ՏԻՐԱՑՈՒՆԵՐՈՒՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մէկտեղուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սաներէն տիրացու Արտա Սարկաւագ Փընարճեանի եւ տիրացու Գրիգոր Սարկաւագ Կարապետեանի հետ, որոնք այս շաբաթավերջին ձեռնադրուելով պիտի համալրեն մեր հոգեւորականաց դասու շարքերը։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ սա հայրապետական մասնաւոր այցելութիւն մըն է։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան շաբաթավերջին երթեւեկի արկած մը անցուցած է։ Շաբաթ առաւօտեան ժամերուն դէպքը տեղի ունեցած է, երբ թեմակալ առաջնորդը կ՚երթեւեկէր՝ «Ս. Վարդան» ամառնային ճամբարը այցելութիւն մը տալու։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, որ ուղեւորութեան ձեռնարկած է դէպի Մերձաւոր Արեւելք, Իսրայէլի շփումներու ծիրէն ներս երէկ Բեթհեղէմի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի հետ։ Սուրբ Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է Բեթհեղէմի Ս. Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցւոյ մէջ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Սերպիոյ նորանշանակ դեսպան Թաթիանա Փանաիոթովիչ Ցվետքովիչը։ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին դեսպանը շնորհաւորեց նշանակման առթիւ եւ կարեւորեց Հայաստան-Սերպիա յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան ընդլայնումը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ուղղափառ եկեղեցիներու միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քոնստանդին Թրայանտաֆիլուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Կարէն Նազարեան։
Վեհափառ Հայրապետի հովանաւորութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շքեղ հանդիսութիւն:
«ՀԵՀԵՄ-ը Հայաստան-սփիւռք կամուրջ» նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ: Մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական Աթոռի ներկայացուցիչները:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ խումբ մը երիտասարդ ուխտաւորներ։