Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ տեղեկացուց, որ շուտով կրնայ հանդիպում մը ունենալ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան. «Եկեղեցին պիտի շարունակէ առաքելութիւնը՝ անկախ հալածանքի չափէն»: «Ելքեր միշտ կ՚ըլլան, երբ ըլլայ կամք, քաջութիւն, խոհեմութիւն եւ պետականամէտ մտածելակերպ», կ՚ըսէ Սրբազանը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կայսեր ընծաներով վարձատրուած՝ Պետրոս կաթողիկոս վերադարձաւ Հայաստան, բայց 1024 թուականներուն ան հեռացաւ Սեբաստիոյ Սենեքերիմ թագաւորի մօտ եւ այնտեղ մնաց մինչեւ 1029 թուականը, երբ առ ժամանակ Կարսի Աբաս թագաւորի մահուան առթիւ վերադարձաւ Անի։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Բոլորը չէ, որ կը սիրեն ամառը ճանապարհորդել․ տօթը, հեւքը, ամառնային աղմուկը, խճողուած օդակայանները, ճանապարհներու փոշին՝ շատերը ետ կը պահեն ճամբորդութեան գաղափարէն, սակայն նոյնինքն ամառն է, որ հռչակուած է իբրեւ ճանապարհորդութեան եղանակ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեր գործընկերներէն Վարանդին հետ ներկայ գտնուեցանք «Պետութիւն-եկեղեցի փոխյարաբերութիւնները հայոց պատմութեան ընթացքին» խորագրեալ բանախօսութեան, այն սպասումով, որ ըլլայ անաչառ պատմական վերլուծութիւն մը՝ ինչ որ հեռու էր մեր ակնկալութենէն:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Ահա՛ ետդարձի միւս ճամբաս.
Դէպի «Սեւան» վերադառնալու համար սուրճ խմած պահուս մեր նստասենեակին պատերուն կը նայիմ ես. չզարմանաք. բան մը, որ ընելու համար ոչ թէ վազելու, այլ՝ դանդաղ առաւօտի մը կարիք կ՚ունենամ ես։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցնող օրերուն Մայր Աթոռի շրջափակէն ներս ականջալուր եղայ իրողութեան մը, որ մէկ կողմէ խռովք պատճառեց, իսկ միւս կողմէ մտորումներու գիրկը նետեց եւ առիթ հանդիսացաւ այս տողերը գրելու:
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ - Արաբերէնէ թարգմանեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Արդեօք պատահականութի՞ւն էր, որ ես անոր հանդիպեցայ, հիմա, նոյն այն տեղը, ուր առաջին անգամ դիտեցի զինք;
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Արդէն քառորդ ժամէ ի վեր թոռնիկիս յաճախած մանկապարտէզի դրան մուտքին, շատ մը ծնողներու հետ, Գալիֆորնիոյ տաք արեւէն պատսպարուելու համար, նիհար ծառի մը շուքին տակ կեցած, ես ալ անհամբեր կը սպասէի արձակուելու զանգին:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Չեմ գիտեր, բարեբախտաբա՞ր, թէ՞ դժբախտաբար, ամրան, միա՛յն ամրան ոչ շատ երկար ամիսներուն ընթացքին կրնամ վայելել դանդաղ առաւօտները։
ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆ
Սուրբ Ղազար կղզին միշտ կը մագնիսացնէ ուշադրութիւնը համայն հայութեան, որ անոր մէջ կ՚ողջունէ անժամանցելի արժէքներու ինքնուրոյն համադրութիւնը: Վառ դրուագներ վենետահայ կեանքէն. վախճանեալ Հ. Վահան Յովհաննէսեանի ցայսօր անյայտ երգի մեկնաբանութիւն եւ հայուհիներու մասնակցութիւն՝ Վենատիկի ոճով թիավարութեան մրցաշարքի:
Անգարայի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի տարեկան ժողովը՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրօ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան ապահովման վերաբերեալ հարցեր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան-Մոսկուա օրակարգը միշտ յագեցած կը մնայ տարակարծութիւններով ու հակադրութիւններով: Հորիզոնի վրայ կ՚ուրուագծուին բարդ երեւոյթներ. Հայաստան պէտք է խուսափի Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու
վատթարացումէ, որովհետեւ կրնայ դէմ յանդիման մնալ իր որդեգրած դիւանագիտութեան կապակցութեամբ պահանջներու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երկարաշունչ յօդուածաշարքէ մը ետք հասանք Լինքընի նամակի վերջին նախադասութեան. «Տես, թէ ի՛նչ կրնաս ընել». այս տողին մէջ ամփոփուած է ուսուցիչի մը պարտաւորութիւնը.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պետրոս Ա. Գետադարձ (1019-1058թթ.) կաթողիկոս դարձաւ ծանր եւ աղէտալից շրջանի մը մէջ՝ երբ հայրենիքի եւ եկեղեցւոյ վիճակը ԺԱ. դարու երկրորդ քառորդէն սկսած, քայքայուեցաւ՝ տարագիր եղաւ հայ ժողովուրդը իր հայրենի երկրէն.
«Ճշմարտութիւնը շատ կողմնակիցներ ունի, բայց, պաշտպանները քիչ են», կ՚ըսէ Պղատոն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խղճմտանքին կրթութիւնը ամբողջ կեանքին պարտականութիւնն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Սորվեցուր անոր հաւատա՛լ ինքն իր անձին. այլապէս ան պիտի հաւատայ մարդոց».
