մարդը իր վերցուցած կաշառքով ի՞նչ կ՚ընէ:
Պատասխան. Առակագիրը շատ հետաքրքրական նկարագրութիւն մը կու տայ կաշառք վերցնողի մասին, երբ կը գրէ. «Անօրէն մարդը ուրիշին ծոցէն կաշառք կ՚առնէ, որպէսզի արդարութեան ճամբան ծռէ» (Առ 17.23):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անոնք որ Սուրբ Հոգին կը ցանկան եւ աստուածային սէրը կը բաղձան, Աստուծոյ Որդւոյն գալուստը կը սպասեն եւ անմահութեան եւ յաւիտենական կեանքի փառքը կը տենչան, մի՛շտ դէպի երկինք կը նային եւ յարատեւօրէն երկնային կեանքի ուրախութիւնը եւ երջանկութիւնը կը փափաքին. կ՚արհամարհեն, կը մերժեն եւ կ՚ուրանան ինչ որ վաղանցուկ եւ ժամանակաւոր է եւ օրէ օր վե՛ր կը բարձրանան ո՛չ միայն իրենց ճշմարիտ, անկեղծ հաւատքովը, այլեւ իրենց առաքինի եւ տիպար կեանքովը…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սփիւռքի մէջ տարածուած է այն մտայնութիւնը, որ երկրին տեղական լեզուն շատ աւելի կարեւոր է՝ քան հայերէն լեզուն, հաւատալով այն թիւր «ճշմարտութեան», որ սփիւռքի այս կամ այն գաղութին մէջ ապրող երիտասարդը իր մայրենի լեզուէն աւէլի կարիքը պիտի ունենայ երկրի տեղական լեզուին՝ իր աշխատանքի եւ ընկերային շրջանակներէ ներս. նոյնիսկ պետական քննութիւններու ընթացքին տեղական լեզուի իմացութիւնը աւելիով պիտի գնահատուի՝ առանց հարցնելու, թէ հայերէն գիտէ՞, թէ ոչ:
Երէկ, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, մահուան առաջին տարելիցին առթիւ ոգեկոչուեցաւ լուսահոգի Անժէլ Արսլանեան, որու յիշատակին շուրջ համախմբուեցան համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր։
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այցելեց Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ, նաեւ բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։