Արխիւ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր աշխատանքային ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Եւրոպա։ Ան իրերայաջորդ կ՚այցելէ Փարիզ եւ Պերլին։
Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները հետզհետէ կը մատնուին փակուղիի։ Հրադադարի խախտումներն ու սահմանի ոտնձգութիւնները մէկ կողմ, Պաքու կը սաստկացնէ իր խաղի պայմանները պարտադրելու ուղղեալ ճնշումները Երեւանի վրայ։
Թեշվիքիյէի «Մետիքա» բժշկական կեդրոնէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ հաճելի երաժշտական ձեռնարկ մը։ Այս բժշկական կեդրոնը կը գործէ պատմական շէնքի մը մէջ եւ արձակուրդի օրով այնտեղ կազմակերպուած նուագահանդէսին մասնակցիլը իսկապէս մեծ հաճոյքի մը համազօր եղաւ ներկաներուն տեսակէտէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յատկանշական է, որ Վիեննայի մէջ 1887 թուականին հիմնուած «Հանդէս ամսօրեայ» ամսագիրը այսօր կը տպուի Հայաստանի մէջ: Ամսագիրը, որ հայ մամուլի պատմութեան կարեւորագոյն անուններէն մին է, մաս կը կազմէ նաեւ աւստրահայ մամուլին, ինչպէս նաեւ իր ուրոյն տեղը ունի Աւստրիոյ մամուլի պատմութեան մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Նոյնիսկ այն մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք կը բնութագրեն որպէս ազատամիտ եւ լայնախոհ, կրնան զերծ չըլլալ անգիտակցաբար ցեղապաշտ ըլլալէ։
Փիլիսոփայ մը օգտագործեց հոգեվերլուծութիւնը՝ պարզելու համար, թէ ինչո՞ւ մարդիկ յաճախ անտեղեակ են իրենց սեփական նախապաշարումներուն նկատմամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լեւոն Շանթի ամբողջ գործը մարդկային հոգիի ձգտումները, ծարաւը կը պատմէ. ինքզինք հաստատող, իրագործող Մարդ արարածին դիւցազնավէպը։ «Հին Աստուած»ներու մէջ ան կը բեմադրէ հանդիպումը վանահօր մը եւ իշխանուհիի մը՝ որուն նուիրատուութեամբ կառուցուած է եկեղեցի մը եւ որուն մասին է որ կը խորհրդակցին։
Համայնքային վաքըֆներու մատակարար մարմիններու ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի։ Վաղը 6 թաղային խորհուրդի պարագային ընտրութիւն պիտի կատարուի համայնքէն ներս։
Հռոմի «Անճելիքում» քահանայապետական համալսարանէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Լսելով Արեւելքը» խորագրեալ միջեկեղեցական, միջազգային գիտաժողով մը։ Ս. Թովմաս Աքուինացիի յիշատակին ձօնուած այս համալսարանէն ներս կազմակերպուած գիտաժողովը կը վերաբերէր Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներուն մէջ ժողովականութեան, սինոդականութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի զարգացումներուն հետեւողներէն բազմաթիւներ հասած են այն եզրակացութեան, թէ այսօր երկրին մէջ գլխաւոր հիմնախնդիրը նախագահ չունենալու եւ կամ նոր նախագահ մը ընտրել չկարենալու հարցն է, բայց իրականութեան մէջ այդքան ալ ճշգրիտ չէ այդ կարծիքը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս կիրակի օրուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 36.1-9:
Պօղոս առաքեալին Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած առաջին նամակէն 4.8-24:
Ղուկասի Աւետարանէն 12.13-31:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Շուրջը դիտել մարդուս բնական մէկ արարքն է, քանի որ մարդը հետաքրքիր արարած մըն է. միշտ սորվիլ, հասկնալ կ՚ուզէ, եւ շարունակ կը դիտէ աշխարհը։ Բայց դիտել չի բաւեր, որովհետեւ մարդ նաեւ բանաւոր էակ մըն է եւ պէտք է հետեւութիւններ հանէ իր դիտածներէն՝ մտածէ անոնց վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 47 տարիներ առաջ՝ 1975 թուականին Պէյրութի մէջ հրատարակուող «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսին մէջ լոյս կը տեսնէ բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակախօս եւ մանկավարժ Մուշեղ Իշխանի «Յիշեցէք զիս» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը, ուր մեծ բանաստեղծը հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ իր պատանեկութիւնը.-
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հովանաւորեց երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսը:
Սագօ Արեանի գիրքը բազմակողմանիօրէն արժեւորուեցաւ՝ հայաշխարհէն ներս մեր համայնքի ուրոյն դիրքի մատնանշումով:
Կեանքը, ինքնին, մարդակերտումի գործընթաց մըն է։ Քաղաքն ալ համապատասխան դարբնոցի մը կը նմանի թէ՛ իր միջավայրով եւ թէ ապահոված փորձառութիւններով, որոնք կը համալրեն՝ դպրոցի մէջ ստացուած դասական կրթութիւնը։ Քաղաքը նաեւ դուռ կը բանայ դէպի քաղաքակրթութիւն…
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս հիւրընկալեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցանկի անդամները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նուրիձա Եասուլքալը եւ իր գործակից ընկերները։ Եասուլքալ, որ երկար տարիներէ ի վեր կը գլխաւորէ թաղային խորհուրդը, յառաջիկայ ընտրութիւններուն ալ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը՝ կարգ մը նոր անուններու ներգրաւումով։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ Ուսուցչաց օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Հանդէսի յայտագրին մասնակցութիւն բերին դպրոցի բոլոր դասարաններէն սաներ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեան իր մահկանացուն կնքած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Լիբանանահայութեան խորհրդանշական դէմքերէն, տիրական անուններէն մին էր Ժիրայր Դանիէլեան, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ժամանակ վնասուած աչքին դարման փնտռելու համար միջոցէ մը ի վեր կը գտնուէր ԱՄՆ-ի մէջ։
Փաշինեան կառավարութեան նիստին ժամանակ անդրադարձաւ Փութինի հետ ունեցած հանդիպման:
Հնարաւորութիւն կայ Հորատիզ-Մեղրի-Օրտուպատ-Սատարաք-Երասխ երկաթուղիի վերականգնման վերսկսման համար: