ՀԻՄՆԱՐԿԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Վարչական շէնքը պիտի մէկտեղէ զանազան կառոյցներ՝ նպաստելով աւելի արդիւնաւէտ գործունէութեան կազմակերպման:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նոր ծրագիր մը կեանքի կը կոչուի ազգային բարերար Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամոլի ազնիւ նուիրատուութեամբ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ռումանիոյ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Եուլիան Ֆոթայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստանի հրատապ օրակարգին՝ մանրամասնութիւններ տեղեկացնելով Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն մասին, որոնց հետեւանքով կան զոհեր, վիրաւորներ եւ աւերուածութիւններ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց եթովպացի երկու հոգեւորականներ՝ Հայր Միքայէլ Վարդապետն ու Հայր Կեպրէ Էկէզապհեր Վարդապետը, որոնք կը ծառայեն քաղաքիս մէջ։ Հիւրերուն ընկերացան երկու սարկաւագներ եւ իրենց թարգմանիչը։
Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն արձագանգեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ծագած դէպքերուն։ Նորին Սրբութեան պատգամին մէջ նշուած է հետեւեալը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Խաչվերացի տօնի արարողութիւններուն եւ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Սկիւտարի բարձունքին հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Խաչվերացի տաղաւարին առթիւ երէկ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ռեհաններով զարդարուած Կենաց Փայտի մասունքները վերաբերուեցան եւ այս տարի եւս, ըստ աւանդութեան, մասունքակիր խաչով թափօր կազմուեցաւ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Գերմանիոյ Քառլսռուէ քաղաքին մէջ երէկ եզրափակուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ համաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ։