ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՍԿՈՅՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ցաւով արձագանգեց «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պատահած պայթումին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցականին մէջ նշած է հետեւեալը.
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Անդրանիկ հովուապետական այցելութիւն՝ Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցի, Հրաշափառի արարողութիւն:
Քենթըրպըրի քաղաքի Քենթ համալսարանէն ներս, Անգլիա, վերջերս տեղի ունեցաւ Անկլիքան եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու 15-րդ միջազգային համաժողովը։ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուէլպիի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ համաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյննները փոխանցեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին։
Պատրիարքական Աթոռը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ ահազանգային յայտարարութիւնով մը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքենտէր Շահինկէօզի միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցած հանդիպման լոյսին տակ հրապարակուած է այս պաշտօնական յայտարարութիւնը, որ թարգման կը հանդիսանայ Պատրիարքարանի վերաբերմունքին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ պատգամ մը ուղարկեց Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբ մը։
Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական ուսանողներու միութեան, կարեւոր նախաձեռնութիւնը, Լիբանան :
Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց սփիւռքի հանրային կեանքի աշխուժացման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները:
Հայաստանէն՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան այս օրերուն կը հիւրընկալուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ։ Ըստ էութեան, Անթիլիասի եւ Պիքֆայայի մէջ ան կ՚անցընէ իր կեցութեան շրջանը։