Արխիւ
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեսրոպաշունչ երգեր» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկ մը։ Այս առթիւ հանդէս եկաւ համակրելի երգիչ Պարթեւ Կարեան։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Չհասութեան գաղափարը հին եւ նոր ազգերուն մէջ: Մուհամմէտն ու Մովսէսը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդներուն տարեկան հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պըրպենքի մէջ:
Լոս Անճելըսի եռօրեայ քննարկումներուն ժամանակ ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ համահայկական օրակարգի հրատապ հարցերուն վրայ - Քաղաքավարական այցելութիւն՝ Հայաստանի հիւպատոսարան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Նախանձ». զգացում մը՝ որ այնքան վատ, այնքան չար եւ նոյնքան վնասակար, միայն վնա՛ս կը պատճառէ ենթակային։
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան նախանձի մասին հետեւեալը կ՚ըսէ. «Մենք երբ իրարու դէմ կը կռուինք, մեր մէջ մախանքն է, որ մեզ իրարու դէմ կը լարէ…։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հայութեան դերը մեծ է Սուրիոյ բժշկութեան զարգացման եւ հիւանդանոցներու հիմնադրման մէջ: Պատկառելի թիւով հայ բժիշկներ որոշիչ ներդրում ունեցած են այս ոլորտին մէջ եւ սերունդէ սերունդ այդ դերակատարութիւնը իր արդար ու գործնական տեղն ու կշիռքը գտած է Սուրիոյ բժշկական եւ ընկերային-ծառայողական կեանքին մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ո՞րմէ մարդը պարգեւներ կը ստանայ: Այդ պարգեւները գործածակա՞ն են:
Պատասխան. Աստուած է մարդուն պարգեւներ տուողը, եւ այդ պարգեւները ձրիաբար կը ստանայ մարդ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ երգիծանկարիչ, հրապարակախօս եւ խմբագիր Ալեքսանտր Սարուխանի թոռնուհին՝ Սիլվա Ներետեան-Բլատեան ստանձնած է իր անուանի մեծ հօր ստեղծագործութիւններու պահպանման եւ տարածման պատասխանատուութիւնը:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնակատարութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագը եւ խաղողօրհնէքը համախմբեցին հոծ թիւով հաւատացեալներ։
Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Լաչինի միջանցքի առկայ վիճակին կապակցութեամբ։ Թուրքիա այս հարցին վերաբերեալ դիրքորոշում արտայայտեց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մօտ կատարուած պաշտօնական դիմումէն վերջ։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը վաղը պիտի գումարուի՝ Հայաստանի դիմումին ընդառաջ:
Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի կ՚ուղեւորուի մասնակցելու համար՝ բաց ձեւաչափով նախատեսուած նիստին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արցախի առկայ պաշարումով պայմանաւորուած ողբերգական իրավիճակին մէջ, հայկական համայնապատկերը կը ցոլացնէ ամբողջական ձախողման դրուագներ։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կատարուած դիմումով հանդերձ, նախաձեռնութեան ճպոտը անցած է Երեւանէն Պաքուին, որ կրնայ քանի մը շաբաթ սպասել նոր արարքի մը երթալու համար՝ մանաւանդ ստեղծուած հակազդեցութեան պայմաններով, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան վաղուց կորսնցուցած է ազդու գործօն մը ըլլալու բոլոր հիմքերը։
Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար Օսման Աշքըն Պաք երէկ երեկոյեան այցելեց Գնալը կղզի, ուր մասնակցութիւն բերաւ՝ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ կազմակերպուած մարզական խրախճանքին։ Նախարարին ընկերացաւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։
Պաշարեալ Արցախին համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս դիմեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով արտահերթ նիստ մը գումարելու պահանջով Հայաստան պաշտօնական պահանջ ներկայացուց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տաղաւար տօներու յաջորդող երկուշաբթի օրեր հանգուցեալ հաւատացեալներուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի։ Ի՞նչ է «հոգեհանգիստ»ը։
Հոգեհանգիստը աղօթքի արարողութիւն մըն է, որ կը կատարէ Եկեղեցին՝ Քրիստոսով ննջող իր անդամներուն հոգիներուն համար։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ կը բողոքենք ու կը քննադատենք, թէ Հայաստանի մէջ այսօր, նոյնիսկ պետական մակարդակի վրայ հայերէն շատ մը բառերու փոխարէն կը գործածուի ռուսերէն եւ օտար բառեր: Սակայն այդ մէկը միայն Հայաստանի համար յատուկ չէ. կամայ թէ ակամայ մարդ իր շրջապատէն ազդուելով իր մայրենի լեզուն կ՚աղաւաղէ. Լիբանանի կամ Սուրիոյ մէջ ապրող հայը արաբերէն, Ամերիկա ապրողը՝ անգլերէն եւ Պոլիս ապրողը բնականաբար թւրքերէն բառեր պիտի խառնէ իր առօրեայ խօսակցութեան մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օրերս ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած լուսանկար մը խառն զգացողութիւններ պարգեւեց: Լուսանկարը հրապարակողը Նոպէլեան հայ մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեանի հայրն է՝ Սարգիս Փաթափութեանը: Ան լուսանկարուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Արարատ տուն» հաստատութեան մէջ, նաեւ իր քովը Ռոպին հայկական ծագումով մարդամեքենան է:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Գերմանացի փիլիսոփայ Ֆրիտրիխ Հեկել պատմելու շատ բան ունի մեր եւ կեանքի մասին… Մեր ամենահիմնական պարտաւորութիւնները՝ իրարու եւ մեր մոլորակի հանդէպ, կրնան լուսաբանուիլ այս փիլիսոփայի կողմէ, որ իր գաղափարները գրի առած է 1800-ականներու սկիզբին:
Գնալը կղզիի մէջ, երէկ յետմիջօրէին, Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ ձեւաւորուած մարզական աւանդութիւնը ունեցաւ իր հերթական շարունակութիւնը։ Այսպէս, կղզիի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան Թաքսիմ-Սահակեան ֆութպոլի հանդիպումները։
Տարեսկիզբի սարսափելի երկրաշարժով ցնցուած Վաքըֆլըգիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ երէկուան տարեկան անուան տօնախմբութիւնը փայլուն անցաւ:
Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարին առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհած հովուական այցելութիւնը խրախուսեց գիւղացիները եւ ամրապնդեց վերականգնման յոյսերը: