Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Քանզի Աստուծոյ բարկութիւնը երկինքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը եւ անիրաւութեանը վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ բռներ են». (ՀՌՈՎՄ. Ա 18)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այնպէս ինչպէս եկեղեցւոյ պարագային հաւատացեալները, նոյնպէս ալ մամուլի պարագային ընթերցողները կը պակսին եւ կարծես օրէ օր այդ պակասը աւելիով կը զգացուի՝ շատ անգամ յուսահատութեան մատնելով խմբագրութիւններն ու գրողները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 5-րդ օրն է:
Համբերութեան հայր՝ Յոբ Երանելին իր գլուխին եկած փորձութիւններուն ու կրած նեղութիւններուն ժամանակ, այսպէս արտայայտուած է. «Երանի՜ թէ ուզածս կատարուէր ու տար Աստուած այս բանը, որուն կը սպասէի, այսինքն Աստուած զիս ճնշել ուզէր ու ձեռքը երկնցնելով զիս կործանէր:
Հարցազրոյց «Ազատութիւն»ին. «Լաւ առիթ ներկայացած է, մեծ ողբերգութիւն մը տեղի ունեցած է, իսկ ողբերգութիւններու շուրջ պետութիւնները կրնան գալ գլուխ-գլխի»:
Վերլուծաբան Թաթուլ Յակոբեան կը մեկնաբանէ Հայաստանէն Թուրքիա ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութեան քայլը. «Մենք լո՞ւրջ պետութիւն ենք, թէ պետութիւն չենք. սա է խնդիրը»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հետ միջազգայնօրէն տեսանելի երկխօսութիւն հաստատէ։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը նախատեսէ այցելել Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ ռուս նախարարին պաշտօնական այցելութիւնը տեղի ունենայ փետրուարի 27-28-ին։
Մինչ Թուրքիա կը ջանայ դիմագրաւել իրերայաջորդ երկրաշարժներու ծանր հետեւանքները, երկրէն ներս մեծ նուիրահաւաք մըն ալ սկսած է առկայ ծանր իրավիճակին մէջ հնարաւորութիւնները կեդրոնացնելու եւ զօրակցութիւնը առաւելագոյն մակարդակին հասցնելու համար։
Մեծ պահոց շրջանի առաջին Արեւագալը երէկ տեղի ունեցաւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Հաւատացեալներ արդէն լեցուցած էին եկեղեցին, ուր լսեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր պատգամը։
Ֆրանսայի նախկին վարչապետներէն Էտուար Ֆիլիփ վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։ Երեւանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուելու առընթեր, Էտուար Ֆիլիփ այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 4-րդ օրն է:
Քրիստոսի աշխարհ գալուստով եւ փրկագործական ծրագիրը իրագործելով, մարդը մեղքէ ազատագրուեցաւ եւ Օրէնքի տիրապետութենէն ազատելով, անցաւ շնորհքի թագաւորութեան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեր եկեղեցին ահա կրկին բացած է քառասնօրեայ շրջանը Մեծ Պահքի, որ հոգեւոր հայրերը սահմանած են իբրեւ ինքնամաքրման, ինքնաճանաչման, հոգեւոր պատրաստութեան եւս մէկ առիթ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
6 փետրուար 2023 թուականը երկար տարիներ պիտի մնայ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն միտքին մէջ: Այդ օր տեղի ունեցած սոսկալի երկրաշարժին հետեւանքները՝ բոլոր առումներով, երկար ժամանակ պիտի առնէ վերակառուցելու եւ այդ շրջաններուն մէջ կեանքը իր բնականոն հունին վերադարձնելու համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գիտութիւն-կրօնք յարաբերութիւնը, անկասկած, մարդկային միտքը ամենէն շատ զբաղեցնող հիմնական հարց մըն է եղած ամբողջ պատմութեան ընթացքին։ Ուստի այս հարցը ուսումնասիրուած է բազմաթիւ մտաւորականներու կողմէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի վրայ բոլո՛ր կործանարար ու աւերիչ բաները մի՛շտ ալ մարդուն կը ներկայանան պսպղուն ու դիւթիչ ձեւով կը յայտնուին եւ կը յաջողին յափշտակել ու իրենց ճիրաններուն մէջ առնել անոնք՝ որոնք պարզամտութեամբ կը զմայլին եւ յանկարծ կը յայտնուին անոնց թակարդին մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 3-րդ օրն է:
Այսօր մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հատուածներ Բաբգէն Ծայրագոյն Վարդապետ Կիւլէսէրեանի (ապա՝ Աթոռակից Կաթողիկոս Սահակ Խապայեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին) Առաջաւորաց Պահքի առիթով գրուած «Պահքի ըմբռնումը» քարոզէն հատուածներ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Դուք երբեւէ վախցա՞ծ էք կարօտէն:
Դուք երբեւէ կարօտցա՞ծ էք մէկը:
Ես՝ այո: Իմ բովանդակ կեանքին մէջ առաջին անգամ սարսափեցայ կարօտէն:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հագուստին նշանակութիւնը: Ինչպէ՞ս պէտք է պարուրել: Մեր պարուրներուն վնասակարութիւնը: Հագուստէն եւ պարուրէն ի՞նչ կը պահանջուի: Փաթաթաններն ու հագուստը ի՞նչ կտորներէ պէտք է ըլլան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդոց սիրելի բարեկամներ են ծառերը՝ որոնք կու տան մեզի ի՛նչ որ ամրան տոգորիչ օրերուն՝ գերազանցապէս ցանկալի եւ գնահատելի է ստուերամած զովութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեւէ մտածա՞ծ, էք թէ ձեր կեանքի ընթացքին քանի՞ անգամ «ինչո՞ւ» հարցը տուած էք. եթէ ոչ, ապա պատասխանը անյստակ է, որովհետեւ մեր մարդկային կեանքը իր ամբողջութեանը մէջ «ինչո՞ւ»ներու շարան մըն է՝ որ ո՛չ սկիզբ եւ ոչ ալ վերջ ունի:
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարը՝ տքթ. Հրայր Ճէպէճեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ քաղաքս։ Ան պիտի մասնակցի Աստուածաշունչի ընկերութեան տարածաշրջանային տարեկան խորհրդակցութեան, որ այս անգամ դարձեալ Իսթանպուլի մէջ տեղի կ՚ունենայ։