Արխիւ
Մեներգչուհի Սիպիլ այսօր նոր ստեղծագործութիւնով մը կը ներկայանայ երաժշտական աշխարհին։ Ան թէեւ որպէս պոլսահայ մեներգչուհի սկսաւ իր ճանապարհորդութեան, սակայն, վաղուց արդէն համայն հայութեան կողմէ իւրացուած արժէքի մը վերածուած է, նաեւ միջազգային բեմահարթակի վրայ ուշադրութիւն կը գրաւէ։
Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա նախընթաց օր հիւրընկալեց մեր համայնքէն Յովսէփ Արզումանը, Նազարէթ Էօզսահակեանն ու Մկրտիչ Արծիւեանը։ Այս վերջինները սերած են Եոզղատի Պուրունքըշլա գիւղի ընտանիքներէն։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նոր նախագահը այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուի:
Փրոֆեսէօր Անթոնիօ Ֆէյժօ երէկ հիւրընկալուեցաւ Պատրիարքարանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի եւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նախատեսուած է վաղը առաւօտ։ Ինչպէս ծանօթ է, փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ յառաջացած հարցերը այս շրջանին պետական մարմիններու կողմէ ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ օծուեցաւ Գեղարդավանքի Ս. Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գմբէթի խաչը։ Գեղարդի պատմական համալիրէն ներս այս առթիւ ստեղծուեցաւ արտասովոր մթնոլորտ։
Գերմանիոյ Քառլսռուէ քաղաքին մէջ երէկ եզրափակուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ համաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Արձագանգին մէջ հոր մը կայ
Եւ հորին մէջ՝ արձագանգը,
Իսկ սահմանը չէզոք ու մոխրագոյն կ՚երեւի:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Տերիտայի յօդուածները յայտնի են յոգնեցուցիչ եւ ծանր ըլլալով, լի են մէջբերումներով եւ անհասկնալի եզրաբանութիւններով։ Այնուամենայնիւ, սեփական յարաբերութիւններու մասին իր մտածումները իր գրութիւնները կը դարձնեն աւելի յոռետեսական։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սկիզբը քիթին, բերանին շուրջը եւ ճակատին վրայ կարմիր բծիկներ կ՚երեւին: Եթէ մատով սեղմենք այս կարմրած տեղերը, բծիկները վայրկեանի մը համար կը կորսուին եւ դարձեալ կը նորոգուին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց IBM ընկերութեան ելեկտրոնային նախագծման օթոմաթիզմի խումբի փոխ-նախագահ Լէոն Սթոքը, որուն ուղեկցեցան «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեան եւ գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպում մը ունեցաւ Վլատիվոսթոքի մէջ, ուր երկու ղեկավարները կը գտնուէին մասնակցելու համար «Բազմաբեւեռ աշխարհի ճանապարհին» նիւթով կազմակերպուած Արեւելեան տնտեսական 7-րդ համաժողովին։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Անժէլ Արսլանեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Ազգային երախտաշատ բարերար եւ բազմամեայ համայնքային գործիչ Հայկ Արսլանեանի կողակիցն էր Անժէլ Արսլանեան, որու կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուց թրքահայ կեանքէն ներս:
Պետական մարմինները նկատի կ՚առնեն Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ յառաջացած հարցերն ու զուգահեռաբար բարձրաձայնուած ակնկալութիւնները:
Յառաջիկայ օրերուն լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը կը նախատեսուի Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի գլխաւորութեամբ:
Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ երէկ կազմակերպուած ժողովը տեւեց շուրջ երկու ժամ: Թրքահայ համայնքին կողմէ հրաւիրուած էին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւ Պետրոս Շիրինօղլու: Ներկայ էր նաեւ ԱՔ կուսակցութենէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կեանքը՝ որ կ՚ապրինք»։ Այս է նուաստիս նախկին գրութիւններէն մէկուն վերնագիրը։ Եւ երբ ամփոփուեր եւ գիրք ըլլալով հրատարակուեր է գրութիւններու մէկ մասը, գիրքը կազմող եւ խմբագրող մեր արժանաւոր եւ սիրելի բարեկամ Վարանդ Քորթմոսեան զայն անուաներ է «Կեանքը որ կ՚ապրինք» անունով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Քննարկումէ վեր է, որ թէեւ գործնապէս «դիւրին», սակայն էապէս ամենէն դժուարին բանը աշխարհի մէջ ծնողք դառնալն է, որ իրականութեան մէջ ո՛չ թէ նախախնամութեամբ, այլ իմաստութեամբ ու գիտութեամբ կեանքի կը կոչուի։
Ծնողքին դերը մեծապէս կը կարեւորեմ, որովհետեւ կը հաւատամ աշխարհի բնական այն կանոնին, որ «ինչ ցանես ա՛յդ կը հնձես» եւ հետեւաբար իւրաքանչիւր զաւակի արարք ու իրագործում տեղ մը իրը ըլլալէ անկախ ընտանիքինն է՝ այդ մէկը ըլլայ լաւ թէ վատ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ա՜խ Եւրոպա, Եւրոպա…
Քաղաքակրթութեան կեդրոն
Եւրոպա, մեղքի խարան Եւրոպա…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Սթարմուս» միջազգային փառատօնին վայրը այս տարի Հայաստանն է: Փառատօնը սկսաւ ու Երեւան այս օրերուն կը հիւրընկալէ գիտութեան եւ արուեստի համաշխարհային դէմքեր, Նոպէլեան մրցանակակիրներ: Տարբեր շունչ մը կայ Երեւանի գիտական, մշակութային կեդրոններուն մէջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահը՝ Ֆիլիփ Ռիքէր ներկայ շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Երեւան։ Ֆիլիփ Ռիքէր վերջերս նշանակուած էր Կոկվասի հարցերու բանակցութիւններու գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով սահմանին վրայ դարձեալ նահատակուեցաւ Հայաստանի բանակէն զինուոր մը՝ Արման Սարգսեան (2002)։
Կը տեղեկանանք, որ այսօր յետմիջօրէին Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ նախատեսուած է կարեւոր ժողով մը, որուն ներկայ պիտի գտնուի նաեւ ներքին գործոց փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէ։