Եկեղեցական

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՀԻՒՐ

Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ ընդունեց Պէյրութի մօտ Փաքիստանի դեսպան Սլման Ատհարին եւ ընկերակիցները:
Կիլիկեան Աթոռի գահակալը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի հարցերուն եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն:

ՆՈՐԱՕԾ ԵՐԿՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐԸ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀԱՄԱԿՐԱՆՔԻՆ ԱՌԱՐԿԱՅ

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասու երկու նորաօծ հայրերով լրամշակումը այս օրերուն ուրախութեան առիթ դարձած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Պատրիարքական Աթոռի ջանքերով հասած ու պատրաստուած նորաօծ հոգեւոր հայրերը յառաջիկայ շրջանին արդէն ծառայութեան պիտի կոչուին մեր եկեղեցւոյ մէջ։

ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՄՇԱԿ

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ձեռնադրութիւն կատարեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:
Տ. Գասպար Աբեղայի եւ Տ. Մելքոն Քահանայի ապաշխարութեան շրջանը սկսաւ՝ հաւատացեալներու ջերմ վերաբերմունքով:

ԼԻԷԺԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑԱՌԻԿ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ԱՊՐԵՑԱՒ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, որ արտասահմանի մէջ կը կատարելագործէ բարձրագոյն ուսումը, երէկ, Վարդավառի առթիւ պատարագեց Պելժիոյ Լիէժ քաղաքին մէջ, ուր տեղւոյն ծուխը յանձնուած է անոր հոգեւոր խնամքին։

ՊԵՏՐՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՓԱՓԱՔԸ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Աստուած, Դրախտը իր գեղեցկութիւններով տրամադրած էր մեր նախածնողքին, որպէսզի վայելեն։ Սակայն մեղքը, որ անսաստութիւնն է Աստուծոյ կամքին դէմ, երբ սողոսկեցաւ իրենց կեանքէն ներս, զրկուեցան այդ վայելքէն, ըլլալով արտաքսեալներ։

ՎԱՌ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Հայ եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման՝ (ՀԵՀԵՄ) վերջերս տեղի ունեցած համահայկական ուխտագնացութեան մասնակից պոլսահայ երիտասարդները։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ՄԻՆՉԵՒ 29 ՅՈՒԼԻՍ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը շարունակէ իր հայրապետական ուղեւորութիւնը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Վեհափառ Հայրապետի կեցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ յուլիսի 29-ը։

ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՄԻՆԱՍ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՃԻՀԱՆԿԻՒԼԵԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉՒՈՒՄԸ

Մեր քահանայից դասու բարեյիշատակ անդամներէն վախճանեալ Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան երէկ ոգեկոչուեցաւ իր վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ։ Առաւօտուն, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ հոգելոյս տէր հայրը ոգեկոչուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի։

Էջեր