Արխիւ
Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին խորաթափանց կը դիտարկէ յետպատերազմեան ծանր իրադրութիւնը ու մատնանշէ միասնականութիւնը:
Թուրքիոյ Պասքեթպոլի դասընթացներու միութիւնը գնահատանքի վկայական մը ուղարկեց Շիշլի մարզակումբին։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլի մարզակումբը երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ պասքեթպոլի դասընթացներ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Հակառակ անոր, որ Ե՛ս եմ Իմ մասիս վկայողը, սակայն ճշմարիտ գիտեմ ուրկէ՛ եկայ եւ ո՛ւր կ՚երթամ» (Յհ 8.14):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ կատարելապէս կը ճանչնամ Հայրը, ուրկէ ելաւ եւ աշխարհ եկայ մարդոց փրկութեան համար, եւ դարձեալ Հօր մօտ կը վերադառնամ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ատրպէյճան-Հայաստան 44 օրուան մղձաւանջային պատերազմի աւարտին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնը եւ անոր պայմաններուն մէկ մասին գործադրումը աւելի մղձաւանջային իրականութեան առջեւ կեցուց հայ մարդը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երկիւղ»ը կը լրացնէ եւ իր կատարելութեան կը հասցնէ առաքինութիւնները։ Ան, մարդը կը դարձնէ հլու՝ հնազանդելու համար փութկոտութեամբ ճշմարտութեան, այսինքն աստուածային ներշնչումներուն։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Արձակագիր Քրիստիան Բատիկեան նոր անուն մըն է սփիւռքահայ գրականութեան մէջ: 2016 թուականին հրատարակած է իր երախայրիքը՝ «Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան» հատորը, իսկ 2018 թուականին՝ երկրորդը՝ «Մետաղէ երազներ» վէպը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եթէ նկարագրելու ըլլամ Երեւանի իրավիճակը, ապա պիտի գրեմ՝ «կայուն ծանր»։ Կայուն, որովհետեւ ներքին բախումներ չկան, բայց աւելի քան երեւելի է՝ որ կայ մեծ լարուածութիւն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Պոէթիուս Հռոմէական կայսրութեան տարիներուն՝ 523 թուականին հեղինակած է «Մխիթարանք փիլիսոփայութենէն» աշխատութիւնը՝ մէկ տարուայ ազատազրկման ընթացքին, երբ ան կը սպասէր մահապատիժի ենթարկուելու օրուան՝ դաւաճանութեան յանցանքի համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կան ոմանք որ կ՚ըսեն.- Ես միայն տեսածիս կը հաւատամ։ Բայց միայն տեսնելով հասկնալ եւ հաւատալ կարելի՞ է սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին բողոքի ցոյցերը կանգ առին, մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ Ազատութեան հրապարակին վրայ եւ սուգ պահուեցաւ նահատակներուն համար:
Նիկոլ Փաշինեանի վերջին գրառումները հակազդեցութեան նոր ալիք մը ստեղծեցին, իշխանական որոշ երեսփոխաններ կը լքեն իրենց խորհրդարանական խմբակցութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի յայտարարութեան գործադրութեան ժամանակացոյցը շաբաթավերջին փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրով նախատեսուած էր մինչեւ 15 նոյեմբեր Ատրպէյճանին յանձնել Քարվաճառի (Քէլպէճէր) շրջանը։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի ազգային հաւաքականին կողմէ։ 2-1 արդիւնքով հայկական ընտրանին յաղթանակ տօնեց հիւրընկալ խումբին դիմաց։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի իսկապէս շատ սիրելի եւ համակրելի դէմքերէն մին՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Ալպէր Կիւլպէնկ։ Դժբախտաբար ան զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակի, ինչ որ խոր սուգի մատնած է իր ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը, Վարդանանց երգչախումբի ընկերներով հանդերձ։
Յարգարժան Պր․ Գօչունեան,
Նախ սրտանց կը շնորհաւորեմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 113-ամեակը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը եղաւ դարաշրջանի մը բազկերակը։ Արձագանգեց դարաւոր շունչի մը առկայութիւնը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր յայտնի բարերարներէն Արէտ Երկանեան շաբաթավերջին թեւակոխած է իր 90-ամեակը։ Այս յոբելեանը ընտանեկան յարկէ ներս նշուած է ջերմութեամբ, մինչ համայնքային շրջանակներն ալ ուրախակից եղած են Երկանեաններուն։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ամբողջ աշխարհը հարուածող քորոնա համաճարակէն աւելի քան ոււթ ամիս անց այս առողջապահական տագնապին միակ ելքը պատուաստ մը կը թուի ըլլալ: Բայց ո՞ր փուլին մէջ կը գտնուին տարբեր տարրալուծարանները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երկրէն ներս ստեղծուած ծանր իրավիճակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ խորհրդակցութիւններ ունենալ քաղաքական շրջանակներու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հեղինակաւոր անհատներու հետ։
Հռչակաւոր դերասան Արմէն Ճիկարխանեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքեց Մոսկուայի մէջ։ Ան 86 տարեկան հասակին հեռացաւ կեանքէն։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի համաձայնութեան գործադրութիւնը վաղը դաշտի վրայ պիտի սկսի գործնականօրէն։ Հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս պիտի տեղակայուին Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Սա եղաւ վերջին օրերու անոնց երկրորդ տեսակցութիւնը։