ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՆԱԼԸԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութեան, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։
Նորին Սրբութիւնը երիտասարդ եկեղեցականներուն նուիրեց ձեռաց խաչեր եւ մասնատուփեր:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրաքի նորանշանակ հաւատարմատար Ալի Ապտիւլքերիմ Ութաւին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորած Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան (ՀԵԸ) «Անդրանիկ» սկաուտական բանակումի մասնակիցներու բազմանդամ խումբը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ ընդունեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Եկեղեցասէր երիտասարդաց միութիւններու աւագ խումբի անդամները, որոնց կ՚ուղեկցէր Ֆիլատելֆիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յակոբ Քհնյ. Գէորգեան։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ջերմօրէն հիւրընկալեց Պոլսոյ Աթոռի պատրիարքական փոխանորդը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն եկեղեցականներ, որոնք երկշաբաթեայ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակցեցան մայրավանքի համալիրէն ներս։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիրները ուշադրութեամբ կը հետեւին Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու կացութեան։ Այսպէս, շաբաթավերջին, ԱՄՆ-ի ծերակոյտէն Քրիս վան Հոլըն տեսակցեցաւ Երուսաղէմի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին կողմէ կազմակերպուած շաբաթօրեայ դպրոցները ստացած են՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատկան իշխանութիւններուն կողմէ պետական արտօնագիր։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը։