Սուրեշին «Ելքի Ճամբան»…
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Սուրեշը կու գայ Հնդկաստանէն: Ան քսաներկու տարեկան երիտասարդ մըն է: Հազիւ կրցած է յաճախել դպրոց, ստանալ քիչ մը ուսում եւ սորվիլ իր մայրենի լեզուն՝ գրել եւ կարդալ: Սուրեշը, բոլորին նման, ինքն ալ ունի կեանքի մէջ բաղձալի եւ իրագործելի երազներ…