Արխիւ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022

«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Nereden Nereye» գիրքը, որ սփիւռքահայ յայտնի գործիչ ու բարերար Հրաչ Քըրմըզեանի կեանքի ոդիսականը կը ցոլացնէ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022

Աշխարհահռչակ անմոռանալի վարպետի արխիւէն գրողներու դիմանկարներով մեծ ցուցահանդէս մը:
«Bir Avuç Güzel İnsan»ին մէջ ներկայացուած է նաեւ Արա Կիւլէրի կողմէ լուսանկարուած՝ հոգելոյս Արա Գօչունեանը:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Կիւմիւշեան» հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Խումբին մաս կը կազմէին թէ՛ այժմու վարչայիններ եւ թէ՛ թեկնածուներ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծաղիկներ խոնարհեց շաբաթավերջի ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին առջեւ:
Պատրիարքական Աթոռը մասնակցեցաւ նաեւ Պէյօղլուի քաղաքապետութեան կազմակերպած միասնականութեան երթին:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ՝ պոլսահայ կրթական մշակներու տարեկան աւանդական պտոյտը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Սոյն հաւաքը այս տարի նախաճաշի ձեւաչափին մէջ նախատեսուած էր՝ Գուրուչէշմէի «Հուքքա» զբօսարանին մէջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022

Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային իրադարձութիւնները միշտ կ՚ընթանան թափով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022

Լոս Անճելըսի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղը այսօր եւ վաղը» խորագրեալ համաժողով մը, որ կազմակերպուած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի աջակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին վերանորոգման աւարտը մօտ է. 2023 թուականին, երբ կը լրանայ Մայր Տաճարին հիմնադրման 1720-ամեակը եւ եթէ ամէն ինչ նախատեսուածին պէս ընթանայ, ապա համայն հայութեան հոգեւոր մայրաքաղաքին մէջ Մայր Տաճարը կրկին կը բանայ իր դռները:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1. Բօտկինի կաթիլներ:
2. Ինոզեմցեվի կաթիլներ:
3. Վալերիանի կաթիլներ:
4. Հոֆֆմանի կաթիլներ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայաստանի մէջ կայ խումբ մը, որ կը կարծէ, թէ սփիւռքահայերը թշնամութիւն եւ ատելութիւն ունի Մայր Հայրենիքի նկատմամբ։ Սակայն ցաւալին այն է, որ սփիւռքահայերուն կողքին շատ մը տեղացի հայեր եւս այդ ախտէն կը տառապին եւ Հայաստանը կը դիտեն որպէս «յետամնաց» երկիր։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կը պատահի օր մը, որ երեք եղբայր երջանկութիւնը կը տեսնեն փոսի մը մէջ։
Եղբայրներէն մին կը մօտենայ երջանկութեան եւ դրամ կը խնդրէ անկէ։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հաւանաբար զարմանալի թուի, սակայն աշխարհի մէջ պսակուող զոյգերուն 80 առ հարիւր տոկոսը սիրահարածներ չեն, որովհետեւ ամուսնութեան պարագային եւս չափանիշները փոփոխուած են եւ սէրը մնացած է յատուկ հեքիաթներուն մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին կիսապաշտպան, Միլանոյի «Ինթեր»ի խաղացող Հենրիխ Մխիթարեան հանդիպում մը ունեցած է Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ, որուն նուիրած իր մարզաշապիկը։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ «Vatican News»ը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022

«Բազմապիսութիւնը փոխանակ հակամիացում ըլլալու, կը դիւրացնէ վարումը սփիւռքի՝ մասամբ իրարմէ անջատ՝ միշտ իրարմէ տարբեր հատուածները»:
Յայտնի գիտնական Խաչիկ Թէօլէօլեան. «Միայն թուայնացեալ աշխարհի բարիքներէն օգտուելով կարելի չէ ղեկավարել եւ այս բանը միայն հայերու չի վերաբերիր, ամէնուրեք այդպէս է»:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022

Էնտոնեզիայի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Մեծն քսանեակի գագաթաժողովը այս օրերուն կը կեդրոնացնէ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը։ Նոյն շրջանակին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պալիի մէջ ունեցաւ շարք մը երկկողմանի շփումներ՝ գագաթաժողովին մասնակցելու առընթեր։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022

Մարդ չի կրնար լրիւ մեկուսացած, ամբողջութեամբ առանձին ապրիլ։ Աճելու բնազդը այս առումով շատ բան կը բացատրէ։ Մարդ արարածը կրնայ լիարժէք գոյատեւել իր նմաններուն հետ՝ ինչպէս բնութեան այլ բազում տարրերը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022

Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս ընդունեց Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ենթակայ Ֆոքոլարէ շարժման անդամուհիները։ Սոյն խումբի անդամուհիներէն Տանիէլա Տեկասփերի յայտնեց, թէ Իսթանպուլէն պիտի բաժնուի, իբր այդ փափաքած է հրաժեշտ առնել Նորին Ամենապատուութենէն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները։ Նախընթաց օր Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։

Էջեր