Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մեղմ պատասխանը տրտմութիւնը կ՚իջեցնէ», կ՚ըսէ Առակախօսը. (ԱՌԱԿ. ԺԵ 1)։ Արդարեւ մարդոց միջեւ հակառակութիւններ կը ծագին ընդհանրապէս այն պատճառով, որ անոնց միջեւ տարակարծութիւններ կը գտնուին եւ իւրաքանչիւր անձ կ՚ուզէ, որ իր կարծիքը ընդունիլ տայ իր «հակառակորդ»ին, որովհետեւ ամէն մարդու կարծիքը իրեն համար ճիշդ է եւ անվիճելի՛…։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հասարակական-քաղաքական զարգացումներուն, իմ կարծիքով, պէտք է նայիլ ո՛չ թէ այն տեսանկիւնէն, թէ ո՛ր գործիչը այսօր կամ վաղը պիտի նստի այս կամ այն աթոռին վրայ, այլ ինչ մարտահրաւէրներ կանգնած են մեր երկրին առջեւ եւ անոնք ինչպէս կը լուծուին։ Թէ չէ՝ մեր հայրենակիցներու մեծ մասը կը ղեկավարուի սկզբունքով ու նախապաշարումով՝ «այս մէկը կը սիրեմ, միւսը չեմ սիրեր» եւ ըստ այդմ, «սա՛ պիտի նստի գահուն վրայ», «չէ՛, ա՛յս մէկը»։

Հայաստանի քաղաքական տագնապը կը ձգձգուի՝ առանց խնայելու պետականութեան ապագան:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան չյաջողեցաւ նոյն սեղանին շուրջ համախմբել բոլոր առանցքային դերակատարները:
Անգարայի մէջ վաղը պիտի նշուի Մոսկուայի պայմանագրի ստորագրման 100-ամեայ յոբելեանը։ 16 մարտ 1921 թուականին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ստորագրուած կարեւոր փաստաթուղթ մըն է այս մէկը։
Հայաստանի առկայ ճգնաժամային իրավիճակին մէջ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հանդէս եկաւ հերթական խորհրդածութիւնով։ Ինչպէս ծանօթ է, ան վերջին օրերուն իրերայաջորդ յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ՝ թէժ իրավիճակով պայմանաւորուած։
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 46-րդ նստաշրջանին հրապարակուեցաւ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի յատուկ ձեւաչափով տեսաուղերձը։ Նման հնարաւորութիւն կ՚ունենան բացառապէս A միջազգային կարգավիճակով օժտուած մարդու իրաւանց ազգային հաստատութիւնները։
Վլատիմիր Փութին վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման հարցերը միշտ օրակարգի վրայ:
Հայց. Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւնները նոր բովանդակութիւն կը ստանան՝ գործակցութեան արդի օրակարգով:
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Վատիկանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինի կողմէ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Զաւակներ մեծցնելը, անոնց դաստիարակութեամբ եւ ուսումով զբաղիլը գիտակից ծնողներու համար միշտ հիմնական եղած է: Մարդիկ փնտռած են մանկավարժական ճիշդ մօտեցումներ՝ լաւագոյն արդիւնքը ստանալու համար:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս օրերուն, ի տես մեր հայրենիքէն ներս կատարուած ամէնօրեայ տեսանելի իրադարձութիւններուն, հաւանաբար ինծի նման շատերն ալ ունին հեւքոտ ու նոյնքան ալ տառապող սրտի յարատեւ զարկեր: Որովհետեւ բոլորս ալ, մեր կարգին շատ մօտէն կը հետեւինք Երեւանի հրապարակներուն վրայ կատարուող ցոյցերուն եւ անոնցմէ հասնող արձագանգին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Աւելի մեծ է՞ր կորուստը քան շահը, կամ թէ եղած ցոյցերը առհասարակ չկարողացան ոչինչ փոխել Լիբանանի համար, երկրի երիտասարդութեան համար, որ երկար ատենէ ի վեր հաւատքով ու մեծ նուիրումով գիշերը ցերեկին խառնեց, շատ բաներէ ինքզինք զրկեց՝ հասնելու համար մէկ ու միակ նպատակի մը, որ կարծես թէ անհնար է երկրի մը մէջ, որուն հիմնական մղիչ ուժը, ապրելու եւ կեանքի առանցքը համայնքային դրութիւնն է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
• «Մենք՝ հայերս ընդունելով չենք ընդունում: Այնքան որ, նոյնիսկ նախընտրում ենք խաբել մեզ: Ստել մեր երկիրը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի Ե. կիրակին «Դատաւորին» կիրակի կը կոչուի՝ Ճաշու Աւետարանին (ՂՈՒԿ. ԺԸ) մէջ յիշուած դէպքով, որուն մասին Յիսուս Քրիստոս կը պատմէ առակ մը։
Այրի կին մը, անօգնական եւ անոք հարցի մը շուրջ կը դիմէ քաղաքի դատաւորին։ Դատաւորը սակայն կը մերժէ խեղճ կինը եւ անտարբեր կը մնայ անոր խնդրանքին նկատմամբ։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարով բնորոշուած անցեալ շուրջ միամեայ ժամանակաշրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առաջնահերթութեան վերածուեցաւ ընկերային զօրակցութեան շարժումը։ Համայնքէն ներս յանկարծ արտասովոր կարիքներ գոյացան եւ անոնք դարձան հրատապ՝ համաճարակով պայմանաւորուած առողջապահական եւ ընկերատնտեսական ծանր խնդիրներուն հետեւանքով։
ԵՐԱՄ
Արեւային քաղաքին տակ, քաղաքը քաղաք ընող, տարբեր կէտերն անոր իրար շաղկապող ընդուղին է իր կայարաններով։ Երակն է քաղաքին. ոչ միայն շրջագայութեան ապահովման առումով, այլ կեանքի։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Քաղաքին գիշերային լոյսերու
Խորհրդաւոր սպրդումներուն տակ
Զոյգեր կ՚անցնին յամրաքայլ
Որ չերեւին աչքերու
Սիրեն-սիրուին աննշմար
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քառասուն մանուկներ, բոլորն ալ կանխաւ քրիստոնեայ եղած, զանազան քաղաքներէ, Սեբաստիա գտնուած միջոցին, Լիւսիաս Կեսարիոյ դուքսը (=duc), հրաման ստացաւ Լիկիանոսէ, քննել թէ կա՞ն քրիստոնեաներ բանակին մէջ։
Բրիտանացի զոյգը երկյարկանի հանրաշարժը վերածած է «շքեղ բնակարանի» մը։ Այսպէս, Չարլի Մաքվիքըր եւ Լուք Ուոլքըր որոշած են միասին ապրիլ։ Անոնք գիտակցած են, որ չեն կրնար բնակարան մը գնել, կամ բնակարանի վարձ վճարել։
150 միլիոն կտոր եւ երեք տարուայ աշխատանք. Չինաստանի մէջ ստեղծուած է լեկօ-քանդակներու աշխարհի ամենամեծ հաւաքածոն։ Այսպէս, Չինաստանի մէջ երեք տարի շարունակ 50 ձեւագծող, ոգեշնչուելով երեւակայական սեռի անգլիացի գրող Ճոն Ռանըլտ Ռիւել Թոլքինի «Մատանիներու տիրակալը» եռերգութեամբ, 150 միլիոն կտոր լեկոներով ստեղծած են աշխարհի լեկօ-քանդակներու ամենամեծ հաւաքածոն, որ վերջերս ընդգրկուած է «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ:
Ամերիկացի բեմադրիչ Նիքոլ Քեսսըլ գրող Լայմըն Ֆրենք Պաումի «Հրաշագործ Օզը» գիրքի հիման վրայ նոր շարժանկար մը կը նկարահանէ, կը հաղորդէ «Fox News»ը։
«Warner Bros.»ի պատկանող «New Line Cinema» աշխատանոցը որոշած է պաստառաւորել յայտնի գիրքը։