ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՄՇՏԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԿԸ ՀՆՉԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի սահմաններուն եւ առաջնագծին վրայ առկայ իրավիճակին։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ռումանիոյ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Եուլիան Ֆոթայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստանի հրատապ օրակարգին՝ մանրամասնութիւններ տեղեկացնելով Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն մասին, որոնց հետեւանքով կան զոհեր, վիրաւորներ եւ աւերուածութիւններ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց եթովպացի երկու հոգեւորականներ՝ Հայր Միքայէլ Վարդապետն ու Հայր Կեպրէ Էկէզապհեր Վարդապետը, որոնք կը ծառայեն քաղաքիս մէջ։ Հիւրերուն ընկերացան երկու սարկաւագներ եւ իրենց թարգմանիչը։
Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն արձագանգեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ծագած դէպքերուն։ Նորին Սրբութեան պատգամին մէջ նշուած է հետեւեալը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Խաչվերացի տօնի արարողութիւններուն եւ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Սկիւտարի բարձունքին հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Խաչվերացի տաղաւարին առթիւ երէկ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ռեհաններով զարդարուած Կենաց Փայտի մասունքները վերաբերուեցան եւ այս տարի եւս, ըստ աւանդութեան, մասունքակիր խաչով թափօր կազմուեցաւ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ