Արխիւ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գալֆաեան Տան Է. դասարանի սաներէն Եուլիանա Էրտէմ վերջերս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ «Lions 118-T» համաշխարհային ակումբին կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցոյթի մը մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց համայնքային յայտնի բարերար Ճեզօ Թաշը։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց երկար տարիներէ ի վեր Ճեզօ Թաշին կողմէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս բերուած նպաստը։
Özellikle Beyoğlu Üç Horan Kilisesi Vakfı ve Büyükdere Sırpots Hripsimyants Kilisesi Vakfı seçim tertip heyetleriyle ilgili ciddi suistimal ithamları cemaatimizin birinci gündem maddesine dönüşmüştür.
Առանձին ընտրական մարմիններու ինքնագլուխ քայլերը կը վիրաւորեն ամբողջ համայնքին խիղճը:
Պէյօղլուի եւ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ընտրութիւններուն ընդառաջ ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան հետեւանքով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նամակ մը ուղարկեց Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան:
Պելժիոյ մէջ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Լիէժի հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան անցեալ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ տեղւոյն Ասորի եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսաւոր արարողութեան եւ յաջորդած պաշտօնական ճաշկերոյթին։
Արեւմտեան թեմի Խաչատուրեան դ. դաս-երգչ.ի տարեդարձը բնորոշուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ:
Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան Լոս Անճելըսէն անցաւ Սան Ֆրանսիսքօ, իսկ այս կիրակի պիտի պատարագէ Փրովիտընսի մէջ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մեր տունը պրպտած ատեն կարելի է զանազան անկիւններէ գտնել թուղթեր: Թուղթեր՝ ոչ թէ հասարակ, այլ յոյժ կարեւոր: Տարբեր թուականներու պատկանող այդ թուղթի կտորներու վրայ ես կազմած եմ նիւթական օգնութեան ցուցակներ:
ՎԻԳԷՆ Լ. ԱԴԴԱՐԵԱՆ
Սիրելի դասընկերներ,
Իսկապէս սրտի մեծագոյն կսկիծով այս շաբաթավերջին ստացայ Ժիրայր Դանիէլեանի մահուան գոյժը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Սէր եւ ատելութիւն. այս երկուքը կարծէք անբաժան ընկերակիցներն են մարդոց, միշտ ներկայ են անոնց առօրեային մէջ: Առակաց գիրքին մէջ սիրոյ եւ ատելութեան մասին գրուա՞ծ է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առանց պատճառի արդիւնք չ՚ըլլա՛ր. ասիկա անժխտելի ճշմարտութի՛ւն մըն է։ Եւ որովհետեւ մարդուս մէջ կը հաստատուի ուժերու, կարողութիւններու գոյութիւնը, որոնք նիւթեղէն-մարմնային չեն կրնար նկատուիլ, անոնց պատճառը բացատրելու համար անհրաժեշտ է դիմել տարբեր աղբիւրի մը, տարբեր պատճառի մը, ահաւասիկ ա՛յդ աղբիւրը կը կոչուի «հոգի»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին Լոնտոնի մէջ խումբ մը «անգործ» բուսակերներ վիրաւորուած ու վնասուած կովերուն եւ ոչխարներուն հասնող «ցեղասպանութիւն»ներէն մուտք գործած են թուրք յայտնի խոհարար Նուսրեթի ճաշարանը եւ բարձրաձայնած են «բոյսերով ապահովուած ապագայ» լոզունգը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ պահ մը ականատես ըլլաք, թէ երիտասարդ աղջնակ մը շէնքի մը տանիքը բարձրացած ինքզինք ցած նետել կ՚ուզէ, ի՞նչ կ՚ընէք. զինք համոզել կը փորձէ՞ք, որ նման քայլի չդիմէ, կը խրատէք եւ կը փորձէք մխիթարիչ մը դառնալ՝ զինք հեռու պահելու անդառնալի այդ քայլէն:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Պարզ էր, որ Ֆրանսայի Ազգային ժողովը՝ Ծերակոյտի հետեւողութեամբ պիտի յանգէր նման բանաձեւի: Երեւոյթը շատ նման է 44-օրեայ պատերազմին Ֆրանսայի երկպալատ բանաձեւերուն, որոնք կոչ կ՚ուղղէին Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու:
Անգարա-Պաքու-Մոսկուա առանցքին վրայ այս շրջանին դարձեալ դիւանագիտական երթեւեկը խտացած է, ինչ որ Հարաւային Կովկասի առկայ հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։
Երեւանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2022» երգի մրցոյթի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Մասնակիցները մայրաքաղաքի կեդրոնին վառեցին գլխաւոր տօնածառի լոյսերը, ինչ որ ազդարարեց մրցոյթի պաշտօնական բացումը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի ներկայացուցիչներէն մին՝ Իրմա Հատկալուրեան։ Իր ընկերային շրջանակէն ներս յարգանքի եւ սիրոյ առարկայ դարձած անձնաւորութիւն մըն էր Իրմա Հատկալուրեան, որ Գատըգիւղի ընտանիքի մօտաւոր անցեալի յայտնի դէմքերէն մին եղած էր։
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան վերաբերեալ գործընթացը կը շարունակէ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Այժմու թաղային խորհուրդը կազմած է ինքնուրոյն ընտրական մարմին մը, որու գրեթէ բոլոր անդամները մեր համայնքէն դուրս դէմքեր են։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած է արժէքաւոր երիտասարդներէ բաղկացեալ խումբ մը, որու գլուխը կը գտնուի Ազատ Էօզկիւր Տեմիրճի:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ իր օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, որոնք այցելեցին Գումգաբու:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ընդհանրապէս աշխարհի բոլոր քաղաքները օժտուած կ՚ըլլան մեծ ու փոքր պարտէզներով, որոնք անկասկած մեծ գոհունակութիւն կը պատճառեն բնակիչներուն: Ամերիկայի ամբողջ տարածքին կը հանդիպինք նման պարտէզներու կամ պարտիզակներու, որոնց «փարք» անունը կը տրուի:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Եթէ դժուարահաճ մասնագէտներ, իր նկարչական արտադրութեանց մէջ տեսնել ուզեն մէկէ աւելի թերութիւններ, պիտի չկարենան, սակայն չխոստովանիլ, թէ ունին այնպիսի յատկութիւն մը, որ շատերուն կը պակսի եւ որ չի ստացուիր փորձառութեամբ կամ աշխատութեամբ: