Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատքը մարդուն պատասխա՛նն է Աստուծոյ, որ Ինքզինք կը յայտնէ զանազան միջոցներով, աստուածային գործերով, բնութեան երեւոյթներով եւ Ինքզինք անոր կու տայ, իր կեանքին գերագոյն իմաստը որոնող մարդուն միաժամանակ յորդառատ լոյս կը սփռէ։ Եւ մարդը իր հաւատքը դաւանելու ատեն, կը սկսի ըսելով. «Ես կը հաւատամ»։
Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին ընդառաջ օրակարգի վրայ եկած են տագնապեցուցիչ կանխատեսումներ։ Թէեւ պաշտօնական աղբիւրները ո՛չ կը հաստատեն, ո՛չ ալ կը հերքեն, սակայն, կը նախատեսուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եռօրեայ այցելութիւնը դէպի Մոսկուա։
Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ տագնապի պայմաններուն ներքեւ, Ազգային ժողովէն ներս մեծամասնութեան տէր «Իմ քայլը» խմբակցութենէն պատգամաւոր մը եւս դուրս եկաւ։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին մէջ ցայսօր մէկէ աւելի պատգամաւորներ լքած էին այդ խմբակցութիւնը, որ կը սատարէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան։
Եւրոպական Միութիւնը պաշտօնապէս հաստատեց քորոնաժահրի դէմ ամերիկեան «Moderna» կենսափորձագիտական ընկերութեան կողմէ արտադրուած պատուաստանիւթը։ Ինչպէս ծանօթ է, այս ընկերութեան համահիմնադիրներէն մին է ամերիկահայ յայտնի գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Մաքրոն անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական իրավիճակին եւ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման։
Ճօ Պայտընի յաղթանակը հաստատուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին կողմէ:
Հակառակ Տանըլտ Թրամփի կողմէ հրահրուած անկարգութիւններուն, Ուաշինկթընի նախընթացները անշեղօրէն բանեցան: Նորընտիր նախագահի երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 20 յունուարին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ վարակուած է քորոնաժահրով, այս շրջանին իր գործունէութիւնը կը շարունակէ հեռավար։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վերջին օրերուն Արմէն Սարգսեան Լոնտոնի մէջ ենթարկուեցաւ ոտքի վիրահատութեան մը, որ անցաւ բարեյաջող։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վերջին օրերուն այցելեց Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի եւ նորանշանակ Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանի հետ։
Երեւան եւ Պաքու տարբեր առաջնահերթութիւններով կ՚ընկալեն հրադադարի համաձայնութիւնը:
«10 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ չկայ Հայաստանի որեւէ տարածքի առընչութեամբ «միջանցք» արտայայտութիւնը»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Սուրբ Ծննդեան առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Ստորեւ կը հրատարակենք Կիլիկեան Աթոռի գահակալի Սուրբ Ծննդեան պատգամը։
Իսրայէլի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անաթոլի Վիքթորով վերջերս այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան։ Տարեմուտի շրջանին ան Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս հիւրընկալուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի կողմէ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Ս. Ծնունդի մեռելոցին առթիւ այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ սրբազաններու եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու ուղեկցութեամբ։ Նահատակաց պանթէոնի համալիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան կատարեց գիշային ու առաւօտեան ժամերգութիւն, որմէ յետոյ՝ ընդհանուր հոգեհանգիստ։
ԵՐԱՄ
Առտուն կ՚արթննայ ուշ, ինչպէս միշտ այս վերջերս։ Բաժակ մը տաք թէյ կը խմէ, քանի մը կտոր չոր հացով պանիրը կ՚ուտէ, օրհնութիւնը կու տայ կնոջ ու ձեռքերուն անոր, եւ դուրս գալու ժամն է արդէն։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Մոմերը վառեցէ՛ք, ածուխներուն վրայ առատ խունկ լեցուցէ՛ք, տէր հօր հետ երգեցէք ու կուշտ մը լացէ՛ք, որ դուք ալ հանգստանաք, հանգուցեալներուն հոգիներն ալ հանգստացնէք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը հարցուի. «Ի՞նչու համար Աստուած չստեղծեց այնքան կատարեալ աշխարհ մը՝ ուր ոչ մէկ չարիք կարենար գոյութիւն ունենալ»։ Այս հարցումին պատասխանը ո՞րքան կը գոհացնէ, այս հարցումը ո՞րքան վճռական լուծում մը կրնայ ունենալ, երբ հարցնողները միշտ ժխտական կեցուածք մը ունին ճշմարտութեան հանդէպ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կ՚անդրադառնանք խոհեմութեան անհրաժեշտութեան մարդկային անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ։ Արդարեւ, խոհեմութիւնը բարոյական առաքինութիւն մըն է, որ մարդուս երջանկութեան պայմաններէն մին եւ կարեւորագոյնն է։
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկուան տաղաւարի Հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին տուաւ իր պատգամը, որ ուղղած էր համայն աշխարհի հայութեան։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը տաղաւարի առթիւ պատարագեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուր տուաւ նաեւ իր պատգամը:
Թրքահայութիւնը երէկ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտի մէջ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Այս տարի քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու մթնոլորտով թէեւ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները, սակայն, Ս. Ծննդեան աւետիսը թափանցեց մեր համայնքի անդամներու սիրտերէն եւ ընտանեկան յարկերէն ներս։