ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւորականաց դասը շաբաթավերջին համալրուեցաւ երեք նոր կուսակրօնով։ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախագահեց Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ նորընծաներու ձեռնադրութիւնը։
Գահիրէի մէջ կազմակերպուած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովի եզրափակիչ փուլին ընդունուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանի առկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու համագործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու անհրաժեշտութեան։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ), նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, անդրադառնալով 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն յետոյ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն, աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, կ՚արձանագրէ՝
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն առընչութեամբ:
Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան մատնանշեց Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վաւերացուց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի նոր առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի ընտրութիւնը։
Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի տասներկրորդ համագումարը կ՚ընթանայ Գահիրէի մէջ:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։
Եգիպտոսի մայրաքաղաքը՝ Գահիրէի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Համաժողովի տանտէրն է Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Թաուատրոս Պատրիարքը, որու հրաւէրին ընդառաջ Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնած է Գահիրէ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով գրասենեակի Աւստրիոյ կոմիտէն Վիեննայի Պատմական արուեստներու թանգարանին մէջ կազմակերպեց միջազգային գիտաժողով-քննարկում մը։