Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 10, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ժամանակակից արագընթաց աշխարհին մէջ թեքնոլոժիի օգտագործումը դարձած է մեր կեանքի մէկ մասը: Այս իրավիճակի արդիւնքին յառաջացած է հասկացութիւն մը, որ կը կոչուի տեսողական կամ թուային յոգնածութիւն, ինչ որ ճնշուածութեան եւ յոգնածութեան տեսակ մըն է։

Երկուշաբթի, Մարտ 10, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Արժանիք» եզրը կը նշանակէ ընդհանրապէս «այն հատուցումը՝ զոր հասարակութիւն մը կամ ընկերութիւն մը պարտի կատարել իր անդամներէն մէկուն գործին փոխարէն՝ նկատուած իբր բարիք կամ չարիք, արժանի վարձատրութեան կամ պատիժի»։

Երկուշաբթի, Մարտ 10, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կան որոշ մարդկային բնութիւններ, որոնք մեր կամքէն անկախ մեր մարդկային խառնուածքին անբաժանելի մէկ մասն են: Այնպէս, ինչպէս ուրախութիւնը, սարսափը կամ այլ զգացում, զայրոյթը եւս բնազդային արձագանգ մըն է։

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Ինչպէս նախորդ մեր յօդուածի վերջաւորութեան ըսինք, որ հակառակ պատիժի ունեցած դրական ազդեցութեան, շատ մը մտաւորականներ ու փիլիսոփաներ միշտ ալ դէմ եղած են պատիժ հասկացողութեան:

 

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ծնած է 1875-ին, Մուշի Արդերդ կամ Յարդերդ գիւղը: Աւազանի անունով Խաչատուր:

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

​Հաւաքականութեան յայտարարուած գագաթնակէտային նպատակը մարդուն բարօրութիւնն ուերջանկութիւնն է, իսկ անոր գաղտնի գործելաոճը շահն է ու հարստանալու անյագութիւնը:

 

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025

Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ, երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան տան մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր՝ «Կանանց շարժման ներշնչիչ հայեայցք մը» խորագրին  ներքեւ։

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասը վերջերս համալրուեցաւ երիտասարդ ուժով մը։

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայ Երուսաղէմը միշտ կիզակէտին. քաղաքապետարանի եւ պատրիարքարանի դէմ յանդիման եկած փուլին բազմաբնոյթ հարցումներ: Բացի «Կովերու պարտէզ»ի տագնապէն, Ս. Աթոռի գլխավերեւը կուտակուած են աւելի մոխրագոյն ամպեր՝ միշտ կալուածական հարցերու շուրջ:

 

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025

ՀՐԱՆԴ  ՄԱՐ­ԳԱ­ՐԵԱՆ

Այնքան արեւ կայ Հայաստանում
Այնքան պատմութիւն կայ Հայաստանում
Այնքան յուշ կայ Հայաստանում

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025

ՍԵ­ՒԱՆ ՍԵ­ՄԷՐ­ՃԵԱՆ

Մարտի ութն է եւ կը քալեմ փողոցներով... Ո՞ւր են ձեր փողոցները. Երեւան, Գահիրէ, Իսթանպուլ, Պէյրութ, Հալէպ, ովկիանոսին մի՞ւս կողմը... Ամէնուր են, մէջս են իմ փողոցներս։ Գլուխս բարձրացուցած, առանց գետին նայելու կը քալեմ ու չեմ վախնար իյնալէն. խորտուբորտ, թաց, փշոտ, զառիվեր, զառիվար, նեղ, անել... գիտեմ ես քալած ու քալելիք ճամբաներս։

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Քաջալերուի՛նք, սիրելինե՜ր, ներկայ Մեծ պահքի շրջանին, քանի կա՞յ մէկը, որ կարծուի, թէ անոր համար մեղքերու թողութիւն, փրկութիւն կարելի չէ։

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Ոմանք վերանգիրը կարդալով թերեւս զարմանան եւ հարցնեն, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ պահեցողութիւնը առիթ է դարձեալ դրախտ մտնելու:

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Երեւան-Թիֆլիզ օրակարգի եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ նախատեսուած խաղաղութեան պայմանագիրը չէ ստորագրուած, որովհետեւ անոր նախագծին մէջ դեռ կան երկու յօդուածներ, որոնց շուրջ կարելի չէ եղած համաձայնութիւն գոյացնել։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Իսրայէլ կ՚ուզէ արաբ կամ մահմետական բոլորին վրայ յարձակիլ։
Անգլիական «Financial Times» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ նախարար Հաքան Ֆիտան ընդհանուր արժեւորում մը ըրաւ միջազգային օրակարգի խնդիրներուն կապակցութեամբ։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

«Երեւանեան երկխօսութիւն» Բ. միջազգային համաժողովի ընդառաջ դիւանագիտական խորհրդակցութիւն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ օտարերկրեայ դեսպաններու մասնակցութեամբ ծանօթացման հաւաք:

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Վերջին տարիներուն ամբողջովին կորսնցուցած ենք կեդրոնանալու մեր ունակութիւնը։ Այլեւս չենք կրնար քանի մը վայրկեանէն աւելի զբաղիլ որեւէ բանով, ուշադրութիւն դարձնել կամ կեդրոնանալ։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Աստուած որ մեծ ողորմութիւնով, Իր առատ սիրոյն համար որ մեզ սիրեց՝ երբ յանցանքներու մէջ մեռած էինք, մեզ Քրիստոսի հետ կենդանացուց». (ԵՓԵՍ. Բ 4-5)։ Պօղոս առաքեալի այս խօսքերուն համաձայն, ուրեմն, վերստին ծնած հաւատացեալը մանուկ մըն է, որ կը սկսի հոգեւորապէս մեծնալ։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հակառակ այն իրողութեան, որ պատիժ բառը ինքնին ոչ-դրական ազդեցութիւն մը կը ձգէ մարդուն վրայ, սակայն, իր մէջ ունի որոշ դրական նպատակներ, որոնք պատիժի գոյութիւնը արդար եւ տանելի կը դարձնեն։

Էջեր