ՆՈՐ ԼՈՅՍԻ ՅՈՅՍՈՎ…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը յաւերժութեան ճանապարհին պատմութեան մէջ առաջին անգամ այս ծաւալով հիմնանորոգուած է՝ իր գոյութեան 1720-ամեակի սեմին:
Համայն հայութիւնը անհամբերութեամբ կը սպասէ՝ իր ամբողջական վերանորոգութեան ենթարկուած սրբութիւն սրբոցի վերաօծման արարողութեան, որ կը նախատեսուի շաբաթավերջի միւռոնօրհնութեան զուգահեռ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի նորանշանակ առաջնորդ Տ. Գէորգ Արքեպիսկոպոս Նորատունկեանը, որու ձեռնադրութիւնը վերջին օրերուն տեղի ունեցած էր Վատիկանի մէջ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, անցեալ կիրակի՝ Բարեկենդան Վարագայ Ս. Խաչի, պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, որ Յունաստանի Կրետէ կղզիի Ս. Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ տեսուչն է։ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբազնութեան առընթերակայ էր Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը պատրաստուի այցելել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին նախատեսուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններուն մասնակցութիւն պիտի բերէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ մօտալուտ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններու կազմակերպչական աշխատանքներուն ներգրաւուած կամաւոր երիտասարդները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի սպասաւորներէն տիրացուի Կարէն Սրկ. Համամճեանն ու իր հայրը՝ Համօ Համամճեանը։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգի նախաձեռնութեամբ մամլոյ ասուլիս՝ մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանէն ներս: