Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օրերս գրադարանին մէջ հանդիպեցայ արեւմտահայերէնով գրուած յուշագիրքի մը: Միշտ հետաքրքրութիւն ունենալով յուշագրութեան հանդէպ, թերթեցի գիրքը եւ կլանուած կարդալով տեսայ, որ հեղինակը՝ Յովհաննէս Պօղոսեան, եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի աշխատակից:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Ռուսական գրականութեան փարթամ գետը ամբողջութեամբ կը բխի Կովկասի ձիւնոտ գագաթներուն մէջ ծնած այս պարզ աղբիւրէն», կ՚ըսէ Կոկոլ՝ ողջունելով «Մեր ժամանակի հերոսը» գիրքը, որ Միխայիլ Եուրեւիչ Լերմոնթովի միակ վէպն է։ Գիրքի գլխաւոր հերոսը՝ Փեչորին դասուած է ռուսական գրականութեան ներշնչման գլխաւոր աղբիւրներու շարքին, ինչ որ կը համարուի աննախընթաց:
Ուաշինկթընի մէջ անցեալ շաբաթ կազմակերպուած արտաքին գործոց նախարարներու խտացեալ բանակցութիւններուն ի շարունակութիւն, այժմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ կը կազմակերպուի նոր ժամադրութիւն մը։
Կը տեղեկանանք, որ «23.5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայրը» արժանացած է EMYA 2023 մրցանակին։ Այսպէսով «23.5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայրը» հռչակուած է Եւրոպայի այս տարուան լաւագոյն թանգարանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վասնզի մարմնաւոր խորհուրդը մահ է, եւ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն». (ՀՌՈՎ. Ը 6)։
Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է. այսինքն մարմնաւոր բարիք մտածել եւ անոնց հետամուտ ըլլալը կը կորսնցնէ մարդուս հոգիին կեանքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 110 տարիներ առաջ՝ շաբաթ, 9 մարտ 1913 թուականին Պոլսոյ Նշան Պապիկեան տպագրատունէն լոյս կը տեսնէ «Բամբիռ» շաբաթաթերթը. շաբաթաթերթի խմբագիրը (որ ցաւ ի սիրտ, իր անունը չի յիշեր շաբաթաթերթի էջերուն մէջ) իր առաջին խմբագրականին մէջ հպարտութեամբ կը գրէ հետեւեալ տողերը.-
Գումգաբուի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Դպրոցի զանազան սերունդներէ ընթացաւարտները զիրար վերագտան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նաեւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի Երեւման Ս. Խաչի տօնին օրը կը կատարուի Վոսփորի մեր այս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ թաղի Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յուշամատեանի շնորհանդէսին առթիւ։ Համավարակի հետեւանքով յապաղումով կազմակերպուած ձեռնարկը հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Հայաստանէն դէպի արտասահման թռիչքներու համար Թուրքիոյ օդային մարզին փակուիլը այս շրջանին անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր հայկական օդային ընկերութիւնները զրկուած են տարանցիկ նպատակով Թուրքիոյ օդային մարզէն օգտուելու հնարաւորութենէն։
Հնդկաստան վճռած է չինակեդրոն Ասիոյ ձեւաւորումը, ինչ որ ծնունդ կու տայ միջազգային նոր խմորումներու:
Փեքին-Նիւ Տելհի մրցակցութիւնը կարեւոր գործօն՝ անվտանգային համաշխարհային ճարտարապետութեան տեսակէտէ:
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր պաշտօնակից «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան արժանացած է մրցանակի մը։ Այսպէս, իրեն շնորհուած է Մարդու իրաւանց միութեան «Արտայայտութեան ու մտքի» տարեկան մրցանակը, որ հաստատուած է ի յիշատակ հանգուցեալ մտաւորական Այշէնուր Զարաքօլուի։
Փաշինեան մեկնաբանեց Ուաշինկթընի վերջին բանակցութիւններու լոյսին տակ ստեղծուած իրավիճակը:
Վարչապետէն պարզաբանումներ. «Առանցքային տարաձայնութիւնները կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղին, բայց ոչ միայն այդքան»:
Կը տեղեկանանք, որ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ կը պատրաստուի այցելել Թեհրան։ Այսպէս, եօթ տարի վերջ իրանահայ երաժշտասէրները դարձեալ հնարաւորութիւն պիտի ունենան Սիպիլը ողջունելու բեմին վրայ։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները վերջին օրերուն յարգանքի այցելութիւն մը տուին հոգելոյս Նազար Հանչէրի ընտանիքին։ Այս առթիւ անոնք լուսահոգի Նազար Հանչէրի այրիին՝ Էլմոն Հանչէրին յանձնեցին Շիշլի մարզակումբի վարչութեան կողմէ առնուած որոշման հիման վրայ պատրաստուած «Մարմնամարզի դեսպան» կոչման վկայականը։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ «Սէր» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ մայիսի 7-ը։ Ինչպէս ծանօթ է, Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ կը կազմակերպուին կանանց համար աշխատանոցներ, որոնց մասնակիցները յախճապակիներ կամ կերպասներ կը բանին։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՊԷԼԵԱՆ
Այս տողերուն շարժառիթը, նախ եւ առաջ, յարգանքն է բարի՜, շա՜տ բարի յիշատակին այն անձին, որ վերեւի խորագիրը ներշնչած խոհերուն հերոսն է պարզապէս։
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս լոյս ընծայած է շատ շահեկան ալպոմ-գիրք մը, որ կը կոչուի «Pulun Kanadında İstanbul'dan Dünyaya» եւ ունի փաստավաւերագրական մեծ նշանակութիւն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանան կը շարունակէ մնալ սպասողական դրութեան մը մէջ։ Քաղաքական անորոշութիւնը աւելիով կը ծանրացնէ՝ արդէն իսկ բաւական բարդ վիճակի հասած տնտեսական խոր տագնապը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սուրբ Յարութեան յաջորդող հինգերորդ կիրակին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Խաչին երեւման տօնը:
Այս կիրակին իրեն նախորդող կիրակիներուն նման գոյն չունի: