ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «SOS ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ»ՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «SOS Արեւելքի քրիստոնեաներ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ի նպաստ այս կազմակերպութեան կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը։