Եկեղեցական

ԱՆՍԱԿԱՐԿ, ԼԻԱՐԺԷՔ ԵՒ ՍՐՏԱԲՈՒԽ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ցայսօր շուրջ 600 հազար ամերիկեան տոլար արժողութեամբ միջոցներ յատկացուցած է՝ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտէն ներս:
Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը՝ ընկերային, առողջապահութեան եւ կրթական ծրագրերու շուրջ:

ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անխափան զօրակցութեան ծրագրեր կեանքի կը կոչէ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, համաճարակի հետեւանքներու յաղթահարման եւ կարիքաւորներու օգնութիւն փութացնելու առաջադրութեամբ բազմակողմանի աշխատանք մը յառաջ կը տարուի։

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի իշխանութիւններու միջեւ ծագած ցաւալի բանավէճի արձագանգները կը շարունակուին՝ ստեղծուած արդար մտահոգութիւններով հանդերձ։ Սփիւռքեան մամուլն ալ կ՚անդրադառնայ այս հարցին՝ զանազան խորհրդածութիւններով։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՅՈՐԴՈՐՆ Է՝ ԶԵՐԾ ՄՆԱԼ ՀԱԿԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԵՒ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄՆԵՐԷ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ ծագած լարուածութեան արձագանգները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել հայաշխարհի օրակարգը։ Առկայ բանավէճի մթնոլորտին նախընթաց օր, դժբախտաբար, ուղղակիօրէն մասնակից դարձաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԴԷՄ ՍԱՆՁԱԶԵՐԾՈՒԱԾ ԱՐՇԱՒԸ ՏԵՂԻ ԿՈՒ ՏԱՅ ՍՓԻՒՌՔԻ ԲՈՂՈՔԻՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ ծագած բանավէճի արձագանգները կը շարունակուին։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ համայն մարդկութիւնը, ներառեալ հայաշխարհը կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէր մը եւ այս իրավիճակին մէջ ցաւ կը յառաջացնէ ստեղծուած կացութիւնը։ Թէեւ ներկայիս օրակարգը ունի բոլորովին տարբեր առաջնահերթութիւններ, սակայն հայ իրականութեան մէջ ուշադրութենէ չի սպրդիր Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դէմ սանձազերծուած տխուր արշաւը։

ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻՆ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԸՐԱՒ՝ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱԳՐԱՒՄԱՆ ՆՊԱՍՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անխափան ջանքեր կը գործադրէ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ իր նպաստը բերելու համար Հայաստանի ժողովուրդի կարիքներու դիմագրաւման համար։

ՍՔԱՆՉԵԼԱԽՈՐՀՈՒՐԴ ՏՕՆ

Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առթիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը աշխարհացրիւ իր հօտին օրհնութիւն բաշխեց՝ Տիրոջ կենաց փայտի մասունքի խաչով:
Երեւանի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին հնչած աւետիսը արձագանգեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներու սրտին մէջ:

ՏԻԵԶԵՐԱՆՈՐՈԳ ԱՐՇԱԼՈՅՍ

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,
Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութիւնը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ երանաշնորհ հայրերը սքանչելի օրհնութեամբ փառաբանած են գեղեցկահիւս աղօթքներու ու շարականներու մէջ՝ բերելով մեր ժողովուրդին կեանքի անսպառ յոյսի եւ փրկութեան աւետիսը. «Դու ես, Քրիստոս, մարդկային ազգի կեանքն ու յարութիւնը»։

Էջեր