Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Կեանքի մէջ կան մարդիկ, կան նաեւ ընկերներ, որոնք կրնան անմիջական կապի մէջ չըլլալ հետդ»:
Վահան Իշխանեանի անբասիր եւ անթառամ յիշատակին. ան դարձաւ ու մնաց՝ որպէս ամենէն շատ երանգ ունեցող, ամենէն շատ մեր գոյներն ու ջղայնութիւնները իմացող, սակայն ամենէն շատ իր ու մեր Հայաստանը պաշտող մարդը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան Ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 36.22-37.11:
Պօղոս առաքեալին Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած առաջին նամակէն 4.1-11:
Ղուկասի Աւետարանէն 13.1-9:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եոհան Վոլֆկանկ ֆոն Կէօթէի «Ֆաուստ»ը սովորական գրական գլուխ գործոց մը ըլլալէ աւելին է՝ ան «կեանքի գործ» մըն է իմաստասէր եւ համայնագէտ մտքի մը՝ Կէօթէի, որ կատարելագործած է յիսուն տարիի տքնաջան աշխատութեամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Շատ աւելի լաւ է, տղա՛ս, դառն արցունքով աչքդ ցողիր
Ու քո ճամբան շարունակիր».
Սեւակ իր որդիին կ՚ուզէ բացատրել, որ կեանքի անարդարութիւններուն դիմաց կանգ առնելը, բողոքելն ու արտասուելը ճշմարտութենէն ոչ մէկ բան կը փոխէ. հաւանաբար Սեւակ այդ մէկը սորված էր իր անձնական փորձով եւ հիմա իր զաւակը կը յորդորէ կեանքի ճամբան շարունակելու՝ թէեւ արցունքոտ աչքերով։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը այս շրջանին ամբողջութեամբ կ՚ուղղորդուի համայնքային վաքըֆներու մատակարար մարմիններու ընտրութիւններով։ Վաղը պիտի ըլլայ հերթական կիրակին, երբ մեր համայնքի անդամները քուէատուփի մօտ պիտի փութան՝ այս անգամ 10 կառոյցի մատակարար մարմնի նոր կազմը ընտրելու համար։
Türkiye Cumhuriyeti Ermeni Vakıflar Birliği ve Cemaat Vakıflarından en çok seçmenin yaşadığı bölge vakıflarından 3’ü, Büyükdere Surp Hripsimyants Ermeni Kilisesi’nin yeni yönetiminin belirlenmesi için yapılacak seçimler konusunda önemli bir çağrıda bulundu.
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ, Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը՝ ERVAB հանդէս եկաւ ահազանգային յայտարարութեամբ:
Ընտրական մարմինը կը հրաւիրուի անպայման մէկէ աւելի վայրի մէջ քուէարկելու հնարաւորութիւն տալ ժողովուրդին համար, այլապէս կանոնադրութեան ներհակ կացութիւն մը պիտի յառաջանայ:
Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը Ամանորի սեմին կազմակերպած է քէրմէս մը։ Սա աւանդական նախաձեռնութիւն մըն է ի նպաստ դպրոցին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի անդամները։
Պէյրութէն Վերժին եւ Կարօ Աբրահամեանները կը տեղեկացնեն.-
Յաճախ կը լսենք ու կը կարդանք, թէ որքա՛ն կարեւոր է մանկապատանեկան գրականութիւնը հայ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան համար։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ, Կովկասի բանակցութիւններու հարցերով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքերը, որ ներկայիս տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Քոմերսանթ»ի ուշագրաւ յօդուածը. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը հաշտուին Արեւմուտքի մէջ»:
Թէեւ Երեւան-Պաքու խաղաղութիւնը մօտ չէ, բայց ռազմավարական հաշուարկները կը շարունակեն մնալ հրատապ:
Բնութիւնը կը պարփակէ բազում սահմանումներ։ Մարդ արարածին բնութեան մնացեալ տարրերէն հիմնական տարբերութիւնն ալ կարծես այս կէտին վրայ է։ Ան հակուած է վերասահմանումներու։ Իրաւունքի եւ ազատութիւններու հաւասարակշռութիւններուն մէջ բնութեան տարրերը միշտ կը ձգտին նուազագոյնին՝ ապրելու կամ վերապրելու, այսինքն կեանքին։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քահանայ Ճիվանեան։
Թոփգաբուի ընտանիքը վերջերս մասնաւոր հաւաքոյթով մը նշեց Ուսուցչաց օրը։ Այս առթիւ կազմակերպուեցաւ նախաճաշ մը, որուն նպատակն էր մեծարել Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի կրթական մշակները։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ աւագ հիւպատոս Ճուլի Էտէնը։
Ճուլի Էտէն, որ պաշտօնի նոր ձեռնարկած է, այցելեց Պատրիարքարան՝ հայ համայնքին ծանօթանալու նպատակով։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հաղորդակցութիւնը յաճախ կը սահմանափակուի՝ որպէս հաղորդագրութեան թարգման: Այնուամենայնիւ, հաղորդակցութիւնը բարդ կառուցուածք մըն է, որ կ՚ընդգրկէ մարդու ամբողջ կեանքը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Բի՛բ, գտայ քեզ, Կարօ՛, ոտքերդ կ՚երեւին այդ օթոյին ետեւը:
-Միշտ ալ շուտով կը գտնես, հա՞:
-Է՛, դուն ալ միշտ այդ նոյն տեղը կը պահուիս, միայն օթոյին գոյնը կը փոխուի. ուրիշ տե՛ղ մը գտիր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, քանի որ «բանաւոր էակ» մըն է՝ խորհելու, դատելու եւ որոշելու կարողութեան տէր եւ ազատ կամքով շարժող՝ ըստ իր համոզումներուն, ապա ուրեմն շատ բնական է, որ իր նմաններուն հետ տարակարծութիւններ ունենայ։ Եւ տարակարծութիւններու բնական հետեւանքն է՝ վիճաբանութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Դու սիրոյ հետ միշտ հաշտ ապրիր,
բայց խոյս մի տայ տառապանքից»
Պարոյր Սեւակ իր այս տողերով կը նոյնացնէ սէրն ու տառապանքը։