Արխիւ
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս այս շրջանին ընդհանուր լաւատեսութիւն մը կը տիրապետէ։ Այժմ օրակարգի վրայ է Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերագործարկման հեռանկարը։
Աւետիս Հաճեան կը տեղեկացնէ.-
Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի մայրավանքին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը, որ ձօնուած էր նոյնաժամանակ երեք յոբելեաններու։ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Աբբահօր վախճանման 275-րդ տարելիցին, մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 155-րդ տարիին եւ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ Ս. Ղազար կղզիին վրայ համերգով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սփիւռքի իսկութիւն, ինքնութեան խնդիրներ, Հայաստանի հետ կապ եւ տարբերութիւն, մտաւորականի դեր եւ ընելիք եւ ի վերջոյ՝ դարու հայու կերպար ու հայու ճակատագիր-ճամբորդութիւն։ Թող ներուի ինծի, որ Վահէի յիշատակը լոյսին բերող այս սիւնակով իրեն հետ իմ ունեցած մտերմութիւնս անգամ մըն ալ թուղթին տամ ու զինք առանց տիտղոսներու կոչեմ, պարզ, իր սիրած ձեւով՝ Վահէ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկային յարաբերութիւնները անդառնալիօրէն փոխուած են մանաւանդ ընկերային ցանցերու պատճառով։ Այս նիւթը չենք մեկնաբաներ որպէս լաւ կամ վատ, բայց փաստ է, որ ընկերային յարաբերութիւնները այժմ «տարբեր են» եւ այս բանի հիմնական պատճառներէն մէկը տեւական զարգացող թեքնոլոժին է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հնչիւնաբանութիւնը կ՚ուսումնասիրէ լեզուի մը հնչիւնային կազմը՝ անոր մէջ եղած հնչիւններուն տեսակները եւ փոփոխութիւնները։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տակաւին վաղ ժամանակներէն, գուցէ նախամարդու մօտ նոյնիսկ, երջանկութիւնը մարդոց համար եղած է ձգտում եւ այդ ձգտումն ու փնտռտուքն է, որ ծնունդ տուած է բանաստեղծներու, փիլիսոփաներու. թէ՛ դարեր առաջ եւ թէ այսօր հարցը եղած է նոյնը. ո՞ւր փնտռել երջանկութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պաղեստինի մէջ ընտանի ծառ մըն է թզենին՝ (ԾՆՆԴ. Գ 7), (Բ ՕՐ. Ը 8), լայն եւ հովանաւոր տերեւներով (Գ ԹԱԳ. Դ 25)։ Թզենին մարտ ամսոյ մէջ կը բողբոջի (ԵՐԳ. Բ 13), եւ զանազան տեսակներէն տարին երեք անգամ պտուղ կ՚առնուի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սիրտիս մէջ կայ երկուութիւն մը, որ անդուլ պայքարի մէջ կը դնէ էութիւնս, առանց վերջնական յաղթանակող մը վճռելու: Ինչքա՛ն հպարտ եմ, որ երակներէս հայու արիւն կը հոսի, սակայն նոյնքան ապերջանիկ կը զգամ այդ իրողութեան դիմաց. յուսահատ ու սրտաբեկ եմ ու յաճախ ես ալ Փոլատեանի նման կ՚ուզեմ բարձրաձայնել. կը հրաժարի՛մ հայութենէս...:
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան նոր պաշտօնի մը կոչուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս։ Այսպէս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ իր պարագային կատարուած նշանակումը ուժի մէջ է անցեալ յուլիսի 1-էն ի վեր։
Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանի ամիպոնէն մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հաքան Ֆիտանի հետ տեսակցութեան շուրջ:
Երեւան նպատակայարմար չի նկատեր «3+3» հարթակը՝ Պաքուի հետ բանակցութիւններու համար. արդէն այդպէս առաջարկ մըն ալ չկայ:
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան-Վլատիմիր Փութին հանդիպում. Ռուսաստան կը խրախուսէ Թուրքիոյ BRICS-ի անդամակցութիւնը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Քազանի մէջ քննարկումներ ծաւալեց Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց Անգարայի մէջ պատահած դէպքին։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը որեւէ արդարացում չունի։
Երէկ, Անգարայի մէջ պատահեցաւ սարսափելի դէպք մը, որ ցնցեց ամբողջ Թուրքիան։ Այսպէս, ահաբեկչական յարձակում մը գործուեցաւ Թուրքիոյ օդագնացութեան եւ անջրպետի արդիւնաբերութեան ընկերութեան (TUSAŞ) վրայ։ Դժբախտաբար դէպքը խլեց 5 նահատակ, կայ նաեւ 22 վիրաւոր։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Միջազգային քրէական ատեանի (ICC) նախկին նախագահ Սիլվիա Ալեխանտրա Ֆերնանտէզ տէ Կուրմենտին։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ բացառիկ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած հանդէսով։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ այս ձեռնարկին առթիւ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սրնգահար Թամար Էքսէնեանը, որ Զուիցերիոյ Պազէլ քաղաքին մէջ կ՚ապրի, որ այս օրերուն համերգի մը առթիւ կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Այցելութեան ընթացքին Թամար Էքսէնեանին ընկերացան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Գաւաֆեան եւ մշակութային գործիչ Պեսսէ Քապաք։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յիսուն տարի առաջ Ֆրանսայի մէջ մահացաւ հայ նշանաւոր գրող Շահան Շահնուր (Շահնուր Քէրէսթեճեան, ծնած՝ 1903-ին, Սկիւտար):
Ինչպէս ծանօթ է՝ գրողը իր կեանքի վերջին տարիները անցուցած է Սէն-Ռաֆայէլի ծերանոցին մէջ՝ համեստ պայմաններու ներքոյ եւ հրաժարած է նիւթական օգնութիւններէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աղօթքը չէք գիտեր ինչու, շատերու համար տկարութեան եւ թուլութեան նշան է, այն ինչ, ճիշդ կերպով կատարուած աղօթքը զօրութեան աղբիւր է, չըսելու համար զօրութիւնն իսկ է:
Քրիստոնէական տարբեր երկիրներ տարբեր ժամանակներու տարբեր մօտեցում ունեցած են դպրոցներէ ներս աղօթելու կամ չաղօթելու երեւոյթին:
Ռուսաստանի Քազան քաղաքին մէջ, Փութինի տանտիրութեամբ կ՚ընթանայ BRICS-ի 16-րդ գագաթաժողովը:
Չինաստան այս կազմակերպութիւնը կը նկատէ՝ բազմաբեւեռ համաշխարհային համակարգի ձեւաւորման գործօն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ամէն առաւօտ
արեւը կը բարձրանայ լեռներու գագաթներէն
կը քալէ աշխարհի քաղաքակրթութեան փոշիներուն մէջէն
կը դիտէ մարդոց ողբերգութիւններն ու գռեհկութիւնները
կը տեսնէ անոնց տառապանքէն ծնած արցունքները