ԵՒՐՈԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ՝ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուելով Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պարնաուլի եւ Ալթայի Սերկիյ Իվաննիքով մետրապոլիտին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Պարնաուլի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Յակոբեան։
Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Գուրգէն Մելիքեանի եւ Արտեոմ Գրիգորեանի ծառայութիւնները:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Ս. Գայիանեաց կոյսերու յիշատակը։ Օրուան տօնին առթիւ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան այս ուրբաթ պիտի վերադառնայ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին ամիսներուն ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած էր՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս վարդապետական թեզը պաշտպանելու համար։
Պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն եւ համայնքային շրջանակներուն տեսակէտէ ողջունելի իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստացաւ վարդապետական գաւազան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ֆրանսայէն՝ Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ հայկական դպրոցի շուրջ 40 սաները։ Աշակերտական խումբը գլխաւորեց տնօրէնուհի Նորա Թաշճեան։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ