ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ
Գերմանիոյ Քառլսռուէ քաղաքին մէջ այսօր կը սկսի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ գագաթաժողովը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ սեպտեմբերի 8-ը։ Այս անգամուան համագումարը կազմակերպուած է՝ «Քրիստոսի սէրը կ՚առաջնորդէ աշխարհը» նշանաբանով։
Վերամուտի սեմին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կրթական մշակներու օրհնութեան աւանդական կարգը:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին շաբաթավերջին հիւրընկալեց Հայաստանէն ուխտաւորներու խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Հարիճավանքէն Տ. Եղիշէ Քհնյ. Նազարեանի։ Այս վերջինը պատարագեց կղզիի բարձունքին՝ հանդիսապետութեամբ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Հայաստանէն ուխտաւորներու խումբ մը՝ առաջնորդութեամբ Հարիճավանքէն Տ. Եղիշէ Քահանայի։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աստուածաշնչային ընկերութեան նախագահ Ամին Խուրին եւ Պէյրութի «Սուրբ Յովսէփ» համալսարանի վերատեսուչ Հայր Սելիմ Տաքաշը։
Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ կը շարունակէ մշտական քննարկման նիւթ մնալ երկրի այժմու ղեկավարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու առկայ ընթացքը։ Այսօր «Հրապարակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած է գրութիւն մը, որով հերթական անգամ անդրադարձ կը կատարուի այս խնդրին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ հոգեհանգստեան կարգ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, երէկ եւս աշխարհացրիւ հայ քրիստոնեաներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ, ուր տաղաւարի արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։